Կրկնաբանութիւն (2)
- Շատ տարածուած են այն տառացի կրկնաբանութիւնները, որոնք կը գործուին ոճական մտահոգութեան ամբողջական բացակայութեան, այսինքն՝ հոն, ուր գրողը կրկնաբանութեան յառաջացուցած տաղտուկին գիտակցութիւնը բացարձակապէս չունի, եւ զարմանալի է, որ եթէ այս կացութիւնը կը պարզեն ընդհանրապէս համբակ գրողները, անոր կը մատնուին շատ աւելի փորձառու եւ գրողական շատ լայն անցեալ ունեցող գրագէտներ եւս:
Ստորեւ օրինակներ՝ առաջարկուած սրբագրութիւններով հանդերձ. այստեղ յաճախ հարկ պիտի ըլլայ երբեմն ընդմիշտ ջնջել կրկնուող բառը, երբեմն փոխարինել զայն մէկ ուրիշով՝ դերանունով, կամ ջնջել ու փոխարինել զայն անոր մէկ որոշիչովը, որ յօդով կ’օժտենք, այսինքն՝ փոխանունութեամբ մը եւ այլն: Տրուած լուծումները կամ բերուած առաջարկները մենաշնորհեալ կառոյցներ չեն եւ կրնան դիւրաւ ունենալ իրենց տարբերակները:
* * *
Կ’ընդգծենք մեկէ աւելի կրկնութիւնները:
***Սէր չունիմ՝ բացի ալիքներուն հանդէպ ունեցած սէրէս:
—Ալիքներէն բացի սէր չունիմ:
***Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, այդ անհաւասարակշռութեան մէջ աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
—Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, ուր աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
—Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, որով աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
—Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, որուն մէջ աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
***Անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս ռուսամերիկեան նախաձեռնութեան…:
—Անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս՝ ռուսամերիկ-եանին…:
—Անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս՝ ռուսամերիկ-եանն է…:
*** Էրտողան այսուհետեւ ցոյցերուն պիտի չհանդուրժէ եւ խոստացաւ ցոյցերուն վերջ տալ:
—Էրտողան այսուհետեւ պիտի չհանդուրժէ ցոյցերուն եւ խոստացաւ վերջ տալ անոնց:
***Որպէսզի աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ սուրիացի գաղթականները վերադառնան Սուրիա:
—Որպէսզի աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ գաղթականները վերադառնան իրենց տուները:
—Որպէսզի աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ գաղթականները վերադառնան իրենց հայրենիքը:
***Կառավարութիւնը երկու ուրիշ հանքեր պիտի բանայ Հայաստանի մէջ. մէկը Քաջարանի մէջ, միւսը՝ Դաստակերտի մէջ:
—Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի բանայ երկու ուրիշ հանքեր՝ մէկը Քաջարանի, միւսը Դաստակերտի մէջ:
***Միշել Աուն իր գրասենեակին մէջ կապի մէջ մտած է…:
—Միշել Աուն իր գրասենեակէն կապի մէջ մտած է…:
—Միշել Աուն իր գրասենեակէն կապուած է…
***Վերջերս յաճախ հարցուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
—Վերջերս յաճախ ուղղուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
—Վերջերս յաճախ տրուող հարցումը հոս եւ հնչած է:
—Վերջերս յաճախ արծարծուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
***Երբ հայկական հարցի մը հարցը ծագի…
—Երբ հայկական հարց մը արծարծուի…
—Երբ հայկական հարցի մը ակնարկուի:
***Եթէ օրին լաւ ըլլային այդ կապերը, մենք այս օրուան վիճակին պիտի չհասնէինք:
—Եթէ օրին լաւ ըլլային այդ կապերը, մենք այս վիճակին պիտի չհասնէինք:
—Եթէ օրին լաւ ըլլային այդ կապերը, այս վիճակը չէր յառաջանար:
***Պաղեստինեան ահաբեկչութիւնը միջազգային կարծիքին առջեւ պիտի ստեղծէ բացասական կարծիքներ:
—Պաղեստինեան ահաբեկչութիւնը միջազգային կարծիքին մէջ պիտի յառաջացնէ բացասական տրամադրութիւններ:
- Կրկնաբանութեան կը յարին այն կառոյցները, ուր յիշատակուող հասկացութիւններու ներկայութիւնը լռելեայն կ’իմացուի արդէն, ուստի պէտք չկայ զանոնք մասնաւորելու, վերանուանելու. օրինակ՝
—Համազգայինի Կիպրոսի մասնաճիւղի հրաւէրով՝ դոկտ. Մարգարեան ժամանած է Կիպրոս՝ իր մենակատարութիւնը ներկայացնելու կիպրահայութեան: Երբ Մարգարեան հրաւիրուած է Կիպրոսի մասնաճիւղի կողմէ՝ ներկայացնելու իր մենակատարութիւնը, պարզ է, որ ան պիտի ներկայացուէր կիպրահայութեան եւ ոչ թէ… չինացիներուն:
—Խորհրդարանի նախագահը երէկուան նիստին յայտարարեց ներկաներուն, որ…
Այդ յայտարարութիւնը անշուշտ չէր կրնար ուղղուած ըլլալ… բացականերուն, ոչ ալ փողոցի անցորդներուն կամ հանրախանութի մը յաճախորդներուն:
—Արեւմտեան թեմի առաջնորդը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի նոր նշանակեալ հիւպատոսը…
Իրապէս անհրաժեշ՞տ էր մատնանշել, թէ ո՛ւր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնը կամ թէ ան տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի մէջ. առաջնորդ մը ա՛լ ուրիշ ո՞ւր կրնար ընդունիլ դեսպանը, մի՞թէ լրագրողը վախ ունի, թէ ընթերցողը այդ հանդիպումը պատկերացնէ ճաշարանի մը, թատրոնի կամ գինետան մը մէջ: