Բառային կրկնութիւն (6)
Ներբառային կրկնութիւններ: Այսպէս կը կոչենք կրկնութեան այն տեսակը, որ տեղի կ’ունենայ բառի մը ներսը՝ զայն կազմող բաղադրիչներուն միջեւ:
Այսպիսիներու յառաջացումը յարաբերաբար նոր է հայերէնի մէջ:
Արդարեւ:
Խորհրդային կարգերու հաստատումով՝ արեւելահայերէնի մէջ հետզհետէ յառաջացան այնպիսի բառեր,− ընդհանրապէս բազմածանցաւոր,− որոնց ածանցները հոմանիշ են եւ յումպէտս կը ծանրաբեռնեն տուեալ հասկացութիւնը. ասոնց տիպար օրինակն է փոխյարաբերութիւն-ը:
Ըսելու պէտք չկայ, որ յարաբերութիւն մը անհրաժեշտօրէն կ’ենթադրէ կամ կը պահանջէ մէկէ աւելի կողմերու շփումը, առնչումը, փոխադարձումը իրարու միջեւ. երբ այս այսպէս է, իմաստային ի՞նչ նրբութիւն կամ նորութիւն կ’աւելցնէ «փոխ» նախածանցը, որ «փոխադարձ» կը նշանակէ այս պարագային. պարզապէս… ոչինչ. Այլ խօսքով՝ յարաբերութիւն-ն ու փոխյարաբերութիւն-ը իմաստային որեւէ տարբերութիւն չունին, եւ արեւելահայ բառարանները ի զուր կը ճգնին բացայայտել այդ անգոյ տարբերութիւնը:
Օրին մերոնց որոշ քննադատութիւններուն ենթարկուելէ ետք՝ բառս կամաց-կամաց հանդուրժուեցաւ արեւմտահայերէնի մէջ, տուն-տեղ շահեցաւ եւ հիմա արդէն զայն կը գտնենք կարգ մը բառարաններու մէջ. օրինակ՝ հայր Կռանեանի:
Ուր յիշեալ երկու բառերը ունին հետեւեալ սահմանումները.
*յարաբերութիւն – իրար յաճախում, հաղորդակցութիւն, առնչութիւն,
աղերս, կապակցութիւն
*փոխյարաբերութիւն – փոխադարձ կապ՝ հաղորդակցութիւն
Բերուած զանազանութիւնը բոլորովինն բռնազբօսիկ է եւ հազիւ թէ համոզէ մեզ, որովհետեւ արուեստական է ան: Այս սահմանումներուն տեղերը կարելի է դիւրաւ փոխանակել, եւ իմաստաբանական ոչ մէկ աղաւաղում պիտի յառաջանայ:
Ստորեւ ցանկ մը նման կազմութիւններու, որոնց բոլորը յառաջացած են նոյն արուեստականութեամբ, կրկնաբանական նոյն մոլորութեամբ.
* փոխհամագործակցութիւն ([1]) գործակցութիւն * փոխհատուցել, փոխհատուցում, փոխհատոյց հատուցել
Հատուցել կը նշանակէ վճարում կատարել որեւէ ծառայութեան դիմաց կամ որեւէ ձեւով գոյացած պարտքի փոխարէն, ինչպէս նաեւ՝ վճարել դիմացինին կամաւոր կամ ակամայ հասցուած վնասը ծածկելու բաւարար գումարը:
Իսկ ի՞նչ է փոխհատուցել-ը.
Կռանեան չունի այս բայը, այլ ունի միայն փոխհատուցում, որ սապէս կը սահմանէ. «փոխադարձ հատուցում՝ փոխարինում»: Ըստ ամենայնի ոչինչ ըսող սահմանում մը:
Իսկ եթէ փորձենք անպայման մեկնաբանել ըսուածը, ապա ան կը նշանակէ. «դուն ինծի կը հատուցես, ես քեզի կը հատուցեմ». ըմբռնելի՞ է նման կացութիւն մը:
Ըստ Ակադեմիայի բացատրական բառարանին՝ «Որեւէ աշխատանքի փոխարէն հատուցել կամ նիւթական վնասի դիմաց՝ կատարած ծախսը ծածկել»:
Ինչպէս նկատելի է, պարզապէս տեղքայլ կ’ընենք. փոխհատուցել-ը մեզ հատուցել-էն հեռու չի տանիր. ասոնք կը նշանակեն… նոյն բանը: Սա՛ տարբերութեամբ, որ մէկը ծանրաբեռնուած է աւելորդ ու անիմաստ նախածանցով մը:
Այս նոյն կացութեան մէջ կը գտնուին ստորեւ բերուած եւ փոխ- նախածանցով կազմուած բառերը եւս:
* փոխկապակցել, փոխկապակցում, փոխկապակցութիւն կապակցել
* փոխհամաձայնութիւն, փոխհամաձայնեցում համաձայնութիւն
* * *
Շատ աւելի լայն տարածում ունին համ- մասնիկով կազմուած ածանցաւոր ու բարդ բառերը ([2]), յատկապէս կից -ով միատեղ հանդէս եկողները:
* համագոյակցիլ, համագոյակցութիւն, համագոյակից գոյակցիլ
* համագործակցիլ, համագործակցութիւն գործակցիլ
* համադասակից դասակից
* համալծակից, համալծակցութիւն լծակից
* համալծորդ լծորդ
* համախոհակից համախոհ
* համակցել, համակցում կցել
* համակցորդ, համակցորդել կցորդ
* համահաւասար հաւասար
* համայարաբերակցութիւն յարաբերութիւն
* համավիճակակից վիճակակից
* համարուեստակից արուեստակից
* համացեղակից ցեղակից
* համընդհանուր ընդհանուր
Այս բառերէն մէկ քանին աւելի հին ծագում ունին, ինչպէս, օրինակ, համագոյակից-ը, որ դասական հայերէնէն կու գայ: Ռուբէն Ղազարեանի «Գրաբարի բառարան»-ը համագոյակից-ը կը յղէ գոյակից-ին, այլ խօսքով՝ կը նոյնացնէ այս երկուքը: Անշուշտ միշտ կարելի է հարց տալ, որ եթէ ասոնք կը նշեն նոյն հասկացութիւնը, հապա ինչո՞ւ յառաջացած է ասոնցմէ առաջինը՝ համագոյակից-ը, երբ արդէն կար գոյակից-ը:
Այս եւ նմաններուն առթիւ գործողը՝ բառերու, արմատներու եւ ածանցներու մաշումի օրէնքն է. գոյակից-ին մէջ «կից» ձեւոյթը ժամանակին հետ սկսած է մաշիլ, եւ օր մըն ալ անհրաժեշտ եղած է բառս պատուաստել հոմանիշ «համ» ձեւոյթով՝ վերաթարմացնելու, լիարժեւորելու համար «գոյակից» հասկացութիւնը: Եւ այս վերաթարմացումի, լիարժեւորումի նոյն մարմաջով ալ յառաջացած են ներբառային միւս բոլոր կրկնաբանութիւնները:
([1]) Ահաւոր է իբրեւ բառային յղացում, ուր երեք նոյնանիշ ձեւոյթներ՝ փոխ, համ, կց (կից), խտացած են, մինչ պարզագոյն գործակցութիւն ձեւը առանձին կատարելապէս ինքնաբաւ է: Եւ կարելի է միայն զարմանալ, թէ ինչպիսի՛ դիւրութեամբ նմանները կը յաջողին թափանցել արեւմտահայերէն ու տեղ գտնել մասնաւորաբար լրագրութեան մէջ:
([2]) Համ– ընդհանրապէս կը նշանակէ նոյն. ասոր վրայ աւելցող կից արմատը բոլորովին անհեթեթ կը դարձնէ տուեալ բառերը: Երկու բառերու մէջ՝ համահաւասար եւ համընդհանուր, ան կը նշանակէ ամբողջ, բոլոր. Կարելի՞ է հաւասար եւ ընդհանուր ըլլալու տարբեր ձեւեր պատկերացնել…