Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ առաջին տիկին Նաամէթ Աուն երէկ առաւօտեան անակնկալ այցելութեամբ Աննայայի մէջ ժամանեցին Մար Մարուն վանք՝ Մար Շէրպէլի ուխտավայր, ուր մոմ վառեցին եւ աղօթեցին Լիբանանին ու լիբանանցիներուն բարօրութեան համար: Վանքին մէջ գտնուող հաւատացեալները ողջունեցին նախագահն ու առաջին տիկինը, եւ նկարուեցան անոնց հետ, ապա նախագահը նախաճաշեց վանականներուն հետ ու վերադարձաւ Պաապտա:
Պաշտօնաւարտ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին մաղթեց յաջող պաշտօնավարութիւն, որպէսզի Լիբանան վերատիրանայ իր յառաջադէմ դերին ու խաղաղութեան, պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու Աունին՝ յաջողցնելու անոր ծրագրերը: