ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ (ԿԻՏՈՒՐԵԱՆ)
Ծնած է Պայազիտ, 1888-ին:
Նախնական ուսումը ստանալէ ետք իր ծննդավայրին մէջ, յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը:
Վկայուած է 1914 թուին, Պոլսոյ պետական բարձրագոյն Ուսուցչանոցէն:
Պոլսոյ մէջ հրատարակած է Հնչակեան ուսանողական միութեան «Կայծ» ամսաթերթը:
1918-էն քիչ ետք որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս ղրկուած է Իրաք եւ կազմակերպած գաղթական հայերու հայրենիք ներգաղթը։
Պաղտատի մէջ 1919-ին մտած է Հ.Բ.Ը․Միութեան շարքերէն ներս եւ դարձած է Պաղտատի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մէկը եւ երկար ատեն ծառայած է որպէս վարչական։
Եղած է ուսուցիչ Պաղտատի Սուլթանիէ պետական վարժարանին մէջ:
1938-1940 վարած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի տնօրէնութիւնը:
Զահլէ գիւղաքաղաքին մէջ 1940-42 ստանձնած է Ազգային Պալըգճեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Եղած է ազգային գաւառական, քաղաքական, ուսումնական ժողովներու անդամ։ Եղած է նաեւ առաջին խմբագիրը «Արարատ» օրաթերթի, որ հիմնադրուած է 1937-ին, Պէյրութի մէջ։
Եղած է ղեկավարներէն Ս․Դ․Հնչակեան կուսակցութեան։
Արսէն Կիտուր խմբագրականներէն եւ յօդուածներէն դուրս հրատարակած է ութ հատորներ, որոնցմէ վերջինը՝ «Պատմութիւն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան» Հտ․ Ա․, Պէյրութ, 1962, Հտ. Բ. Պէյրութ, 1963։
Կը մահանայ 1976-ին եւ կը թաղուի Պէյրութի ազգային գերեզմանատան Հնչակեան պանթէոնին մէջ:
ՄԻՀՐԱՆ Մ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Ծնած է 1902-ին, Ատանայի Շէյխ Մուրատ գիւղը։
Աքսորի սեւ օրերուն ապրած է Հաւրանի եւ Դամասկոսի մէջ։
Ուսումը կը ստանայ Ատանայի Աբգարեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Ուսանողական տարիներուն իսկ կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերուն։ Կ’աշխատակցի «Նոր Սերունդ» եւ «Տաւրոս» հնչակեան թերթերուն:
1922-ին, Դամասկոսի մէջ, Սուքիասեանի եւ Տօնիկեանի հետ կը հիմնէ Հնչակեան ուսանողական միութիւնը, որուն վարիչը կը դառայ մինչեւ 1926։
Պէյրութ փոխադրուելով կը վերակազմէ Հնչակեան ուսանողական միութիւնը։
Կը խմբագրէ «Լիբանան» հայաստանեան թերթը, կը վարէ Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ քարտուղարութիւնը, միեւնոյն ատեն դասաւանդելով Սահակեան վարժարանին մէջ։ 1940-ին կը կարգուի Աբգարեան վարժարանի աւագ ուսուցիչ:
1950-էն մինչեւ 1962 վարած է Զահլէի Ազգային Պալըգճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Անդամակցած է «Հնչակեան պատմութեան», ինչպէս նաեւ «Ատանայի հայոց պատմութեան» խմբագրութեան:
Ունէր հրապարակախօսի բնատուր շնորհք:
Բացի իր իսկական անունէն, ան իր յօդուածները կը ստորագրէր նաեւ կարգ մը գրչանուններով, ինչպէս՝ Մ. Մ., Մարտունի, Ս․ Սլաք, Մ. Արամայիս, Մի Շէյա, Մի Շէյխմուրատցի, Իրազեկ, Ճամբորդ, Անդր Նահրցի։
Մահացած է Պէյրութի մէջ, 5 Սեպտեմբեր 1964-ին:
ՎԱՀԱՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Ծնած 1905-ին, Սեբաստիա:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Արամեան վարժարանին մէջ։
Տարագրութեան արիւնոտ գողգոթային վրայ կը զոհուին իր ծնողքը։
1916-ին կը մտնէ Այնթապի Ամերիկեան որբանոցը, որուն հետ միասին կը փոխադրուի Պէյրութ եւ ապա Ճիպէյլ։ Հոն կը շարունակէ իր ուսումը։
Ճիպէյլի որբանոցին մէջ հրատարակուող «Տուն» ամսաթերթին կ’աշխատակցի հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով:
1923-ին կեդրոնէն կը հրահանգուի 15 տարեկանէն վեր տղաքը չթողուլ որբանոցը։ Որով կը ստիպուի, հակառակ իր ուսանելու բուռն փափաքին, ձգել որբանոցը եւ կու գայ Պէյրութ: 1925-ին կը հրատարակէ իր անդրանիկ գրքոյկը՝ «Վշտի ցոլքեր»:
1928-ին կը յաջողի մտնել Ֆրանսական զինուորական մթերանոցը, ուր կը պաշտօնավարէ երկար տարիներ:
Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ թղթակիցն եղած է Փարիզ հրատարակուող «Նոր Երկիր» օրաթերթին։
1934-ին ընտրուած է Պուրճ Համուտի շրջանակին թաղապետութեան անդամ:
ԱՐՄԷՆ ՂԱՐԻՊ
Ծնած է Մերսին քաղաքին մէջ, 15 Օգոստոս 1915-ին:
Եաթաղանէն ճողոպրելով 1922–1938 տարիներուն ընտանիքով ապաստանած են Դամասկոս:
Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, որմէ ետք երկրորդականը աւարտած է Լազարիստ հայրերու գոլէճէն:
Դամասկոսի մէջ 14 տարիներ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է «Սէն Ժոզէֆ» (1932-1933), «Հայ Աւետարանական» (1933-1934) եւ «Միացեալ» (1934-1937) վարժարաններուն մէջ:
Պէյրութ կը տեղափոխուի 1938-ին:
10 Յունիս 1938-ին, նորագիր Հնչակեան ուխտը կը կատարէ Արմէնակ Էլոյեանի կնքահայրութեամբ եւ Արսէն Կիտուրի հանդիսապետութեամբ:
Մինչեւ 1946 թուական կը պաշտօնավարէ Սահակեան վարժարանէն ներս:
Որպէս տնօրէն կը պաշտօնավարէ Աբգարեան (1946-1952), Ռուբինեան (1952-1957) եւ իր սեփական՝ Նոր Բարձրագոյն (1957-1982) վարժարաններուն մէջ:
Ամուսնացած է Վարդուհի Թահմիզեանի հետ, 1949-ին: Ունեցած է երեք դուստր:
1942-ին նշանակուած է Հ.Մ.Մ.-ի լիազօր ատենապետ:
Իր խմբագրապետութեամբ հրատարակած է Հ.Մ.Մ.-«Կայծ» պաշտօնաթերթը:
Կազմած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի «Գողթան» երգչախումբը:
Կը մահանայ 1990-ին:
ՀՐԱՆԴ ԳԱՆԳՐՈՒՆԻ (Աբիսողոմ Գրըշըքեան):
Գրող, պատմաբան, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ։
Ուսանած է Սահակեան վարժարանի, 1943 թուականին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի եւ Պէյրութի ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին մէջ։
1976-1984 թուականներուն եղած է Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէն։
1948-էն հանդիսացած էՀնչակեան կուսակցութեան«Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ։
Ասատուր Էլճանեանի մահէն ետք Արսէն Կիտուրի հետ դարձած է թերթի խմբագիրը:
Եղած է Հ.Մ.Մ. «Կայծ» ամսագրի փոխխմբագիրը, ինչպէս նաեւ «Արարատ Գրական»-ի խմբագրութեան անդամ։
Գանգրունին հեղինակ է բազմաթիւ գեղարուեստական երկերու։ Անոնցմէ նշենք՝ «Հայ յեղափոխութիւնը օսմանեան բռնատիրութեան դէմ (1890–1910 թթ.)», «Հայաստան 1918 եւ հայ քաղաքական միտքը», «Հայաստան 1920-1921 եւ միջազգային դիւանագիտութիւնը», «Յանուն հայրենիքի 1887-1987», «Սօցիալ Դէմօկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը յանուն հայրենիքի», «Ցեղասպան Իթթիհատը 1908-1923», «Հայ դատի պատմութիւն (1878–1914 թթ.)»:
Մահացած է 8 Մայիս 2006 թուականին։
ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ (ԹՕՍՈՒՆԵԱՆ)
Ծնած է Ճիպէյլ, 1929 թուականին:
Կարկառուն ու յառաջապահ դէմքերէն մին Հնչակեան կուսակցութեան, ուր վարած է պատասխանատու պաշտօններ։ Ազգային-հասարակական գործիչ, երկար տարիներ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, 1987-1990 թուականներուն նոյն վարչության ատենապետ Ժիրայր Նայիրի կուսակցութեան պատուիրակը եղած է տարբեր համագումարներում ընթացքին, մեծ ծառայութիւններ մատուցած է Սփիւռք-Հայաստան կապերու սերտացման համար, մանաւանդ խորհրդային տարիներուն:
Ժիրայր Նայիրիի անունը անքակտելիօրէն կապուած է կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Արարատ»-ին, որուն խմբագիրի պաշտօնը վարած է տասնամեակներ շարունակ՝ շուրջ 50 տարի, իր առաջնորդող յօդուածներով վերագծելով կուսակցութեան գաղափարական ուղեգիծը ու ձեւաւորելով իրեն հաւատարիմ հանրային կարծիք մը:
Ժիրայր Նայիրի հին սերունդի երեւելի խմբագիրներէն մին էր։ Ունի հրատարակուած գիրքեր։
Մահացած է 27 Նոյեմբեր 2013-ին, Պէյրութ:
ՄԻՀՐԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Ծնեալ Տիգրանակերտ, ասպարէզով դեղագործ եւ դեղարանատէր:
Եղած է ականաւոր ազգային-քաղաքական եւ հասարակական գործիչ:
Հնչակեան ձեռնադրուած է Տիգրանակերտի մէջ, մեծանուն յեղափոխական Փարամազի ձեռամբ։
1913-1920 Հալէպի ու Պէյրութի մէջ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած է իբրեւ «խռովարար»։
Եղած է գրող, հրապարակախօս-հրապարակագիր, լրագրող-խմբագիր եւ հրատարակիչ։
Ան 1913-էն սկսեալ Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ հրատարակած եւ խմբագրած է բազմաթիւ պարբերականներ. «Աղբիւր» պարբերաթերթ՝ 1913-ին Հալէպ, «Ժպիտ» երգիծաթերթ՝ 1927-ին Պէյրութ, «Լիբանանի գրպանի տարեցոյց»՝ 1933-ին Պէյրութ, «Սահակ Մեսրոպ» ամսաթերթ՝ 1927-1937 Պէյրութ, «Լիբանան» քաղաքական թերթի պատասխանատու խմբագիր 1924-1934 Պէյրութ, «Արարատ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր 1956-1960, Պէյրութ)։
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ (ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ)
Ծնած է 15 Մարտին, Պէյրութ: Պատմաբան, լրագրող, խմբագիր, դասատու:
Որդին է բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Սարգիս Արմէնի (Փոշօղլեան), որ հեղինակ է հինգ բանաստեղծական հատորներու:
Աւետիս Ռազմիկ նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ազգ. Ռուբինեան վարժարանէն ներս: Միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանք եւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճ:
1984-1990 թուականներուն՝ ուսանող Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին, որ աւարտելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր:
