Կրկնաբանութիւն (1)
Կոչուած է նաեւ «յաւելաբանութիւն» կամ «յաւելադրութիւն»:
Կրկնաբանութիւնը ոճական մեծագոյն արատներէն մէկն է, եթէ ոչ անպայման գլխաւորը, որ շատ անհաճոյ տպաւորութիւն կը ձգէ զայն ընկալողին վրայ եւ իսկոյն կ’արժեզրկէ մեր խօսքը՝ բանաւոր թէ գրաւոր, յատկապէս գրաւոր, քանի ան շատ աւելի ակնբախ ու դիւրին յայտնաբերելի է գրաւոր խօսքի մէջ, մինչ բանաւոր խօսքի ընթացքին ընդհանրապէս այնքան ալ ժամանակ չենք ունենար կանգ առնելու խօսքի որակին, ալ ո՛ւր մնաց թէ կրկնաբանութեան վրայ՝ մեր թէ մեր խօսակիցին, որովհետեւ բանաւոր խօսքը կ’արտասանուի ու կ’անցնի: Թէեւ տարբեր է պարագան այն բանաւոր խօսքին, որ միակողմանի է, օրինակ՝ բանախօսութեան, դասախօսութեան, քարոզին, որոնց կ’ունկնդրենք միայն՝ առանց մասնակցելու խօսքին, հետեւաբար աւելի դիւրին կ’անդրադառնանք անոնց խօսքային թերացումներուն:
Կրկնաբանութիւնը կրնայ վերաբերիլ խօսքի բոլոր բաղադրիչներուն անխտիր՝ հնչիւնի, բառի, բառակապակցութեան, շարահիւսական կառոյցի եւ այլնի, որոնք խօսքը ընկալողին համար մտային անհաճոյ ու անկրելի բեռ մըն են, որուն ծանրութեան միայն խօսողը կամ գրողը ի՛նք չ’անդրադառնար, մանաւանդ առաջին նուագ. այլապէս շատ կը պատահի, որ շարադրենք մեր միտքերը եւ երկրորդ ընթերցումի մը առթիւ նկատենք անոր ակնբախ թերիները, յատկապէս կրկնաբանութիւնները, որովհետեւ բաղդատած ոճաբանական այլ թերիներու՝ կրկնաբանութիւնը յարաբերաբար դիւրին է նշմարել եւ մանաւանդ դիւրին է սրբագրել զայն. կարելի է ըսել, որ անսրբագրելի կրկնաբանութիւն գրեթէ չկայ:
Գրողէն ակնկալուածը տարրական յարգանքն է լեզուի ու ընթերցողի հանդէպ:
* * *
Կրկնաբանութեան հիմնական պատճառը խօսքի մշակուածութեան ու մասնաւորաբար բառապաշարի պակասն է, որ մեր ոճը մէկ կողմէ դարձդարձիկ կ’ընէ, միւս կողմէ կը ստիպէ, որ կիրարկենք նո՛յն բառերը: Եթէ կրկնաբանութեան մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ անձնական ճաշակի պակասը, ապա միւս կողմէ՝ ան հետեւանք է նաեւ շատ պարզ պատճառի մը, որ է արագագրութիւնը: Հետեւաբար, եթէ ան յատուկ է մասնաւորաբար համբակ գրողին, որոշ չափով ալ բնական չարիք մըն է, որ կրնայ հարուածել ոեւէ մէկը. ասկէ՝ մեր խօսքը խնամելու, զայն վերընթերցելու եւ զայն վերամտածելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը:
Այս ալ կրթանքի՝ discipline-ի հարց է, որ արդար է ակնկալել ամէն գրողէ:
Ոեւէ գրողի հիմնական առաքինութիւնը պէտք է ըլլայ սեփական գրութեան վերանայումը:
Կրկնաբանութիւնը, ինչպէս ըսինք, կրնայ ընդգրկել խօսքի բոլոր մակարդակները անխտիր, այսուհանդերձ տարրական դասակարգում մը դնելու համար այս քննարկումին՝ պիտի զանազանենք կրկնաբանութեան երեք տեսակներ.
ա) Բառային
բ) Հնչիւնական
գ) Գեղարուեստական
* *
*
ա) Բառային կրկնութիւն (1)
Բառային կրկնութեան ամէնէն շատ տարածուած տեսակը կամ կաղապարը հետեւեալն է.
***Այս մարդը շատ խելացի մարդ մըն է:
***Այս նարինջը շատ համով նարինջ է:
***Այս գիրքը շատ հետաքրքրկան գիրք մըն է:
Այս օրինակներուն մէջ նախադասութեան ենթական՝ մարդ, նարինջ, գիրք, անդին կը կրկնուի իբրեւ ստորոգելի՝ որոշիչով մը օժտուելէ ետք՝ խելացի մարդ, համով նարինջ, հետաքրքրական գիրք:
Ծոյլ, բայց նաեւ անմշակ ու աղքատ մտքերու կառոյցն է այս, այնպիսիներուն, որոնք խօսքային վայելչութեան կամ տարրական խնամուածութեան նուազագոյն մտահոգութիւնն ալ չունին:
Այսպիսիները կը սրբագրուին երկու միջոցով.
ա) Ընտրելով ենթակայէն տարբեր ստորոգելի մը. այսպէս՝
–Այս մարդը շատ խելացի մէկն է:
–Այս նարինջը շատ համով պտուղ մըն է:
–Այս գիրքը շատ հետաքրքրական գրութիւն մըն է:
բ ) Պարզապէս ջնջեով գոյական ստորոգելին:
Այս պարագային որոշիչը ինք կը կատարէ ստորոգելիի պաշտօնը. այսպէս՝
–Այս մարդը շատ խելացի է:
–Այս նարինջը շատ համով է:
–Այս գիրքը շատ հետաքրքրական է:
* * *
Շատ տարածուած են այն կառոյցները, ուր ստորոգելին որոշիչ չունի, իսկ հանգոյց բայը ժխտական կիրարկուած է. օրինակ՝
–Այս կեանքը կեանք չէ:
–Այս մարդը մարդ չէ:
Այսպիսիներուն ենթական կը բնորոշէ ընթացիկ՝ հանրածանօթ ու շօշափելի հասկացութիւն մը՝ կեանքը, մինչ ստորոգելին, որ անոր բառացի կրկնութիւնն է, նկատի ունի աւելի վերացական՝ աւելի ընտիր, փափաքելի, ցանկալի տարբերակը:
«Այս կեանքը կեանք չէ»,− ըսող անհատը նկատի ունի իր կամ խօսակիցին ապրած կեանքի դժնդակ պայմանները, իսկ ստորոգելին կը բնորոշէ այն երազուած, մաղթելի երջանիկ կեանքը, որ մտովի կ’ուրուագծէ:
Խօսողը երբեմն կը մասնաւորէ իր խօսքը՝ որոշիչ մը տալով ստորոգելիին, այսինքն կրկնուող ենթակային. օրինակ՝
–Այս կեանքը ապրուելիք կեանք չէ:
Այսպիսիները կրկնաբանութիւն չեն նկատուիր եւ մերժելի չեն: