Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ

March 4, 2025
in Հայաստան
0

 

Անցնող օրերուն համացանցին վրայ տարածուեցան ատրպէյճանական բանտին մէջ արգելափակուած եւ ապօրինի դատավարութեան ենթարկուող հայ գործարար, Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի լուսանկարները, ուր ան զգալիօրէն թոյլ եւ խոշտանգուած էր: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յիշեցուց, որ իրենք բազմիցս ահազանգած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերուն դիմագրաւած ծանր իրավիճակին մասին, մանրամասն ներկայացնելով խոշտանգումներուն վերաբերող ապացոյցները: Ան մարդոց կոչ ուղղեց հասկնալու, որ այս օրերուն բողոքելով կը պաշտպանեն ոչ թէ որոշ անձերու իրաւունքները, այլ՝ համայն հայ ժողովուրդը: Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեան նշեց, թէ ծանր տպաւորութիւն ձգած է ոչ միայն Ռուբէն Վարդանեանի լուսանկարը, այլ բոլոր բանտարկեալներունը: Ան վստահեցուց, որ կառավարութեան կողմէ անհրաժեշտ աշխատանքը տարուած է՝ գերիները տուն վերադարձնելու համար:

Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը Պաքուն ամբաստանած էր բանտարկուած հայերը խոշտանգելու եւ ճնշումի այլ միջոցներ բանեցնելու մէջ: Յայտարարութիւնը Ատրպէյճանէն պահանաջած էր իսկոյն վերջ տալ միջազգային օրէնքները խախտող արարքներուն եւ ազատ արձակել հայ գերիները: Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը պնդեց, թէ կտրականապէս կը ժխտէ հայկական ամբաստանութիւնները, որովհետեւ որեւէ օրէնք չի խախտեր, այլ իրաւունք ունի հետաքննելու եւ պատժելու այսպէս կոչուած ռազմական յանցագործները եւ պատասխանատուները:

 

Share65Tweet41
Previous Post

 ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ՍԱԼԱՄԷ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՍԱԼԱՄԷ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.