Լիբանանի մէջ Աւետիս Ռազմիկ վարած է խմբագրական աշխատանքներ եւ 1993-էն 2002 պաշտօնավարած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճէն ներս՝ դասաւանդելով հայոց պատմութիւն, հաոց լեզու եւ գրականութիւն, մատենագրութիւն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն:
2002-ին փոխադրուած է Կիպրոս (Նիկոսիա) եւ պաշտօնավարած՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս, դասաւանդելով հայոց պատմութիւն, մինչեւ հաստատութեան փակումը՝ 2005 թուականին:
1983-ին Աւետիս Ռազմիկ անդամագրուած է Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան:
1991-1998 թուականներուն՝ ատենապետ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան:
1994-2000 թուականներուն՝ պատասխանատու խմբագիր Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Արարատ» օրաթերթին, որուն աշխատակցելու սկսած է 1983-էն ի վեր եւ մինչեւ օրս:
Անդամ եղած նաեւ խմբագրական կազմին:
2005-էն Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի Վարիչ մարմինի անդամ, 2011-էն ի վեր՝ ատենապետ:
2013-ին Աւետիս Ռազմիկ ընտրուած է Կիպրոսի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, մինչեւ օրս վարելով անոր ատենադպրութեան պաշտօնը:
Որոշ շրջան մը եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Կիպրոսի յանձնախումբի անդամ:
Կարճ շրջան մը խմբագրած է «Արարատ» երիտասարդական եւ մարզական յաւելուածները: Նաեւ աշխատակցած է «Ազգային Մշակոյթ» եւ «Կանչ» շաբաթաթերթերուն (Լիբանան), «Փարոս» եւ «Ազատ Ձայն» ամսաթերթերուն (Կիպրոս) եւ «Պայքար» շաբաթաթերթին:
Աւետիս Ռազմիկ օգտագործած է Կորիւն, Մոծակ, Վարազ Դեւեան եւ այլ ծածկանուններ:
2017-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է իր հրապարակագրական էջերէն ընտրանի մը՝ «Կեանքի կարուսել» խորագրով (360 էջ) (Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշար, թիւ 28):
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Սարգիս Անմահունի Նաճարեան, ծնած է 22 Նոյեմբեր 1937-ին, Պէյրութ:
Աւարտելէ ետք Յիսուսեան Հայրերու Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը, Սարգիս իր ուսումը կը շարունակէ International High Institude (IHI) արհեստագիտական վարժարանին մէջ եւ ֆրանսական Ecole Superieure des Lettres-ի մէջ։
Մինչ այդ, հայերէնագիտական իր գիտելիքները կը զարգացնէ նախ իր հօր, ապա ականաւոր հայերէնագէտներու առաջնորդութեամբ:
1957-ին Սարգիս մուտք կը գործէ լրագրութեան ասպարէզ եւ աստիճանաբար անդամ կը դառնայ Լիբանանի լրագրող-խմբագիրներու Կարգին, Լիբանանի Մամուլի Կարգին, Արաբ Լրագրողներու Դաշնակցութեան, Լրագրողներու Միջազգային Դաշնակցութեան, Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան։
1957-էն սկսեալ եւ մինչեւ 2003 անընդմէջ, Սարգիս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Արարատ» քաղաքական օրաթերթին մէջ կը վարէ հետեւեալ պաշտօնները՝ թարգմանիչ, սրբագրիչ, թղթակից, մարզական խմբագիր, քաղաքական լրատուութեան բաժնի խմբագիր, վարիչ խմբագիր եւ պատասխանատու խմբագիր։ Հիմնադիր-խմբագիրներէն է Հ.Մ.Մ.-ի կողմէ հովանաւորուած «Արարատ-Մարզական» շաբաթաթերթին։
Զուգահեռաբար՝ 1960-1972 կ’աշխատակցի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին։
1965-1974 քաղաքական լրատուութեան բաժնի խմբագիր «Այգ» օրաթերթին:
1970-էն սկսեալ կ’աշխատակցի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «ՄԱՍԻՍ» քաղաքական շաբաթաթերթին եւ «Աւետիք» պարբերաթերթին։ Կը նշանակուի անդամ «Մասիս»-ի խմբագրութեան եւ 2005-էն ցայսօր՝ խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն։
2003-2007, պատասխանատու խմբագիր Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան դպրեվանքի «Կանչ Հրեշտակապետին» պարբերականին եւ միեւնոյն տարիներուն լրագրութիւն կը դասաւանդէ Զմմառու դպրեվանքի սաներուն։
Հայաստանի Հիւսիսային համալսարանէն ստացած է «Պրոֆեսորի Գիտական Կոչում»։
Պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով:
Հեղինակ է վեց գիրքերու:
«ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ԱՐՏՕՆԱՏԷՐԸ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՀԱՃԸՆԼԵԱՆ
Ծնած է 29 Նոյեմբեր 1899-ին, Սեբաստիոյ Կէմէրէկ գիւղաքաղաքին մէջ։
Դպրոց զացած է Կէմէրէկ Արամեան վարժարանը մինչեւ Զ. դասարան, 1915-ին Եղեռնի պատճառաւ կէս ձգած է։
1915 Յունիսին տարագրուած է։ Եղեռնի շրջանին չորս տարի թիւրքմէն Հաճօղլու Մէհմէտ էֆէնտիին քով մնացած է եւ անոր շնորհիւ ազատուած է ջարդէն։
Զինադադարին Կիլիկիա անցած է, նախ՝ Տարսոն, ապա՝ Ատանա, 1919 Յուլիսին: Ատանայէն հեռացած է 1920-ին Գարաթաշի ճամբով, երբ ֆրանսացիները Ախարճա հաւաքուած Հաճընի օգնական կամաւոր հայերը զինաթափեցին։
Առագաստանաւով Մերսին ելած, Մերսինէն ալ Պէյրութ հասած է 1920 Սեպտեմբերին:
1924-ին անդամակցած է Ս․ Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան, կարողութեան սահմանին մէջ կուսակցական որոշ պաշտօններ վարած է։ Եղած է վարիչ մարմիններու անդամ:
1925-ին Կէմէրէկի Լուսատու հայրենակցական միութեան վարչականներէն եղած է մինչեւ 1945:
1931-ին Վրանաքաղաքի` Գարանթինա եւ Ամանոս թաղամասերուն Ս ․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղական կ’ընտրուի։
Անդամ էր ՀՕԿ-ին (Հայաստանի օգնութեան կոմիտէ)։ 1936-ին ՀՕԿ-ի համագումարին որպէս պատգամաւոր կը մեկնի Փարիզ:
1937-ին «Արարատ» օրաթերթի արտօնատէր եղած է, դիմագրաւելով քաղաքական բոլոր անպատեհութիւնները եւ անձին սպառնացող վտանգները օտար գաղութային իշխանութեանց կողմէ։ «Արարատ»-ը եղած է որդեգիր մը իրեն համար, որուն հանդէպ գուրգուրանք ունեցած է։
1935–38 իբր հոգաբարձու կ’օժանդակէ Սահակեանի յառաջդիմութեան եւ մինչեւ մահը Սահակեանի աւերակներու (փլուզում, հրդեհ) նորոգութիւններուն կամաւոր վերահսկիչը կ’ըլլայ:
1946-ին Պուրճ Համուտի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգային Աբգարեան վարժարանին թաղական կ’ընտրուի եւ կը ծառայէ վարժարանին ու եկեղեցիին, մինչեւ 1949։
Կեանքի վերջին տարիներուն այցելեց Մայր Հայրենիք:
Իր հեզ բնաւորութեամբ, տեղին քննադատութիւններով, ուղղամտութեամբ եւ անբասիր նկարադրով շահած է յարգանքն ու սէրը իր շրջապատին։ Ամէնուրեք գնահատած է պարկեշտութիւնը, սկզբունքային հետեւողականութիւնը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը։ Համեստութիւնն ու գաղափարասիրութիւնը մնացին զարդը իր օրինակելի անհատականութեան:
(«Արարատ», 22 Օգոստոս 1974)