Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ

February 22, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատ այցելած ամերիկեան գոնկրէսի պատուիրակութենէն պահանջեց, որ Ուաշինկթըն ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ՝ Լիբանանի բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական դուրսբերումը ապահովելու նպատակով: Աուն նաեւ շեշտեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օգնութիւններու հոսքը շարունակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել երկիրը:

Երէկ Պաապտայի պալատ այցելեցին Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան պատուիրակութիւնն ու Միջերկրականի շրջանի յանձնակատար Տուպրավքա Շուիցան: Վերջինս Եւրոմիութեան աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին ու յիշեցուց, թէ անցնող չորս տարիներուն ընթացքին յատկացուած է 1,5 միլիառ եւրօ: Անոր համաձայն, յաւելեալ կէս միլիառ պիտի յատկացուի Լիբանանին՝ որոշ նախապայմաններու հիման վրայ: Նախագահ Աուն, իր կարգին, շեշտեց եւրոպական կողմին հետ համագործակցութիւնը եւ յանձնառութիւն յայտնեց արմատական բարեկարգումներու իրագործումին: Իսկ Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն Աուն զգուշացուց, թէ փտածութիւնը պիտի չդադրի եթէ չըլլայ հաշուետուութիւն, պահանջելով գործադրել բոլոր օրէնքները՝ պայքարելու խախտումներուն դէմ:

Նախագահ Աունն ու առաջին տիկինը երէկ հիւրընկալեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատուիրակութիւնը եւ մինչեւ 17 տարեկան աղջիկներու Լիբանանի հաւաքականը, որ վերջերս Սէուտական Արաբիոյ մէջ տիրացած էր Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան տիտղոսին: Նախագահը նշեց, որ այս իրագործումը վերստին կ’ապացուցէ, թէ Լիբանան կը մնայ յաջողութեան եւ նորարարութեան փարոս մը:

Share63Tweet39
Previous Post

ՎԱՂԸ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Next Post

  ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ԽՆԴԻՐՈՎ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

  ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ԽՆԴԻՐՈՎ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.