Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ շուտով կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան լայնածաւալ բարեկարգումները եւ Լիբանան այդ առումով պիտի համագործակցի միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ: Աուն այդ մասին յայտնեց Պաապտայի պալատին մէջ, ՄԱԿ-ի համակարգող Օմրան Ռիզան ընդունած ատեն: Աուն շնորհաւորական եւ զօրակցական պատգամ մը ստացաւ նաեւ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտ էլ Ֆաթթահ Սիսիէն, Պաապտայի պալատ այցելած՝ արտաքին գործերու նախարար Պատըր Ահմատ Ապտ էլ Աաթիին միջոցաւ: Սիսի նամակին մէջ իր երկրին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին՝ շրջանցելու համար պատերազմին հետեւանքները եւ մանակցելու կործանուած շրջանները վերականգնելու աշխատանքին: Գահիրէ մաղթեց նաեւ, որ Լիբանանի պետական հաստատութիւններն ու ապահովական կառոյցները իրենց հակակշիռին տակ առնեն լիբանանեան բոլոր շրջանները՝ ներառեալ հարաւը:
Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ ու վստահութիւն յայտնեց, որ Լիբանան շուտով պիտի կազդուրուի՝ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին բնականոնացումով: Ան զգուշացուց լիբանանեան ներքին հարցերու արտաքին միջամտութիւններէն, կոչ ուղղելով միջամուխ չդառնալու նոր կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին, որպէսզի լիբանանցիները կարենան հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ կեդրոնանալ վերականգնումի ջանքերուն վրայ: Եգիպտացի նախարարը դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, պահանջեց յարգել զինադադարը եւ անյապաղ քաշուիլ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն:
Աունին երէկ այցելեց Լիբանանեան համալսարանէն վարչական պատախանատուներու եւ դասախօսներու պատուիրակութիւն մը, որ նախագահին ներկայացուց համալսարանին մէջ տիրող իրավիճակը: Աուն կոչ ուղղեց համալսարանը զերծ պահելու քաղաքական եւ յարանուանական քաշքշուքէն՝ պահպանելու համար համալսարանին արժէքն ու դերը լիբանանեան իրականութեան մէջ: