Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

November 2, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

 

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Արոլտօ Լազարոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն հետ արծածարծեց հարաւային զարգացումները՝ ներառեալ միջազգային ուժերու կեդրոններուն թիրախաւորումները, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած են քանի մը խաղաղապահներ: Պըրրի դրուատեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի անդամներուն զոհողութիւնները եւ դիրքերէն չնահանջելու յանձնառութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը ցաւ յայտնեց, որ Սեպտեմբերէն ի վեր Իսրայէլ անտեսած է զինադադարի յանգելու, 1701 բանաձեւը գործադրելու եւ սահմանին երկու կողմէն տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու քանի մը հնարաւորութիւն: «Լիբանան յանձնառու կը մնայ 1701 բանաձեւին, որպէս իրավիճակը հակակշիռի տակ պահելու միակ միջոց», շեշտեց Պըրրի, որ երէկ տեսակցեցաւ նաեւ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Իսկ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հերքեց, թէ Ուաշինկթըն Լիբանանէն պահանջած ըլլար միակողմանի զինադադար՝ հնարաւորութիւն տալու համար ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան քննարկումներուն: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանէն կը պահանջէ միակողմանիօրէն դադրեցնել հրթիռարձակումները եւ նստիլ բանակցային սեղան:

Միքաթի եւս ընդունեց Լազարօն եւ Պէյրութի յանձնառութիւնը յայտնեց 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան: «Իսրայէլեան գործողութիւններուն սաստկացումը ցոյց կու տայ, որ անոնք կը մերժեն զինադադար յայտարարել»:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

Next Post

ՄԱՀԱՑՈՒ ՈՂՈՂՈՒՄՆԵՐ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post
ՄԱՀԱՑՈՒ ՈՂՈՂՈՒՄՆԵՐ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

ՄԱՀԱՑՈՒ ՈՂՈՂՈՒՄՆԵՐ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.