Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Փարիզ Լոնտոնի հետ ներկայացուցած է Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնելու առաջարկ մը: Ըստ այդ նախաձեռնութեան, Ուքրանիոյ մէջ անմիջապէս կը յայտարարուի զինադադար՝ օդային եւ ծովային ճակատներուն վրայ: Ըստ Մաքրոնի, այս առաջարկով կարելի է հետեւիլ զինադադարին, մինչ ցամաքային զինադադարը դժուար է վերահսկել՝ հազարաւոր քիլոմեթրեր երկարող տարածքի վրայ: