Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՍԻՐԱՅԻՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐԷՆ

February 13, 2025
in Այլազան
0
ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՍԻՐԱՅԻՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐԷՆ

 

  1. Ուր սէր, այնտեղ ալ կեանք: (Մահաթմա Կանտի)

Սէրն ու կեանքը անքակտելիօրէն միահիւսուած են: Սէրը նոր իմաստ կը հաղորդէ կեանքին: Առանց սիրոյ կեանքը աննպատակ ու միապաղաղ է: Ճիշդ այդ պատճառով ալ կարեւոր է իւրաքանչիւր նոր օրը լեցնել սիրով:

  1. Ծաղիկը չի կրնար ծաղկիլ առանց արեւի, իսկ մարդ չի կրնար ապրիլ առանց սիրոյ: (Մաքս Միւլլեր)

Սէրը մարդոց համար նոյնքան կարեւոր է, որքան արեւը ծաղիկի համար: Այն կը նպաստէ մեր հոգեւոր աճին ու զարգացման: Սէրէ զրկուած մարդը չի կրնար առաւելագոյնս դրսեւորել իր ներուժը: Կան բազում օրինակներ, երբ մարդ չի կրնար հասնիլ այն ամէնուն՝ ինչին ընդունակ է, սոսկ այն պատճառով, որ զրկուած է սէրէ: Անձի այսօրինակ ձախողումը ողբերգական է, սակայն այս օրինակները ցոյց կու տան, որ մենք չենք կրնար գոյատեւել առանց սիրոյ:

  1. Իսկական սիրոյ պատմութիւնները երբեք աւարտ չեն ունենար: (Ռիչըրտ Պախ)

Իսկական սէրը երբեք չի մարիր: Այն չի կրնար երջանիկ աւարտ կամ տխուր աւարտ ունենալ. այն առհասարակ աւարտ չունի: Այն կը դիմակայէ բոլոր փորձութիւնները: Մենք ոչ միայն մարմնով, այլեւ ամբողջ հոգիով կը սիրենք: Ահա թէ ինչու ֆիզիքական կեանքի աւարտը չ’ազդարարեր սիրոյ աւարտը: Սիրոյ մասին շատ են կը գրեն հեքիաթներում մէջ, սակայն այն իրական է: Այն կը թակէ բոլորին դուռը, պարզապէս պէտք է լսել այդ թակոցը ու ժամանակին բանալ Ձեր սրտի դուռը:

 

  1. Սէրը այնպիսի հոգեվիճակ կը բերէ, երբ մէկ այլ մարդու երջանկութիւնը առանցքային է քու սեփական երջանկութեանդ համար: (Ռոպըրթ Հայնլայն)

Մենք բոլորս կը փափաքինք երջանիկ ըլլալ եւ մեր անձնական երջանկութիւնը շատ կարեւոր է մեզմէ իւրաքանչիւրի համար: Երբ կը գիտակցիս, որ դիմացինիդ աւելի շատ երջանկութիւն կը ցանկաս, քան դուն քեզի, կը բացայայտես, որ անկեղծօրէն կը սիրես զինք: Շատերը կ’ըսեն, որ սա դէմ է ինքնապաշտպանական բնազդին, սակայն իրականութեան մէջ սա է սիրոյ հիմնաքարը: Այսպիսի անձնուիրութիւն կայ ոչ միայն ռոմանտիկ սիրոյ, այլեւ ծնողական եւ ընկերական սիրոյ մէջ:

 

 

  1. Ամէն ինչ կ’իմաստաւորուի սոսկ այն ժամանակ, երբ կը սկսիս սիրել մէկը: (Էտուարտ Էսթլի Քամինկզ)

Առանց սիրոյ աշխարհը կրնայ գորշ ու միապաղաղ թուիլ: Սէրը կը գունաւորէ ու կ’իմաստաւորէ մեր կեանքը: Սէրն այնքան իմաստալից զգացմունք է, որ ուժ կու տայ անիմաստ վէճերը հարթելու եւ բոլոր արգելքները յաղթահարելու համար: Երբ կը մտածես սիրելիիդ մասին, կը համակուիս հանգստութեան ու թեթեւութեան զգացումով:

 

  1. Առանց սիրոյ անցուցած իւրաքանչիւր վայրկեան վատնուած է: (Թորքվաթօ Թասսօ)

Մարդ պէտք է ողջ ժամանակ զբաղուի իր սիրած գործով եւ շփուի իր սիրած մարդկանց հետ:  Եթէ Ձեր աշխատանքը Ձեր սրտով չէ, Դուք պէտք է փորձէք այնպիսի մի աշխատանք գտնել, որից հաճոյք կստանաք: Այդ ժամանակ դա կը դադարի Ձեզ համար սոսկ աշխատանք լինելուց, այլ կը լինի սիրած զբաղմունք: Եթէ ինչ-ինչ հանգամանքներից ելնելով Դուք Ձեր սիրած բանով չէք կարող զբաղուել, փորձէք գոնէ Ձեր մտքում պահել ձեր սիրած բաները, որպէսզի անգամ չսիրած աշխատանքը տհաճութեամբ չկատարէք:

 

  1. Սիրոյ վէրքերը սէրն ալ կը բուժէ: (Հենրի Ռոլինս)

Ճիշդ է, որ սէրը կնայ սպնիեր թողել, սակայն նոյնքան ճիշդ է, որ սէրը կրնայ նաեւ բուժել զանոնք: Սէրը խնդիր չէ, սէրը խնդիրներու լուծումն է: Սէրը կրնայ խոցել, սակայն այն նաեւ բուժիչ նշանակութիւն ունի:

 

  1. Սէրը կերկերուն երջանկութիւն է: (Խալիլ Ժըպրան)

Դժուար թէ ոեւէ մէկը երջանիկ ըլլայ առանց սիրոյ: Սէրը իր հետ երջանկութիւն կը բերէ:  Սէրը յստակօրէն բնորոշելը այնքան դժուար է, որ որքան ալ մտաւորականները գլուխ կոտրեն, չեն կրնար յստակ ձեւակերպում գտնել: Սիրոյ լաւագոյն բնորոշումները նոյնիսկ թերի են, քանի որ սէրը այնպիսի զգացմունք է, որ բառերով չես նկարագրեր:

 

 

  1. Ես քեզ կը սիրեմ ոչ միայն անոր համար, թէ դուն ով ես, այլեւ անոր համար, թէ ով եմ ես քու կողքիդ: (Էլիզապեթ Պարեթ Պրաունինկ)

Դուք կրնաք սիրել դիմացինը ոչ միայն անոր դրական յատկանիշերուն, այլեւ ձեր դրական յատկանիշները բացայայտելու կարողութեան համար: Գիտնականները սէրը կը կապեն բազմաբնոյթ քիմիական հակազդեցութիւններու եւ ելեկտրական խթաններու հետ, սակայն իրականութեան մէջ անոնք չեն կրնար բացատրել, թէ սէրը ինչ է: Անոնք պատկերացում ալ չունին, թէ ինչպէս սէրը ի դերեւ կը հանէ մեր բոլոր դրական գիծերը:

 

  1. Կը սիրես ոչ թէ այն մարդը, որուն հետ կրնաս ապրիլ, այլ այն՝ առանց որուն չես կրնար ապրիլ: (Ռաֆայէլ Օրտիզ)

Դուք կրնաք համակերպուիլ ինչ-որ մէկուն ու ստիպուած ապրիլ անոր հետ, սակայն եթէ կը սիրես մարդը, կեանքդ չես կրնար պատկերացնել առանց անոր: Բնական է, որ սիրահարուած ժամանակ ձեր մօտ այնպիսի զգացողութիւն ըլլայ, որ դուք չէք կրնար ապրիլ առանց ձեր սիրած էակին: Այդ զգացողութիւնը սիրոյ անբաժան մասը կը կազմէ:

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

«ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԻՋՈՎ ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ’ԸՍԷ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Next Post

ԱԼԹԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄՈՄԻԱՆԵՐՈՒՆ «ՔԱՐԷ ՍԷՐԸ» (Ք.Ա. 5-ՐԴ ԴԱՐ) (The “Stone Love” of the Mummies of the Altai Mountains)

Next Post
ԱԼԹԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄՈՄԻԱՆԵՐՈՒՆ «ՔԱՐԷ ՍԷՐԸ» (Ք.Ա. 5-ՐԴ ԴԱՐ)  (The “Stone Love” of the Mummies of the Altai Mountains)

ԱԼԹԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄՈՄԻԱՆԵՐՈՒՆ «ՔԱՐԷ ՍԷՐԸ» (Ք.Ա. 5-ՐԴ ԴԱՐ) (The "Stone Love" of the Mummies of the Altai Mountains)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.