Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2025 երեկոյեան, «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող-խմբագիր, հասարակական գործիչ Սարգիս Անմահունի Նաճարեանի քառասունքի ոգեկոչման երեկոն:
Հանգուցեալի այրիին եւ հարազատներուն կողքին, իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը պատուեցին Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս արհի. Հ. Գրիգոր եպս. Պատիշահ, գերյարգելի Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեան, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ մշակութային դէմքեր:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկընդրութենէն ետք, ներկաները դիտեցին վաստակաշատ խմբագիրին մասին պատմող՝ «Կէս դար մամուլի ծառայութեան մէջ» խորագրով տեսերիզը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիկին Մարալ Հարպոյեան: Այնուհետեւ Հ.Կ.Մ.-ի խօսքը արտասանեց պրն. Արամ Գարատաղլեան:
Դարձեալ տեսերիզի վրայ ներկայացուեցաւ ողբացեալին մասին խօսող՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախկին նախարարուհի տիկին Հրանուշ Յակոբեանի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր նախկին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի վկայութիւնները:
Բեմ բարձրացան ննջեցեալին երկու թոռները: Նախ դաշնամուրի վրայ Սարգիս Նաճարեանը կատարեց Ռոպեր Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր հայրենի» եւ Արամ Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս» երաժշտական կտորները: Ապա, Փաթիլը կարդաց Նաճարեան ընտանիքին խօսքը:
Տիկին Նազելի Էպէյեան-Նալպանտեան հանդէս եկաւ Սարգիս Նաճարեանի գրութիւններէն քաղուած ընթերցումով:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախկին քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանի եւ հրապարակագիր-խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի վկայութիւններու ցուցադրութենէն ետք գեղարուեստական ընդմիջումով մը Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Բարի արագիլ» եւ «Կիլիկիա» երգերը, դաշնամուրի ընկրերակցութեամբ Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի:
Հանդիսավար տիկին Հարպոյեան բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօսը՝ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր-տնօրէն պրն. Նազօ Ճերեճեանը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Սարգիս նաճարեանի հանրային-հասարակական մարդու, քրիստոնեայ-կաթողիկէի եւ հայրենասէր մարդու յատկանիշները:
Երաժշտագէտ Արնօ Պապաճանեանի «Dance» եւ «Vocalise» ստեղծագործութիւնները թաւ ջութակներու վրայ կատարեցին Գէորգ եւ Հրակ Պալեանները:
Ակնդրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեանի եւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանի զոյգ վկայութիւնները:
Քառասունքի ոգեկոչման եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց գերյարգելի Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան, այնուհետեւ գերապայծառ եւ գերյարգելի տէրերը, ինչպէս նաեւ ողբացեալի այրի՝ տիկին Զուարթ Նաճարեանն ու որդին՝ Միհրան Նաճարեանը հանդիսաւորապէս կատարեցին «Սարգիս Նաճարեան (1937 – 2025)» նորատիպ հատորին գինեձօնը: