Կազայի զարգացումներուն հարցով, Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ գործածեց վեթոյի իրաւունքը՝ խափանելու համար Կազայի մէջ անյապաղ զինադադար պահանջող բանաձեւի հրապարակումը: Բանաձեւին սեւագիրը կը պահանջէր անյապաղ զինադադար յայտարարել, գերիներ փոխանակել պաղեստինցիներուն հետ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերել իսրայէլեան ուժերը:
Քաթարի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ վարչապետը Իրանի արտաքին գործերու նախարարին հետ արծարծած է Լիբանանի եւ Կազայի զարգացումները: