Անցնող օրերուն, լիբանանեան բանակը շարունակեց տեղակայումը հարաւի արեւմտեան հատուածի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, զբաղեցնելով այն դիրքերը, ուրկէ նահանջած էր երկամսեայ պատերազմի բռնկումի օրերուն: Լիբանանցի զինուորները տեղակայուեցան մասնաւորաբար Նաքուրայի, Թէյր Հարֆայի, Պէյթ Լիֆի եւ մերձակայ գիւղերուն մէջ, որոնք ծանր վնասներ կրած են իսրայէլեան շարունակական ռմբակոծումին պատճառով: Քաղաքացիական անվտանգութիւնը յայտարարեց Խիամի մէջ երեք զոհի մարմին բացայայտելու մասին, աւելցնելով որ որոնումները կը շարունակէ Նաքուրայի մէջ: