Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՆԵԼ ԿԱԶԱՆ ԵՒ ԿՑԵԼ ԳԱՆԱՏԱՆ

February 11, 2025
in Միջազգային
0
ԳՆԵԼ ԿԱԶԱՆ ԵՒ ԿՑԵԼ ԳԱՆԱՏԱՆ

 

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ յանձնառու կը մնայ Կազան գնելու իր որոշումին, չբացառելով անոր որոշ հատուածներու փոխանցումը միջինարեւելեան այլ երկիրներու՝ զայն վերակառուցելու նպատակով: «Կազան պիտի վերածեմ բարգաւաճող տարածքի, պիտի հոգամ պաղեստինցիներուն եւ երաշխաւորեմ, որ անոնք չսպաննուին», հաւաստիացուց Թրամփ: Ան մտադրութիւն յայտնեց այս հարցով տեսակցիլ սէուտական եւ եգիպտական ղեկավարութեանց հետ, առանց բացառելու կարգ մը պաղեստինցիներու Միացեալ Նահանգներու մէջ հիւրընկալումը: Խօսելով Ուքրանիոյ հարցին մասին, Թրամփ վստահեցուց, որ յառաջընթաց կայ Ռուսիոյ նախագահին հետ խորհրդակցութեանց մէջ, խոստանալով յարմար առիթով տեսակցիլ: «Ինչ հրաշալի կ’ըլլայ, եթէ Գանատա դառնայ Միացալ Նահանգներու 51-րդ նահանգը», իր գայթակղիչ հրաւէրը կրկնեց Թրամփ: Ան քանի մը օր առաջ սպառնաց մաքսային յաւելեալ տուրք սահմանել եւրոպական երկիրներուն նկատմամբ, իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը խոստացաւ հակադարձել ամերիկեան տուրքերուն:

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԸ՝ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՆՈՐ ԳԼԽԱՑԱՒ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՍԿԵԶՕԾ ԴԻՐՔԸ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՍԿԵԶՕԾ ԴԻՐՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.