Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԷԿ ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

October 25, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իրենք կ’աշխատին Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ անոր օգնելու դիմակայել բոլոր դժուարութիւնները, եւ նշեց, որ Ֆրանսա 100 միլիոն եւրօ արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին։ Մաքրոն այս յայտարարութիւնը կատարեց Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ՝ Լիբանանին աջակցող միջազգային վեհաժողովի մեկնարկի ընթացքին։

Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ իրենք այս վեհաժողովը կը գումարեն ի պաշտպանութիւն Լիբանանին եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու անոր ժողովուրդին: Ան շեշտեց, որ պատերազմը պէտք չէ տարածուի Լիբանանի մէջ։ Մաքրոն մատնանշեց, որ հրադադարի անհրաժեշտութիւն կայ եւ Լիբանանի շահերէն կը բխի չէզոք ըլլալ։ Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ պէտք է հրադադար ըլլայ, խաղաղապահ միջոցներ ձեռնարկուին Կապոյտ գիծի երկայնքով եւ յարմար պայմաններ ստեղծուին տեղահանուածները տուն վերադարձնելու: Ան բացատրեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերը թիրախաւորելու որեւէ արդարացում չկայ։            Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի նպաստեն լիբանանեան բանակի վերատեղակայման ու զինման եւ պիտի աջակցին լիբանանեան իշխանութիւններու ձեռնարկած միջոցառումներուն:  Նախագահը կը կարծէ, որ լիբանանեան բանակը վճռորոշ դեր ունի այս հանգամանքներուն մէջ՝ ապահովելու ամբողջ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը։            Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը երէկ յայտնեց, որ Փարիզի մէջ գումարուող Լիբանանի աջակցութեան վեհաժողովը  կը խոստանայ մէկ միլիառ տոլար տրամադրել, որոնցմէ 800 միլիոն տոլար մարդասիրական օժանդակութիւն եւ 200 միլիոն տոլար՝ բանակին աջակցելու համար: Ան ընդգծեց, որ իսրայէլացիները պէտք է իմանան, որ առանց Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հասնելու, իրենց պետութեան անվտանգութիւն չկայ, աւելցնելով որ 1701 բանաձեւը իրականացնելու երկու երկիրներուն պարտաւորութիւնը պէտք է երաշխաւորուած ըլլան։ Ֆրանսացի նախարարը մատնանշեց, որ իրենք պէտք չէ դադրեցնեն մարդասիրական արձագանգը Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ դիւանագիտական ​​լուծում տան։

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՒԻՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐՆԵՐԸ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ՀՐԱԴԱԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋԵՑ   

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ ՀՐԱԴԱԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋԵՑ   

ՄԻՔԱԹԻ ՀՐԱԴԱԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋԵՑ   

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.