«ԱՐԱՐԱՏ», 12-17 Յունուար 1970
Ի՞նչ կը նշանակէ «գրախօսական»։ Այս բառը շատ գործածական է մեր մամուլին ու գրական զրոյցներուն մէջ։ Կազմուած է «գիրք» եւ «խօսք» բառերէն։ Ուրեմն, անիկա կը նշանակէ գիրքի մը մասին արտայայտուած համապարփակ խօսք, կարծիքներու ամբողջութիւն։ Նոյնհետայն, «գրախօսել» կը նշանակէ մանրամասն ներկայացնել գիրքի մը բովանդակութիւնը, ցոյց տալ անոր արժանիքները ու եթէ հարկ է՝ մատնանշել թերութիւնները։ Մէկ խօսքով՝ ընդհանուր արժեւորումը կատարել հրատարակուած գիրքի մը։ Այսպիսի աշխատանք կատարող անձն ալ կը կոչենք «գրախօս»։ Մասնագէտ ու արհեստավարժ գրախօսներն ալ կը կոչենք «գրաքննադատ»։
«Արարատ»-ի 12 Յունուարի թիւին մէջ «Գրախօսական» ընդհանուր վերնագրին տակ յօդուած մը ստորագրեր է վաստակաւոր պատմագիր ու հնչակեան վեթերան գործիչ Արսէն Կիտուր՝ Հայաստանէն Հայկազ Պօղոսեանի «Զէյթունի պատմութիւնը» (1969) հատորին մասին։ Բայց յօդուածին բուն խորագիրը, ինքնին, արտառոց է. «Զէյթունի հերոսամարտութեան շուրջ»։ «Հերոսամարտութի՞ւն»…։ Այսպիսի բառ ունի՞ հայերէնը։ Կը բաւէր ըսել «հերոսամարտ»։ «Զէյթունի հերոսամարտին շուրջ»։ Գրութեան մէջ գրախօսը իր տարակարծութիւնը կը յայտնէ Պօղոսեանի որոշ տեսակէտներուն նկատմամբ։ Եւ, սակայն, յօդուածը շա՜տ հեռու է գրախօսականի մը տարրական պահանջները լրացնելէ…։
Այլ թիւի մը մէջ՝ Յովսէփ Ս.Պ.Ճիռեանի յօդուածը, իր կարգին, գրախօսականն է խմբագիր Ժիրայր Նայիրիի «Հայուն արեւմուտը» հատորին, որուն մասին քանիցս անդրադարձեր էինք արդէն նախապէս։ Ըսեր էինք, թէ անիկա կը մէկտեղէ հեղինակին դէպի Հարաւային Ամերիկա տուած այցելութեան անմիջական տպաւորութիւնները։ Յօդուածագիրը գնահատելով հանդերձ Ժ. Նայիրին ու անոր հատորը, չի խուսափիր սակայն քննադատելէ գործին «դատավարական» բնոյթը՝ երբ կը յիշեցնէ հեղինակին շարունակական ամբաստանութիւնները «ծանօթ հատուած»-ին դէմ (Հարաւային Ամերիկայի մէջ գործող Հ.Յ.Դ. կառոյցները)։ Այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, թէ Յ. Ճիռեան համամիտ չէ Ժ. Նայիրիի պնդումներուն, ըստ որոնց՝ վերոնշեալ ցամաքամասի հայագաղութներու լեզուական ու ազգային ձուլման կամ ուծացման գլխաւոր պատասխանատուն Հ.Յ.Դ.-ն է…։
Հիմ ընդունելով երեւանեան «Գրական Թերթ»–ին մէջ հրատարակուած գրախօսական մը՝ «Արարատ» անդրադարձեր է ֆրանսաբնակ գրող Սերովբէ Մխիթարեանի (1907-2000) նոր լոյս տեսած ծաւալուն մէկ հատորին. «Ֆրանսերէնով արտայայտուող հայ արուեստագէտներ»։ Իսկապէս ծաւալուն ու շահեկան նիւթ մը, որուն ծիրին մէջ կ’իյնան Ռոզի Վարդի, Ալիս Սափրիչի, Կրեկուար Ասլանի, Հանրի Վերնէօյի, Արթիւր Ադամովի, Գաբրիէլ Արութի, Հանրի Թրուայայի, Վահէ Քաչայի, Գառզուի եւ Շառլ Ազնաւուրի նման ֆրանսախօս մեծաթիւ դէմքեր։ Նշուած է, որ հեղինակին լեզուն արեւելահայերէն է։ Այո՛, որքան որ գիտենք, ան ծնունդով Վանի շրջանէն էր, բայց պատանութեան տարիներուն յաճախած ըլլալով արեւելահայ դպրոցներ՝ իր լեզուն կոփուեր ու յղկուեր էր արեւելահայերէնով։ Ս. Մխիթարեան հեղինակ էր 6-7 գիրքերու ու կ’աշխատակցէր ֆրանսահայ մամուլին։
Այս շաբթուան «Գրական էջ»-ը իր Ա. սիւնակին վրայ հիւրընկալեր է բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը (1937-2015), որ պատասխաներ է հայ թատերագրութեան մասին իրեն ուղղեալ հարցումներուն։ Ան կը թելադրէ «բեմադրել որակաւոր եւ մանաւանդ բծախնդրութեամբ պատրաստուած թատերախաղեր։ Ըլլալով հանդերձ մատչելի՝ ժողովուրդին համար, բեմադրուածը պէտք է ըլլայ միշտ քայլ մը առաջ եւ կամ աստիճան մը բարձր՝ ժողովուրդին ճաշակէն։ Արուեստը ըլլայ ժողովուրդին վսեմացման համար»։ Կողքի սիւնակին ներքեւ ալ կը տեսնենք ստորագրութիւնը Ազատուհի Սիմոնեանի։ Ան լուսարձակի տակ առեր է լոնտոնաբնակ թարգմանիչ ու անգլիագիր գրող Միշա Գիւտեանն ու անոր գրական վաստակը։
Թ. ստորագրութեամբ յօդուածագիր մը ներկայացուցեր է Հալէպէն իգական սեռի շնորհալի օրիորդ մը, յանձին Ծովինար Ճղըլեանի։ Ան վարիչ-մանկապարտիզպանուհին է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին։ Մանկավարժական իր աշխատանքին կողքին՝ ան ունի եղեր գծագրութեան ու ձեռային աշխատանքի բնատուր ձիրքեր, լուրջ գործեր։ «Արաբական արեւելքը յատկանշող զանազան խոհանոցային առարկաներ, ինչպէս՝ փայտեայ սխտործեծը, հացի գլանը, կրակի փքոցը, կուժն ու կարասը անոր ստեղծագործ մատներուն հպումով կը դառնան ամէնէն արդիական սալոնները զարդարելու սահմանուած ձեռագործներ», կը հաւաստիացնէ յօդուածագիրը։ Արուեստագիտուհիին բնակարանը վերածուեր է եղեր մնայուն ցուցահանդէսի…։
Լիբանանահայ լուսանկարիչ Մանուէլ Գիրէջեան իր անդրանիկ ցուցահանդէսը բացեր է եղեր պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի մէջ (14 Յունուար)։ Ըստ թերթին, Մանուէլ արդէն ճանաչում ունեցող արուեստագէտ է։ Ան 1967-ին մասնակցութիւն բերեր է Թոքիոյի մէջ կայացած ցուցահանդէսի մը, Միջազգային Զբօսաշրջութեան Տարուան առիթով, իր արուեստակից Վարուժան Սէթեանի հետ։
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը (Պէյրութ) հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցեր է, թէ կեանքի կոչեր է իր հովանին վայելող թատերախումբ մը, որ կոչեր է «Արտաւազդ» (հայ թատրոնի հիմնադիր Արտաւազդ արքայի անունով)։ Նորակազմ թատերախումբին իբրեւ դերուսոյց եւ բեմադրիչ՝ պաշտօնի հրաւիրուեր է Երեւանի թատերական ինստիտուտէն շրջանաւարտ ԼութՖի Թապագեանը։
Սալզպուրկէն (Աւստրիա) փրոՖ. Հայկ Ա. Արամեան (բնիկ զէյթունցի մտաւորական մը, որ շրջան մը գործեր է Խարբերդի գերման ուսուցչանոցին մէջ եւ Պէյրութ տպուած գիրք մըն ալ ունի) յօդուածով մը անդրադարձեր է Սփիւռքի մէջ համահայկական վարժապետանոց մը հիմնելու անհրաժեշտութեան, ատոր իրականացման համար իր պատրաստած ծրագրին։ Այս առնչութեամբ ան նամակով մը դիմեր է նոյնիսկ Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, բայց շօշափելի արդիւնքի չէ հասեր։ Մեր կողմէ աւելցնենք հետեւեալը. հայկական ուսուցչանոց մը (ճիշդ փրոՖ. Արամեանի պատկերացումով), արդէն գործած էր Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան երդիքին տակ, 1934-68, ապա փակուած։ Արդ, եթէ վարժապետանոց մը անհրաժեշտ էր Սփիւռքի համար, ապա մեր ազգային ղեկավարները թող խոհեմութիւնն ունենային պահելու հինը ու զայն զօրացնելու նիւթաբարոյական պատուաստներով, փոխանակ նոր մը հաստատելու մտմտուքին մատնուելու…։
Էջ մը ձօնուած է հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան 41-րդ տարելիցին (սպաննուած է 17 Յունուար 1929-ին, Պէյրութ, եղբայրասպան գնդակով)։ Կը նշուի, որ Տխրունի խորապէս կը հաւատար Խորհրդային Հայաստանի վերելքին եւ ընձեռած կարելիութիւններուն, զայն կը նկատէր կատարելատիպ հայրենիք մը։ Ան նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Հնչակեան կուսակցութեան Հալէպի պաշտօնաթերթին՝ «Սուրիական Մամուլ»-ի գոյատեւման ու նիւթապէս ապահովման աշխատանքներուն մէջ։ Այս լրագիրը պիտի հրատարակուէր 1922-1927։
Մայր Աթոռէն հասած երեք լուրեր կան։
Նախ, Դեկտեմբեր 14-ին յիշատակի երեկոյթ մը տեղի ունեցեր է Կոմիտասի 100-ամեակին առիթով, Հոգեւոր Ճեմարանի սրահին մէջ։ Գեղարուեստական յայտագրի կողքին՝ բանախօսեր է ճեմարանի դասախօսներէն Գրիգոր Կիւլեան։ Իր փակման խօսքին մէջ՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոս յայտներ է որ ասով կ’եզրափակուին կոմիտասեան տօնախմբութիւնները։ Շաբաթ մը անց՝ Դեկտեմբեր 20-ին, նշուեր է մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 100-ամեակը, որ նմանապէս կը զուգադիպէր 1969-ին։ «Արարատ» կը գրէ, որ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս առանձին կոնդակով (1 Սեպտեմբեր թուակիր) յիշեցուցեր էր այդ առիթը։ Մայր Աթոռի սարքած այս ցերեկոյթն ալ առիթ հանդիսացեր է լուսարձակ բանալու մեծանուն հայորդիին դիմագծութեան վրայ։ Այստեղ բանախօսեր է «Էջմիածին» ամսագրի խմբագիր ու Հոգեւոր Ճեմարանի աւագ դասախօս Արթուն Հատիտեան (1914-1983), որ Կիւլպէնկեանը բնորոշեր է իբրեւ մեր ժամանակաշրջանի մեծագոյն դէմքերէն մէկը, օժտուած՝ պայծառ իմացականութեամբ, բարոյական ամուր նկարագրով ու աշխատանքի ստեղծարար կիրքով, ձեռներէցութեամբ եւ ճարպիկութեամբ։ Երրորդ լուրն ալ կը վերաբերի Մայր Աթոռի նոր հրատարակութիւններուն։ Այս շարքին՝ տպագրուեր ու հրապարակ հանուեր է եղեր Նոր Կտակարանի արեւելահայերէն տարբերակ մը (չորս Աւետարանները եւ Գործք Առաքելոց), 10.000 տպաքանակով։ Մեծ իրագործում՝ խորհրդային «անկրօն» վարչակարգի շուքին տակ…։
Ու հիմա ալ կատարենք ծանուցումներու հասկաքաղը։
Լիբանանահայ Մշակութային Միութիւնը «Հարցազրոյց» մը կազմակերպեր է «Մարդը եւ 2001 թուականի քաղաքը» նիւթին շուրջ (13 Յունուար, «Կոմիտաս» սրահ, Քանթարի)։ Այս զրոյցին պիտի մասնակցին եղեր հինգ հրաւիրեալ զեկուցողներ՝ փրոՖ. Շաւարշ Թորիկեան (Լիբանանի փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէն), Ա. Սինանեան (Պէյրութի երթեւեկի պատասխանատու), Ա. Սարգիսեան (երկրաչափ), Ա. Փելթեկեան (երկրաչափ) եւ տոքթ. Վ. Բիւզանդեան (հոգեբոյժ)։
