Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐ ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ Հ.Մ.Մ.-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

February 4, 2025
in Գաղութային
0
ԸՆԿԵՐ ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ Հ.Մ.Մ.-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

 

Ինչպէս արդէն յայտնի է, Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 7 Փետրուար: Հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Փետրուարին, ուր Լիբանանի դրօշին ներքոյ Պէյրութ եւ Անթիլիաս քաղաքները ներկայացնող 30 հոգինոց պատուիրակութեան մէջ յատկանշական ներկայութիւն կը կազմէր Համահայկական գործկոմի Գործադիր մարմինի անդամ եւ Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանի գլխաւորած Հ.Մ.Մ.-ի ներկայացուցչական խումբը:

Նշենք, որ Համահայկական երկրորդ խաղերու կայացման հիմնական վայրը նախատեսուած է Ջերմուկ քաղաքը: Սակայն կարգ մը մարզաձեւերու համար, եղանակային անյարմարութիւնները կրնան ազդել յայտագրի փոփոխութեան վրայ:

Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերուն մէջ ընդգրկուած են «հոքի»ն, ճատրակը, մարզական պարերը, ձնամարտը, դահուկավազքը, լեռնադահուկը եւ «snowboard»ը:

Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդող սոյն իրադարձութեան մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնենք պատուիրակութեան Պէյրութ վերադարձէն ետք, ընկեր Նաճարեանի հետ  հարցազրոյցով մը:

Share66Tweet41
Previous Post

ՊՆ ՇԱՐԺԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԱԾ ԱՄՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ «ՀԱՄԱՏԵՂ ԼՈՒԾՈՒՄ-2025» ԲԱԶՄԱԶԳ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԷՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ (37)

Next Post

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԷՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ (37)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.