Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ

March 11, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ

 

 

Փոխվարչապետ Թարէք Միթրի յստակացուց, որ Լիբանան տակաւին պատրաստ չէ խաղաղութիւն կնքելու Իսրայէլի հետ: Հեռուստային հարցազրոյցի մը մէջ, Միթրի Իսրայէլը ամբաստանեց լիբանանեան հողեր բռնագրաւելով կառավարութիւնը բանակցային հոլովոյթի մղելու մէջ, սակայն յստակացուց, որ ցարդ այս առումով ճնշում չկայ Լիբանանի ուղղութեամբ, այլ միայն անուղղակի փորձեր եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական անուղղակի շարժումներ: «Իսրայէլեան կողմէն կայ 1701 բանաձեւի բացայայտ խախտում՝ սահմանամերձ շրջանին մէջ ապահովական մտավախութիւններու պատճառաբանութեամբ», ըսաւ փոխվարչապետը եւ հաւաստիացուց, որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ իր պարտականութիւնները հարաւային շրջաններուն մէջ:

Ապահովական առումով, լիբանանեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ նախանցեալ օրը կապը կտրուած էր հարաւային Քֆարքիլա շրջանէն զինուորի մը հետ, իսկ երէկ ի յայտ եկած է, որ իսրայէլացիները սահմանին մօտ կրակ բացած են լիբանանցի զինուորին վրայ, մինչ ան սահմանային Քֆարշուպայի մօտ էր քաղաքացիական զգեստով: Ըստ բանակի հաղորդագրութեան, իսրայէլացիները կրակ բացած են զինուորին վրայ, զայն վիրաւորած եւ այդ վիճակի մէջ առեւանգելով իրենց հետ տարած: Առողջապահութեան նախարարութիւնը մինչ այդ յայտարարեց, թէ զինուոր մը զոհուած է եւ երկու մարդ վիրաւորուած՝ Քֆարքիլայի մէջ տեղի ունեցած ոտնձգութիւններուն պատճառով:

Share62Tweet39
Previous Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

  ԼԻԲԱՆԱՆ ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ

Next Post

  ԼԻԲԱՆԱՆ ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.