Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ

March 25, 2025
in Լիբանանեան
0

 

Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 4-25 Մայիսի միջեւ ճշդուած թուականներուն, իսկ հարաւի կործանուած գիւղերուն պարագային, նախարարութիւնը պիտի դիմէ արտակարգ քայլերու՝ յաջողցնելով այդ ընտրութիւնը: Նշենք, որ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտութիւնները կը սկսին Լեռնալիբանանէն՝ 4 Մայիսին, ապա Աքքարի եւ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ՝ 11 Մայիսին, Պէյրութի, Պեքաայի, Պաալպաքի եւ Հերմէլի մէջ՝ 18 Մայիսին, իսկ հարաւի եւ Նապաթիէի մէջ՝ 25 Մայիսին: Իսկ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն քուէարկութեան մասնակցելու պաշտօնական կոչ պիտի ուղղուի իւրաքանչիւր թուականէն առնուազն ամիս մը առաջ:

Միաժամանակ, Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս սկսան խորհրդարանական ընտրութեան օրէնքին վերաբերող քաղաքական եւ օրինական քննարկումները: Ամալ շարժումի երեսփոխաններէն Ալի Հասան Խալիլ մաղթեց, որ հիմնուի ընտրական անկախ խորհուրդ մը՝ տնօրինելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները: «Ներկայացուցինք ընտրական հոլովոյթը զարգացնելու եւ այդ հարցով Թայէֆի համաձայնագիրը գործադրելու առաջարկ մը», ըսաւ Ալի Հասան Խալիլ: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, թէ որոշուած է առկախել ընտրական օրէնքի առաջարկներու ներկայացումը՝ առիթ տալով նախ առաջարկները քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնաժողովի մը կազմութեան: Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժմայէլ իր կարգին քննադատեց Լիբանանը մէկ ընտրատեղամաս համարող ընտրական օրէնքի առաջարկը, շեշտելով որ այդ կը խախտէ Թայէֆի համաձայնութեան յօդուածները եւ արդար ներկայացուցչութեան իրաւունքը: Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք առաջարկած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն որդեգրել յոյն ուղղափառ յարանուանութեան կողմէ մշակուած ընտրական օրէնքը՝ որոշ բարեփոխումներով:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԱԼԱՄ՝ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ՝ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Next Post
ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ՝ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ՝ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.