Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ՝ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՈՃԻՐԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑ

November 5, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ՝ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՈՃԻՐԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑ

 

 

Լիբանանեան սահմանային գօտիին մէջ գործող իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին առաջնագիծի շարք մը գիւղերու բոլոր կառոյցները ամբողջութեամբ պայթեցնելու ոճրագործութիւնը: Մհայպիպէն եւ Մարքապայէն ետք, հերթը երէկ Արեւելեան հատուածի Մէյս էլ-Ժապալ գիւղին էր, ուրկէ թշնամին հրապարակեց համատարած կործանումին տեսագրութիւնը: Ժամեր անց, նշեալ գիւղէն արդէն հեռացած քաղաքացիները Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութենէն պահանջեցին միջամտել եւ բացայայտել գիւղին մէջ մնացած չորս տարեցներու ճակատագիրը, աւելցնելով որ անոնց հետ կապը կտրուած է շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր:

Հարաւային շրջաններն ու Պեքաան եւս երէկ ականատես դարձան հետեւողական հարուածներու: Արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնը յայտարարեց, թէ Մաշղարայի մէջ մահացած է չորս մարդ, վիրաւորուած՝ երեք: Երեք քաղաքացի ալ զոհուած է Արապսալիմ գիւղին մէջ: Օդային հարուածներով եւ հրետանիով ռմբակոծուած են նաեւ Սուրի գիւղերը եւ Այթա Ժապալը:

Պեքաայի հիւսիսային Պաալպաք գաւառը անցնող երկու օրերուն ենթարկուեցաւ ծանրագոյն հարուածներու, որոնց լոյսին տակ քաղաքը գրեթէ դատարկուեցաւ ու քաղաքացիները ապաստանեցան Տէյր էլ-Ահմարի քրիստոնէաբնակ շրջանը եւ Աքքար՝ խուսափելու համար իսրայէլեան ծանր ռումբերէն:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, թէ անօդաչու սարքերով եւ հրթիռներով թիրախաւորած է իսրայէլեան շարք մը զօրամասեր եւ խարիսխներ, ինչպէս նաեւ կրակ բացած է Լիբանանի հարաւային գիւղերուն կից կուտակուած իսրայէլեան ուժերուն վրայ: Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ վերջին 24 ժամերուն  Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ առնուազն 9 զինուորներու վիրաւորումին մասին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՃԱՏՐԱԿ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲՈՂՈՔ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲՈՂՈՔ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲՈՂՈՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.