Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐԺԷՔԸ»

March 25, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐԺԷՔԸ»

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հաւաստիացուց, որ զարթօնքն ու Լիբանանի վերականգնումը անկարելի չէ, եթէ քաղաքական ուժերը խուսափին յարանուանական եւ հատուածական նեղ շահերէ, փոխարէնը գերադասելով Լիբանանի գերագոյն շահը: «Բազմազանութիւնը Լիբանանի հարստութիւնն է, իսկ տարակարծութիւնները պէտք է միշտ պահել համագոյակցութեան սամանին մէջ», ըսաւ Աուն, Պաապտայի պալատին մէջ ընդունելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ, երեսփոխան Թէյմուր Ճոմպլաթն ու նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթը: Աուն շեշտեց միասնականութեան եւ համախոհութեան կարեւորութիւնը՝ յանուն լիբանանեան հանրային շահին եւ ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին, մանաւանդ նկատի առնելով տարածաշրջանային վտանգաւոր իրավիճակը: Աուն իր այցելուներուն հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց միշտ պետական գերագոյն շահերը առաջնահերթ համարելու կարեւորութիւնը: Իսկ ՌԱԿ-էն պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն, նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը, հայերը համարելով լիբանանեան հաւաքականութեան արժէքը բարձրացնող խմբաւորում մը: «Հայերը Լիբանան ժամանումով յաւելեալ ուժ շնորհեցին երկրին, մաս կազմեցին տնտեսութեան կառուցումին, պաշտպանեցին երկիրը եւ միշտ կանգնեցան անոր կողքին», ըսաւ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը այլ գիծի վրայ շեշտեց սննդամթերքի անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, զգուշացնելով լիբանանցիներուն առողջութիւնը վտանգելու հետեւանքներէն: Ան պահանջեց նաեւ պատժել բոլոր անոնք, որոնք կը խախտեն սննդանիւթի ոլորտը տնօրինող օրէնքները:

Share63Tweet39
Previous Post

ՄԱՀԱԶԴ

Next Post

ՍԱԼԱՄ՝ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post
ՍԱԼԱՄ՝ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

ՍԱԼԱՄ՝ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.