Զսպուած ցաւից շրթներս` խոց…
Աւետիք Իսահակեան
Լիբանան ապրածս չորս տարիները նոր ու հետաքրքրական շրջան մը եղան ինծի եւ ամուսնոյս՝ Էտուարտ Ա. Գրգորեանին համար։
Պէյրութ հասանք 2011-ի տաք ու խոնաւ Օգոստոսին եւ առաջին իսկ օրերուն բարեբաստիկ առիթը ունեցանք հանդիպելու Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեան ամոլին։ Իւրօրինակ ընկերութեան մը հիմքը դրուեցաւ մեր միջեւ, որ իմ ու Էտուարտին Հայաստան վերադարձէն ետք չկորսնցուց իր կենսունակութիւնը։ Չկորսնցուց նաեւ Էտուարտին վաղաժամ մահով եւ չորսի փոխարէն մեր ընկերութիւնը շարունակեցինք երեքով։
Մեզ բաժնող աշխարհագրական հեռաւորութիւնը յաճախ կը կրճատէինք հեռաձայնային կապով, իսկ երբ Վերժինն ու Կարօն Երեւան գային, անպայման առիթներ կը ստեծէինք իրարու քով գալու եւ բաժնեկցելու մեր գրական ու մշակութային հետաքրքրութիւնները…
Վերժինին վատառողջ ըլլալուն մասին ամուսինէն՝ Կարոյէն իմացած էի, բայց հակառակ չարաբաստիկ հիւանդութեան մասին ունեցածս տեղեկութեան, յոյս ունէի, որ կեսարացիի իր արմատները կ’օգնեն արգելակել բջիջներու չկանոնակարգուած այդ բազմացումը ու… Ու ոտքի կը կանգնի կրկին։
Սակայն այդպէս չեղաւ… Գոյժը հասաւ Երեւան…
Սիրելի Վերժի՜ն, ամբողջ գերդաստան մը ձգեցիր սուգի մէջ, քեզ սիրող ու յարգող ընկեր-բարեկամներու ամբողջ հոյլ մը, Կարօդ, մայրիկդ, եղբայրդ եւ միւս հարազատներդ… Հապա «Փթի՞թ»-դ…
Քու մեկնումովդ մենք կորսնցուցինք գիտակից, զուսպ ու համեստ անհատականութիւն մը, որ իր հետքը ձգեց Սփիւռքի կրթական ու մշակութային կեանքին մէջ։ Ինչպիսի՜ նուիրումով ու անանձնական սիրով աշխատեցար «Փթիթ»-ի իւրաքանչիւր թիւը լոյսին բերելու համար։ Մանկական այդ պարբերականը քանի՜-քանի տուն կը մտնէ եւ քանի՜-քանի մանուկներ պիտի փնտռեն անոր ընտրուած, պատկերազարդ հեքիաթները, գիտական, պատմական, լեզուական խաղերը… Կեանքիդ կարեւոր գործունէութիւնը չընկրկող նուիրումդ եղաւ արեւմտահայերէնով խօսող մանուկներուն հասցնել օդի ու ջուրի պէս անհրաժեշտ պարբերականը։
Յաճախ կը լսենք «Անփոխարինելի մարդ չկայ» արտայայտութիւնը, բայց բոլորս գիտենք, որ իրականութեան մէջ միշտ չէ, որ այդպէս է։
Իրականութեան մէջ կան մարդիկ, որոնց մեկնումով կիսատ կը մնայ նաեւ անոնց սկսած գործը, այդպիսով ժխտելով վերը յիշատակուած ասոյթը։
Դուն տնտեսագէտի մասնագիտութիւնդ անգամ, որ ստացած էիր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ծառայեցուցիր մանկավարժական ասպարէզիդ եւ տարիներով նպաստեցիր, որ հայ դպրոցականը պատշաճ գիտելիքներով ներկայանայ պետական քննութիւններուն։
Բայց միեւնոյնն է, վեջին տասնհինգ տարիներուն կեդրոնացումդ եւ ուժերդ նուիրեցիր ՓԹԻԹ-ին, եւ ստեղծածդ, սիրելի Վերժին, այսօր դարձաւ մեր համայնքային մշակութային ժառանգութեան անբաժան մասնիկը։
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան շնորհիւ կեանքի կոչուած «Փթիթ»-իդ կայքէն դեռ երկար պիտի շարունակեն օգտուիլ Սփիւռքի բազմաճիւղ քարտէսի տարբեր կէտերուն վրայ հայերէնով մեծցող մեր մանուկները։
Լիբանանի Մամլոյ սենտիքային եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան անդամ, մարդկային կերտուածքդ եւ հոգեւոր լոյսդ արտացոլուած էին ոչ միայն պարբերականիդ, այլեւ կենցաղային եւ հասարակական գործունէութեանդ մէջ։ Այսուհետեւ ո՞վ պիտի ըլլայ Կարոյին բանասիրական եւ մատենագիտական գործերուն առաջին ընթերցողը…
Խորունկ ու չամոքող վիշտի մատնեցիր կեանքի ընկերդ, հարազատներդ եւ բոլոր քեզ ճանչցողները…
Ճամբադ արգասաբեր եղաւ, իսկ յիշատակդ, սիրելի Վերժին, չկասկածիս՝ վառ կը մնայ։
ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Երեւան