Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱԼԱՄ. «ՊԷՏՔ Է ՍՈՐՎԻՆՔ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ»

January 24, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍԱԼԱՄ. «ՊԷՏՔ Է ՍՈՐՎԻՆՔ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ»

 

 

Առանց մեծ աղմուկի եւ յաճախակի յայտարարութիւններու, նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կը շարունակէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Պաապտայի նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Սալամ այցելած է նախագահ Ժոզէֆ Աունին՝ ներկայացնելու կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը եւ քաղաքական ուժերուն հետ շարունակուող խորհրդակցութիւնները՝ պարզելով նաեւ կառավարութեան կառուցուածքին վերաբերեալ իր տեսլականն ու առաջարկները: Աունին հետ տեսակցելէ ետք Սալամ լրագրողներուն յայտնեց, թէ «կառավարութեան կազմութիւնը կ’ընթանայ հաստատ քայլերով եւ նախագահին հետ աշխատանք կը տանինք, որ ուշացում չըլլայ, միաժամանակ հաստատելով նոյն սկզբունքները, որ բացայայտեցի առաջին ուղերձիս մէջ»: Նշելով, որ իր աշխատելաձեւը գուցէ նոր է, Սալամ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է սորվիլ սահմանադրութիւնը ամբողջութեամբ յարգել: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը մէկ յարանուանութեան մենաշնորհը չէ:

Ամալ շարժումի «Բարգաւաճում եւ ազատագրութիւն» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Քասէմ Հաշէմ դիտել տուաւ, որ «նշանակեալ վարչապետը ունի կառավարութեան կազմութեան յատուկ տեսլական մը, սակայն կայ որոշ իրականութիւն մը, որ ան պէտք է նկատի առնէ նախարարները ընտրելու ատեն»: Անոր համաձայն, Ելեւմուտքի նախարարութեան հարցով Սալամին հետ իրենց համաձայնութիւնը սկիզբէն յստակ էր: «Կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ քանի մը օրէն իրականանալ եթէ լուծուին որոշ հարցեր, որոնք մեր մօտ չեն, այլ՝ միւս կողմին», կարծիք յայտնեց Հաշէմ եւ վստահեցուց, որ Ամալին եւ Հըզպալլային ստանալիք հինգ նախարարութիւնները արդէն յստակացած են, ժխտելով հակառակը պնդող բոլոր լուրերը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միւս կողմէ, սակայն, նկատել տուաւ, թէ Ամալ-Հըզպալլա զոյգին կողմէ նախարարական որոշ անուններ եւ կառավարական որոշ քաղաքականութիւն պարտադրելու փորձը կ’ուշացնէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի Քաղաքական խորհուրդը յայտարարեց, թէ հնարաւոր բոլոր դիւրութիւնները ներկայացուցած է նշանակեալ վարչապետին, մաղթելով արդար չափանիշեր ունեցող եւ իւրաքանչիւր ուժի ժողովրդային ներկայացուցչութիւնը նկատի առնող կառավարութեան մը կազմութիւնը: Հոսանքին ղեկավարութիւնը մաղթեց որ կամուի բարեկարգող կառավարութիւն մը:

Share63Tweet39
Previous Post

ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

  ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷՆ

Next Post
  ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷՆ

  ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.