Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ «դժոխք պիտի բացուի, եթէ Կազայի մէջ առեւանգուած իսրայէլացիները ազատ չարձակուին մինչեւ նախագահի պարտականութիւններու պաշտօնական ստանձնումս»: Թրամփ նաեւ առաջարկեց, որ Գանատա դառնայ իր երկրին 51-րդ նահանգը, որպէսզի լուծուին Օթաուայի խնդիրները: Մեկնաբանելով Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հրաժարականը, Թրամփ կարծիք յայտնեց, որ Թրուտօ կը գիտակցի, որ իր կառավարութեան առջեւ ցցուած խնդիրները լուծելի չեն:
Իսկ արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժոլի հակադարձեց Թրամփի յայտարարութիւններուն ու շեշտեց, թէ նորընտիր նախագահը «իր մեկնաբանութիւններով ցոյց տուաւ, թէ ոչինչ գիտէ Գանատայի ուժին մասին», խոստանալով դիմակայել սպառնալիքներուն: