Այժմ, ակնթարթ մը վերադառնանք Հալէպի արուարձաններէն՝ Տաւուտիէի Հ.Մ.Մ.-ի մասին մեր յուշագրութեան, կատարելու համար անհրաժեշտ յաւելում մը։
Սկաուտական խորհուրդը [Հալէպի] կը յայտարարէր՝ ըստ իր ծրագրին, երկօրեայ բանակում Զատիկին յաջորդող «Կարմիր Կիրակի»ին, դէպի Հալէպի արուարձաններէն՝ Տաւուտիէի բարձունքը, որ այդ տարիներուն նաե՛ւ կը կոչուէր «պոլշեւիկ տաղը» բնակուած ըլլալով – բացառաբար– համոզուած հայրենասէր ընտանիքներէ։ Իսկապէս, որ պատահականութեան արդիւնք չէր յաջորդ բանակումի վայրին ընտրութիւնը։ Քանի որ շրջանը նախ, որպէս հայահոծ աւան, ապա՝ Տաւուտիէի հիմնադրութեան [1936] առաջին օրերէն ասդին, եղած է Հ.Մ.Մ.-ի եւ զինք հովանաւորող Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան աշխոյժ գործունէութեան եւ մարդուժի միջնաբերդը։ Այս շրջանէն ներս, Հ.Մ.Մ.-ը հոն գործող միակ մարզա–կրթական կազմակերպութիւնն էր, որ ունէր ակումբ, դաշտ, եօթը-ութ ֆութպոլի եւ տարբեր մարզաձեւեր կիրարկող խումբեր՝ «Արարատ», «Փարամազ», «Երեւան» եւ այլ հայկական անուններով։ Պասքէթպոլի տղոց եւ աղջկանց կազմերը առաջին տեղ կը գրաւէին։ Յիշենք այստեղ, որ 1940-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ, տեղի ունեցաւ պասքէթպոլի դաշտի բացումը, նախագահութեամբ ընկ․ Երուանդ Թիւմպալեանի, որ այդ պահուն իր շուրջ ունէր շրջանի հոգեւոր նուիրեալ հովիւ Արժ. Տէր Եղիշէ քհնյ. Փանոսեանը, շրջանի միութենական անխոնջ և հաւատալից պատասխանատու ընկ. Աւետիս Էքմէքճեանը, Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան եւ Թաղական խորուրդի անդամները եւ, անտարակույս, խուռներամ մարզասէր ու գաղափարակից հանդիսատեսներ։ Այս շրջանին մէջ, մասնաւորաբար, ամէնէն աշխոյժ գործունէութիւնը սկաուտութիւնն էր, շնորհիւ հիմնադիր եւ խմբապետ ընկ. Գրիգոր Գոնտուրալեանի ջանքերուն։
1936-ին Տաւուտիէի հոգեւոր հովիւ եւ դպրոցի ուսուցիչ Գերշ․ Տ. Գնէլ եպս․ Ճէրէճեանը (այն ատեն տակաւին վարդապետ, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն՝ Դամասկոսի թեմի Բարեջան Առաջնորդ), մօտ երեք տարի նուիրումով ծառայած է շրջանի ժողովուրդին։ Ան յարատեւ ու սերտօրէն գործակցած է խմբապետ ընկ. Գրիգոր Գոնտուրալեանին հետ, սկաուտներու եւ երիտասարդներու դաստիարակման աշխատանքներուն։
Այդ օրերուն, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական երդման արարողութեան իբր հովանաւոր, յաւուր պատշաճի խրախուսիչ եւ այլապէս գնահատելի ելոյթ ունեցած է Հոգշ․ Տ․ Գնէլ որ, այնուհետեւ, Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան որոշումով, դարձեր էր կազմակերպութեան Հոգեւոր Առաջնորդը։
Խմբապետ ընկ․ Գ․ Գոնտուրալեանի հայրենադարձուելէն յետոյ, իրեն փոխարինեց Հ.Մ.Մ. Հալէպի շրջանի փոխխմբապետ՝ ընկ․ Ազատ Եազըճեանը։
Տեղն է հոս անկեղծօրէն շեշտելու, թէ շրջանի Հ.Մ.Մ.-ի եւ կուսակցութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն եւ պատասխանատու ղեկավարներէն էր վաստակաւոր կուսակցական ու զոհաբեր ընկ. Աւետիս Էքմէքճեանը, երկար տարիներ։ Ան, նոյնպէս, թէ՛ հիմնադիրը եւ թէ՛ պատասխանատուն էր «Անդրանիկ» թատերախումբին, անոր լաւագոյն դերակատարը, մանաւանդ «Վարդանանց»-ի մէջ, Ղեւոնդ Երէցի տիպարի մարմնաւորումով։ Շատ տարիներ ետք, դեռ կարօտով կը վերյիշենք իր իբր Ղեւոնդ Երէց շրջիլը Աւարայրի դաշտին վրայ, ողբալով նահատակուած իշխաններու եւ մարտիկներու մահը դերասանական խոր ապրումով մը, որ մեծ յոյզ պատճառած էր բեմադրութեան ներկայ հանդիսատեսներուն։
Տաւուտիէի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութիւնը եւ թաղականութիւնը, միասնաբար, շատ գովելի եւ նպատակայարմար ծրագիր մը մշակած էին Սբ. Զատկուան յաջորդ երկրորդ Կարմիր Կիրակին «Հայկական Օր» հռչակելով [1945–թ․]։ Ամէն տարի այդ օր, պատշաճ հանդիսութիւն կը կատարուէր, կը գործադրուէր յատուկ յայտագիր։ Իրերայաջորդ տօնախմբութիւնները աւելի ուշ աւանդութիւն դարձան։ Աւելցնենք, որ Հալէպի սկաուտական փողերախումբն ալ ամէն առթիւ կը մասնակցէր յայտագրին եւ յատուկ փայլ կու տար ձեռնարկին։
Սկաուտական խորհուրդին եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ մշակուած էր յատուկ յայտագիր, Տաւուտիէի «Հայկական Օր»-ը՝ Շաբաթը եւ Կիրակին միասին, կազմակերպուած ու յաջող հանդիսութեամբ տօնակատարելու համար։
Մշակուած յայտագրէն դուրս, սկաուտները պարտականութիւն ունէին նաեւ օգնելու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ, յատկապէս, շրջանի տիկիններուն, որոնք աշխուժօրէն կը գործէին հերիսայի պատրաստութեան համար։
Անկասկած, որ մինչեւ առաւօտ պիտի տեւէր անոր եփիլը թէժ կրակի վրայ։ Ուստի, կամաւոր շատ երիտասարդներ կ’օգնէին աշխատողներուն։ Բոլորը համոզուած էին, որ երգով ու պարով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ եփած հերիսա–մատաղը շատ աւելի համով պիտի ըլլար։ Մինչ անդին, իրենց անմիջական մօտիկը, մարզադաշտին վրայ, սկաուտները կը պատրաստուին իրենց յայտագրի գործադրութեան։
Գալով ժողովուրդին՝ ասոնք, մեծով ու պզտիկով, բոլորուած են դաշտին շուրջ, ուր ճարճատող խարոյկը կը լուսաւորէ շրջապատը։ Կը սկսի գործադրութիւնը խնամքով պատրաստուած յայտագրին։
Սկաուտական խաղեր, երգեր եւ արտասանութիւններ իրար կը յաջորդեն։ Բայց, ամէնէն աւելի, փողերախումբն է, որ կը խանդավառէ երեկոն եւ թունդ կը հանէ սիրտերը իր կատարած ազգային ու հայրենասիրական երգ–եղանակներով։
Ներկայ հանդիսականները իրենց գնահատութիւնը կ՚արտայայտեն բուռն ու կրկնուող ծափահարութիւններով, եւ ցանկալով, որ երիտասարդներն ու պատանիները մնան միշտ քաջարի, մշտակորով եւ յաջողակ։
Յաջորդ առաւօտուն՝ «Կարմիր Կիրակի»-ին, շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը եկեղեցին ու բակը լեցուցած են, որ հետեւին Ս․ Պատարագի խորհուրդին։
