Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԵՏԵՂԵՌՆԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԱՄԷՆԷՆ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԳՐՈՂՆԵՐԷՆ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ  ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

February 6, 2025
in Մշակութային, Յօդուածներ
0
ՅԵՏԵՂԵՌՆԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԻ  ԱՄԷՆԷՆ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԳՐՈՂՆԵՐԷՆ՝  ԱՆԴՐԱՆԻԿ  ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

 

 

Եղեռնէն ետք հայ գրականութեան լաւագոյն գրողներէն, բանաստեղծ, արձակագիր,  խմբագիր,  հրատարակիչ, հրապարակախօս Ծառուկեան ծնած է 1913-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիոյ նահանգի Կիւրին քաղաքը։

Եղեռնի եւ աքսորի տարիներուն Ծառուկեան անցուցած է որբանոցային տխուր կեանք մը Հալէպի մէջ։

Ան ուսումը կը ստանայ Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ։ Ապա կ’անցնի Պէյրութ եւ կ’աւարտէ տեղւոյն Համազգայինի  Ճեմարանը։

Գլխաւոր արձակ գործերն են՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»  եւ «Երազային Հալէպը», ինքնակենսագրական երկերը, իսկ չափածոյի մէջ՝ «Թուղթ առ Երեւան» եւ «Ուխտ Արարատին»-բանաստեղծութիւնները։

Երկար տարիներ խմբագրած է «Նայիրի» գրական հանդէսը։ Ծառուկեանին կը պատկանին նաեւ հետեւեալ գործերը․ «Եղերաբախտ քերթողներ», «Առագաստներ»,    «Մոխրամանը»,  «Վերջին անմեղը», «Սէրը Եղեռնին մէջ»,  «Հին երազներ նոր ճամբաներ»:

Մեր  անցեալի   յեղափոխական   սերունդէն  էր   Ծառուկեան եւ իր արեան մէջ կը կրէր յեղափոխական ոգին: Եղեռնէն կու գար ան։ Հայերէն գիրք  ու թերթ կարդալը  իրեն  համար եղան հաճոյք  ու  պահանջ: Գրեց բանաստեղծութիւններ` պանդուխտ հայու կեանքը նկարագրելով, որոնց ընդմէջէն ըսաւ կրակոտ եւ կարօտի խօսքեր:      Ծառուկեան գրեց արձակ էջեր, ուր մանրամասնութեամբ նկարագեց որբանոցային կեանքը` փաստելու համար, որ հայը դժոխքէն իսկ կրնար վերապրիլ: «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»- վէպը իր ամէնէն յայտնի գործն է եւ սփիւռքահայ  գրականութեան  ամէնէն  ծանօթ  գիրքերէն, որ  արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու։

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Ծառուկեան կ’ըսէ. «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը իմ նախասիրած գիրքն է: Թէեւ գիրքի բոլոր պատմուածքները շատ հետաքրքրական են եւ տպաւորիչ, սակայն «Կաղանդ» խորագիրը կրող պատմուածքը յատկապէս խօսած է իմ սրտիս», որովհետեւ քանի մը էջերու մէջ եւ մէկ դէպքի մասին նկարագրութիւնը ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէ:

Հարազատօրէն ընթերցողին կ’արտայայտէ որբերու դժուարութիւններն ու զուարճութիւնները, մտահոգութիւններն ու նեղութիւնները, ուրախ եւ տխուր դէպքերը: Գիրքը մեզի կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն վերապրած ու որբացած սերունդի մը ապրած կեանքը եւ անոր պատճառով՝ ապրելու եւ հայ ապրելու ձգտումը:

Այսօրուան Սփիւռքի կեանքը տարբեր է, հաստատուած են վարժարաններ, եկեղեցիներ` իրենց լաւագոյն յարմարութիւններով, որպէսզի հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն ու հաւատքը հանդարտ ու անվտանգ միջավայրի մէջ կարենանք սորվիլ եւ սորվեցնել մեր գալիք սերունդներուն:

Եթէ մեր հայրերն ու  մեծ հայրերը կրցան  պահել իրենց  ինքնութիւնն ու մայրենի լեզուն, մենք պատճառ չունինք կորսնցնելու զայն ու ճերմակ ջարդի զոհ երթալու մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ:

Ծառուկեան խմբագիրը հաւատացած էր, որ բոլոր բարիքները կրնան ծնիլ հայրենի հողէն: Հայ, հայութիւն, հայ գիր եւ հայ մշակոյթ բառերը միշտ բարձր հնչեցին իր գրականութեան մէջ:

Ծառուկեան «Թուղթ առ Երեւան»-ը ուղղած է խորհրդահայ մտաւորականութեան եւ գրած է արեւելահայերէնով։ Այս փաստ է,  որ  ան   ուզած  է, որ  ժամանակակից  Հայաստանի մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, այլ նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար: 1947-ին Հալէպի մէջ կը հաստատէ տպարան «Նայիրին», ուր կը  հրատարակէ  «Նայիրի»  պարբերաթերթը եւ   «Արեւելք» օրաթերթը,  որուն  խմբագիրներէն  մէկն   էր   ու   իր   գրած խմբագրականներով կը դրսեւորէր Հայաստան կազմակերպուած ներգաղթին անօրինական քայլերը:

Հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին նաեւ «Արեւելք»-ի մէջ իր գրած Պիծակ ստորագրութեամբ  գրութիւնները։

Ծառուկեանի ամէնէն հետաքրքրական յատկանիշերէն մէկը այն էր, որ կրնար յուշ  մը վերածել գեղեցիկ գրականութեան, իր  գործածած  լեզուի  հմայքով:

Ծառուկեան յետեղեռնեան սերունդի ամէնէն տաղանդաւոր գրողներէն է: 1930-1980, յիսուն տարուան շրջանի Հայ գրական կեանքին մէջ ան կը յատկանշուի  իբրեւ լուսաւոր դէմքերէն մէկը: Անոր գեղարուեստական որակով լեցուն բանաստեղծութիւններն ու արձակները նոյնքան արժէքաւոր եւ ազդեցիկ են, որքան` իր քննադատական ոճը:

Անոր գրականութիւնը եղաւ սրատես, սրամիտ եւ լեցուն գեղագիտական հակումներով:  Ան գրած է նաեւ Ռուբէն Սեւակի մասին «Սէրը Եղեռնի մէջ», հրատարակուած՝ 1987-ին եւ արժանացած` Ռուբէն  Սեւակի անուան մրցանակին:

Ծառուկեանը մահացաւ Փարիզի մէջ, 20 Մայիս 1989-ին:

Ան դժբախտաբար չտեսաւ ազատ եւ անկախ Հայաստանը, սակայն ինք եւ իր գրականութիւնը միշտ ապրեցան այն տեսլականով, որ օր մը, անպայման, հայ ազգը պիտի հասնի սրբազան լեռան կատարին:

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Share75Tweet47
Previous Post

ԶԷՆՔ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳԵԼՈՒ ՓՈՐՁԵՐ

Next Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԱՄՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Next Post
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԱՄՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԱՄՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.