Էսթրատային ծանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեան «Հայկական երգի երեկոյթ» մը պիտի սարքէ եղեր սինեմա Ռիվիերայի մէջ (18 Յունուար)։ Երգիչին պիտի ընկերակցի եղեր Ժագ Գոճեան՝ իր նուագախումբով։ Միւս կողմէ, երգիչ Լեւոն Գաթըրճեանն ալ իր «Սեւան» նուագախումբին ընկերակցութեամբ այսուհետեւ Շաբաթ եւ Կիրակի գիշերները հայկական երգերով հանդէս պիտի գայ եղեր «Շիրակ» ճաշարանէն ներս (Ժէլ էլ-Տիպի մայրուղի)։
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը լուսապատկերներու գեղարուեստական ցուցադրութեան մը հրաւիրեր է հանրութիւնը (29 Յունուար, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ), յայտնելով թէ լուսանկարիչ Շիրազ (Յովաննէս Ճէրէճեան) պիտի ցուցադրէ Անիէն, Մուշէն, Պիթլիսէն, Սասունէն, Վանէն, Տիգրանակերտէն, ՈւրՖայէն, Այնթապէն եւ արդի Հայաստանէն տեսարժան պատկերներ։ Ձեռնարկին մասնակցութիւն պիտի բերեն եղեր, նաեւ, Թորոս Սպիտանեան եւ Խաչիկ Փիլիկեան։
Հաճնոյ Երիտասարդական Երկսեռ Միութիւնը «Ամանորի խրախճանք» մը պիտի սարքէ եղեր Ալքազար պանդոկին մէջ (18 Յունուար)։
Լոյս տեսեր է եղեր նորահիմն «Երիտասարդ Հայ» պարբերականին Բ. թիւը (10 Յունուար 1970)։ Յիշեցնենք մեր կողմէ, որ այս թերթը կը հրատարակուէր Պէյրութ, խումբ մը ազատախոհ գրասէրներու կողմէ (Հ. Անդրանիկ Կռանեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Պետրոս Թերզեան, Յովսէփ Մելքոնեան, ԼութՖի Թապաքեան եւ այլք)։
Եւ վերջապէս՝ Հայկազեան գոլէճի հայագիտական ամպիոնը դասախօսութիւն մը պիտի հրամցնէ եղեր՝ «Հայ-արաբ յարաբերութիւնները 7-րդ դարուն» նիւթով (21 Յունուար)։ Դասախօս՝ վեր. Մանուէլ Ճինպաշեան։
Մեր ակնարկը եզրափակենք երեւոյթի մը մատնանշումով։
«Արարատ» դա՛րձեալ անդրադարձեր է… Լենինի ծննդեան 100-ամեակին։ Քիչ մը ընդվզեցուցիչ է անշուշտ այս շեշտուած խորհրդայնասիրութիւնը, բայց կ’ենթադրենք որ այս պարագան անմիջականօրէն կապ ունի խմբագիր Ժիրայր Նայիրիի քաղաքական աշխարհայեացքին հետ, առանց անպայման ցոլացնելու կուսակցութեան մօտեցումը։ Ըսուածը այն է, թէ «հայ գաղթօճախներու գրեթէ մեծագոյն մասին 1969թ. ընթացքին ուղարկուած է լենինեան գրականութիւն, Վ.Ի.Լենինի կարեւորագոյն աշխատութիւնները եւ 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած գրքեր, որոնք ցոյց կու տան լենինեան գաղափարներու յաղթանակը» եւ այլն, եւ այլն։ Գործի լծուեր է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն ալ։ Անոր խողովակով Հայաստան պիտի հրաւիրուին եղեր «առաջադիմական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բանուորական պատուիրակութիւններ, առաջադիմական թերթերու աշխատակիցներ»…։
Իդէպ, թերթին մի՛ակ մէկ թիւին մէջ (15 Յունուար) ընթերցողը միաժամանակ կրնայ գտնել սա՛ խորագրերը կրող երեք յօդուածներ (իբրեւ ապացոյց խորհրդայնասիրութեան). «Կայսերապաշտութիւնը աղէտ մըն է», «Բնակարանային խնդիրը սոցիալիզմի եւ կապիտալիզմի տակ» եւ «ԱՄՆ-ի մէջ 8-ի վրայ մէկ ամերիկացին՝ աղքատ»…։ Կ’ուզէք՝ հաւատացէք, կ՛ուզէք՝ մի՛ հաւատաք լուրին ճշմարտացիութեան…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)