Արարողութեան աւարտին, գլխաւորութեամբ շրջանի անխոնջ հովիւ՝ Արժ. Տէր Եղիշէ Փանոսեանի [կեանքի մայրամուտին Մարսէյլի (Ֆրանսա) Սեն Ժերոմ արուարձանի ծուխը արդիւնաւէտ հովուած], դպրաց դասին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ, ժողովուրդն ալ իրենց ետեւէն` տանելով կը հասնին դաշտ, հերիսայի խոշոր կաթսաներուն մօտ:
Հոս է, որ տեղի կ՚ունենայ տպաւորիչ եւ բացօթեայ եկեղեցական արարողութիւնը։ Կ՚օրհնուի, աւանդական սովորութեամբ, հայկական հերիսան, բաժնուելու համար ժողովուրդին։
Կը յաջորդէ դադար ու հանգիստ, պատրաստուելու համար կէսօրէ ետք կայանալիք եզրափակիչ հանդիսութեան։
Որոշեալ ժամուն ներկայ են ոչ միայն շրջանի պատասխանատու ղեկավարները եւ աւանի բնակիչները, այլեւ՝ հոծ թիւով միութենականներ, հայրենասէր ազգայիններ ու կազմակերպութիւնը գնահատող բարեկամներ։ Բոլորուած են դաշտին շուրջ, սպասելով յայտագրի վերջին մասի գործադրութեան։
Փողերախումբին առաջնորդութեամբ կատարուող սկաուտներու տողանցքը, որուն կը մասնակցէին նաեւ շրջանի մարզիկները, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին հանդիսականներուն մօտ։ Ասոր յաջորդեցին սկաուտական խաղերը։ Յետոյ՝ գեղարուեստական ելոյթներ՝ երգ, ասմունք, պար, հայրենասիրական–կուսակցական խմբերգ։
Շատ տպաւորիչ, հայրենասիրական ոգիով զեղուն, կուռ ճառ մը արտասանեց շրջանի հոգեւոր հովիւ, լուսահոգի Տէր Եղիշէ Փանոսեանը, որ ոգեւորեց ներկայ բոլոր հանդիսականները։
Քահանայ հօր ելոյթով վերացած՝ ժողովուրդէն եկող անսպասելի ձայներ լսուեցան․— «Տէր Հայր, դուն մեր նոր օրերու Ղեւոնդ Երէցն ես»։
Ո՞վ կրնար անտարբեր մնալ նման փաղաքշական արտայայտութիւններ լսելով եւ ինքզինք ուրախ չզգալ։
Բայց, Տէր Եղիշէ, որուն կեանքը նուիրում եղաւ Հալէպէն՝ Քեսապ, Լիբանան, Ֆրանսա [Մարսէյլ] եւ այլուր, համեստաբար պատասխանեց.– «Քաւ լիցի, սիրելիներ, քաւ լիցի։ Ես, մեղաւորս, եթէ Անոր աշակերտը կոչուէի, այս մէկը, ինծի համար, մեծագոյն պատիւը պիտի ըլլար»։
Եզրափակիչ հանդիսութիւնը իրապէ՛ս, որ տօնական «Օր»ուան երեւոյթ կը պարզէր։ Կը թողուր ուրախ տպաւորութիւն ներկաներուն վրայ եւ… լսողներուն մօտ։ …
Ուրախ էին կազմակերպիչները։ Քանի որ վարձատրուած էին իրենց ջանքն ու յոգնութիւնը։ Գոհ էր ժողովուրդը։
Ոգեւորուած հանրութիւնը սրտանց կը մաղթէր, շա՜տ, որ «Կարմիր Կիրակի»-ի «Հայկական Օր»-ը կրկնուի ամէն տարի, դառնայ ու մնայ աւանդութիւն, յատկանշուի մէկը միւսը գերազանցող եւ մշտայուշ մնալիք տօնախմբութիւններով։
Ափսո՜ս, սակայն, որ տարիներու ընթացքին, հայաշատ այս աւանին հայ բնակչութիւնը սկսաւ տարտղնուիլ, նօսրանալ։ Ընտանիքներ տեղափոխուեցան մօտն ու հեռուն, եւ արտագա՜ղթը արիւնաքամող …
Այսպէս, երբեմնի հայախիտ, հայատրոփ աւանը՝ Տաւուտիէն, ցաւալիօրէն կերպարանափոխուեցաւ։ Այն աստիճան, որ ազգային ու միութենական ոչ մէկ կառոյց մնաց հոն։ Շրջանը օտարացած է։ Այժմ կը կոչուի Աշրաֆիէ։
Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն