Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇԱՐԱԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

February 4, 2025
in Միջազգային
0
ՇԱՐԱԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ Ահմատ Շարաա այսօր պիտի այցելէ Թուրքիա եւ տեսակցի նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ: «Կը հաւատանք, որ թուրք-սուրիական բնականոնացած յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին ու աւելի զարգանան», ըսաւ Շարաա: Անոր արտաքին առաջին այցելութիւնը երկու օր առաջ էր դէպի Սէուտական Արաբիա, ուր թագաւորութեան ղեկավարութեան հետ արծարծեց երկկողմանի կապերը, Սուրիոյ աջակցելու միջոցները եւ տարածաշրջանի վիճակը:

Ապահովական առումով, Սուրիոյ քաղաքացիական անվտանգութիւնը յայտարարեց, թէ առնուազն 15 մարդ զոհուած է եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է Հալէպի հիւսիսարեւելեան Մէնպիճ քաղաքին մէջ: Իսկ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գործող Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր քրտական կամակերպութեան ղեկավար Մազլում Ապտի յայտնեց, թէ տեսակցած է անցումային նախագահ Ահմատ Շարաայի հետ եւ քննարկած երկրին ապահովական ու քաղաքական զարգացումները: Քիւրտ հրամանատարը դիտել տուաւ, որ իրենք այժմ կեդրոնական իշխանութեան հետ կը բանակցին Սուրիոյ ապագայ դիմագիծին եւ քիւրտերուն ճակատագրին շուրջ: «Ասատի իշխանութեան տապալումին պէտք է յաջորդէ ապակեդրոն եւ աշխարհիկ իշխանութիւն մը՝ հիմնուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ», ըսաւ Մազլում Ապտի: Ան ամերիկեան ուժերուն կոչ ուղղեց չհեռանալու սուրիական հողերէն, որպէսզի «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը չունենայ վերաշխուժանալու հնարաւորութիւն:

 

Share64Tweet40
Previous Post

 ԶԱՆԱԶԱՆԵԼ ԱՆՄԵՂՆ ՈՒ ՄԵՂԱՒՈՐԸ

Next Post

ԻՐԱՆԻ ԱԳՆ. «ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ»

Next Post
ԻՐԱՆԻ ԱԳՆ.  «ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ»

ԻՐԱՆԻ ԱԳՆ. «ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.