Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցա խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցան 2024-2025 թուականներուն ոստիկանութեան ոլորտի բարեփոխումներու ռազմավարական ծրագրին եւ անկէ բխող գործողութիւններուն նախագիծն ու անոր վերաբերող հարցերը: Յայտարարուեցաւ, որ բարեփոխումներուն նպատակն է բարելաւել մատուցուող հանրային ծառայութիւններուն որակը եւ բարելաւել ոստիկանութեան կառուցուածքը: