Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԽ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ, ԱՊԱ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

March 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱԽ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ, ԱՊԱ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

 

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Պաապտայի պալատին մէջ տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ, քննարկելու բարեկարգումներու դիմաց Լիբանանին ելեւմտական աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագրերը: Պատուիրակութիւնը նախագահին առաջարկեց Լիբանանի մէջ մշակել ելեւմտական բարեկարգումներու մէկ ու ամբողջական ծրագիր մը: Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր յայտնեց, որ դրամատնային աւանդները ջնջելու մասին խօսակցութիւն չկայ, այլ կը քննարկուին աւանդները վերադարձնելու միջոցները: «Կառավարութիւնը յանձնառու է անհրաժեշտ բարեկարգումներու որդեգրումին, ոչ թէ արտաքին ճնշումի հետեւանքով, այլ որովհետեւ երկիրը կարիք ունի նման փոփոխութեան», վստահեցուց Ժապէր: Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին զարգացումները եւ կառավարութեան գործունէութիւնը արծարծած էր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ առանձնազրոյցին ընթացքին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՌԵԺԺԻԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ

Next Post

ԹՈՒՆՈՒԶԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԴԵՍՊԱՆ

Next Post
ԹՈՒՆՈՒԶԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԴԵՍՊԱՆ

ԹՈՒՆՈՒԶԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԴԵՍՊԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.