Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՊԱԱԼՊԱՔԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

October 31, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՊԱԱԼՊԱՔԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

 

Իսրայէլեան ռազմական գործողութիւնները երէկ կեդրոնացան մասնաւորաբար Պեքաայի հիւսիսային շրջաններուն՝ Պաալպաք եւ Հըրմէլ գաւառներուն վրայ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, իսրայէլեան բանակի բանբերը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց անյապաղ հեռանալու Պաալպաք քաղաքի մեծ մասէն եւ մերձակայ գիւղերէն, որմէ ետք Պաալպաք-Հըրմէլի նահանգապետ Պաշիր Խըտր յայտնեց շրջանին մէջ տիրող համատարած խուճապի մասին եւ բնակչութեան առաջարկեց անյապաղ ապաստանիլ հիւսիսային Լիբանան, պահանջելով չուղղուիլ Պաալպաքի հռոմէական տաճարի տարածք: Կարճ ժամանակ ետք սկսան իսրայէլեան օդային հարուածները, որոնք չդադրեցան մինչեւ ուշ գիշեր, թիրախաւորելով Հըրմէլն ու մօտակայ շրջանները, Պաալպաք քաղաքն ու անոր արեւելեան եւ արեւմտեան գիւղերը: Պեքաայի հարաւային շրջաններուն մէջ, ծանրօրէն ռմբակոծուեցան Սըհմոր եւ Լըպպայա գիւղերը, իսկ հարաւի մէջ շարունակական հարուածներու ենթարկուեցաւ Նապաթիէի շրջանը

Երէկ շարունակուեցան իսրայէլեան ռազմական օդանաւերուն թռիչքները Լիբանանի ամբողջ տարածքին՝ մասնաւորաբար Քսըրուէն եւ Ժըպէյլ գաւառներուն վերեւ, որոնք արեւելեան հատուածէն սահմանակից են հարուածներու ենթարկուած Պաալպաք-Հըրմէլ գաւառներուն:

Իսրայէլեան անօդաչու սարքերը երէկ երեք առիթներով ինքնաշարժներ թիրախաւորեցին Արայայի, Պշամունի եւ Ալէյ-Քըմաաթիէի ճամբաներուն վրայ, ուր լիբանանեան բանակը միջամտեց եւ ապահով միջոցներով պայթեցուց նշեալ ինքնաշարժներուն մէջ չպայթած զինամթերքը: Իսկ Քահալէի եւ Արայայի քաղաքապետութիւնները հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեցին գիւղական ճամբաներուն գործածութիւնը՝ զինեալներ եւ զէնք փոխադրելու նպատակով, առնչակից կողմերէն պահանջելով խաղաղ բնակչութիւնը զերծ պահել իսրայէլեան հարուածներու վտանգէն: Իսկ իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ ահաբեկած են Հըզպալլայի Ռատուան յատուկ ջոկատի փոխհրամանատար Մուսթաֆա Շահատին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄ

Next Post
  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄ

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.