Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ 2024-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է Համախառն ներքին արդիւնքի 5,4 տոկոս իրական աճ: Կառավարութեան նիստին ընթացքին Փաշինեան յիշեցուց, թէ 2021-ի ընտրութիւններուն ընթացքին խոստացած են ապահովել տարեկան միջինը 7 առ հարիւրի տնտեսական աճ: «2021-ին ապահովեցինք 5,8 տոկոս տնտեսական աճ, 2022-ին՝ 12,6, 2023-ին՝ 8,3, հետեւաբար տարեկան միջինը 7 տոկոս տնտեսական աճը ապահովուած է», ըսաւ Փաշինեան: Անոր խօսքով, իշխանափոխութեան նախորդած 2017 թուականին համեմատ, Հայաստանի մէջ 7 տարուան ընթացքին գրանցուած է տնտեսական 43,5 առ հարիւրի աճ՝ տարեկան 6,1 տոկոսի միջինով: