«ԱՐԱՐԱՏ», 13-18 Հոկտեմբեր 1969
Այս շաբթուան թիւերուն մէջ, իբրեւ համաշխարհային գիտական հետաքրքրաշարժ նորութիւն, կը տիրապետեն սովետներու կողմէ իրերայաջորդ կերպով դէպի անջրպետ արձակուած «Սոյուզ 6», «Սոյուզ 7» եւ «Սոյուզ 8» տիեզերանաւերու եւ անոնց ինը աստղանաւորդներուն մասին հաղորդուած լուրերը։ «Արարատ» այս լուրերը տուեր է Ա. էջի ճակատէն, խոշոր վերնագրերով։ Այդ օրերու առաջնակարգ դէպքն էր այս։ Մարդիկ անհամբեր էին գիտնալու, թէ ռուս աստղանաւորդները ինչպիսի՞ թեքնիք փորձարկումներ պիտի ընէին՝ Երկիր մոլորակին շուրջը դառնալով բազմաթիւ անգամներ…։
Խմբագրականի մը մէջ, որ նուիրուած է Արեւմտեան Գերմանիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններուն (այն ատեն Գերմանիան երկու մասի բաժնուած էր), խմբագիրը գոհունակութիւն կը յայտնէ որ աջակողմեան նէօ-նացիները բաւարար քուէ չեն ստացած, չեն կրցած իրենց ներկայացուցիչները ունենալ խորհրդարանէն ներս, եւ ուստի՝ «Նացիզմը պարտուած է իր որջին մէջ» (խմբագրականին խորագիրն է)։ Խմբագրին համակրանքը կ՛երթայ դէպի Արեւելեան Գերմանիա, «ուր ճշմարիտ ընկերվարութիւնը նոր, խաղաղ ու բարգաւաճ Գերմանիա մը կը կերտէ»։ Այդպէ՞ս էր իրապէս։
1969-ն միայն Թումանեանի տարի չէր, այլ է՛ր նաեւ Կոմիտասի տարի։ Կոմիտասն ալ ծնած էր 1869-ին, ու հետեւաբար ի՛ր ալ 100-ամեակն էր, Թումանեանին զուգահեռ։ Երեւանէն յղուած թղթակցութիւն մը կը հաղորդէ, որ Նոյեմբերէն սկսեալ ու մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի ու Խորհրդային Միութեան տարբեր քաղաքներուն մէջ այլազան ձեռնարկներով պիտի նշուի Կոմիտասի դարադարձը։ Արդէն, Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին շրջանառութեան մէջ դրուեր է եղեր Կոմիտասի 100-ամեակին ձօնուած դրոշմաթուղթ մը։ Մինչ այդ, իրենց եզրափակիչ փուլին հասեր են Թումանեանի ձօնուած ձեռնարկները։ «Արարատ» Ա. էջի վրայ հրատարակեր է Մոսկուայի յոբելեանէն (թերթին բնութագրումով՝ հանդիսաւոր նիստէն) երկու լուսանկար, ուր կը տեսնուի, թէ սովետ պետական աւագանին ինչպիսի պաշտօնականութեամբ տեղ գրաւեր է Պոլշոյ թատրոնի բեմին վրայ՝ Թումանեանի վիթխարի մէկ դիմանկարին շուքին տակ…։ Հոս, ի շարս այլոց, գրաւոր ելոյթ ունեցեր է Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմ օգնական քարտուղար Ռոբերտ Խաչատրեան։
Ահա՛ յօդուածագիր մը, որ կը կոչուի Ս. Պալաթոն։ Այսօրուան սերունդներուն համար մեծ անծանօթ մըն է ան։ 40-ական, 50-ական եւ 60-ական թուականներու սերո՛ւնդն է որ զայն կրնայ յիշել թերեւս, քանի որ Սուրիա-Լիբանանի մէջ ուսուցչագործութեան առընթեր՝ ան յաճախ աշխատակցեր է նաեւ հայ մամուլին, ի շարս այլոց՝ «Արարատ»-ին։ Այս յօդուածագիրը բնիկ խնուսցի էր, բուն անունով՝ Խաչատուր Յովհաննէսեան։ Ունեցեր է անկայուն կեանք մը, որուն մանրամասնութիւնները գրականութեան վերածեր է «Վերջին թոնդրակեցիներ» անուն ինքնապատում վէպով մը (Պէյրութ, 1977)։16 Հոկտեմբերի թիւով հրատարակուած իր յօդուածը կը կրէ «Դպրոց եւ ընտանիք» խորագիրը ու մտորում մըն է հայ վարժարաններու վերամուտին առիթով։
Փրաւիտենսէն (Ամերիկա) յօդուածագիր մը՝ Վահրամ Փափազեան (չշփոթել նշանաւոր դերասանապետին հետ), գանգատ ներկայացուցեր է ԱՆՉԱ-ի դէմ, ընդվզում յայտնելով որ ան Միջին Արեւելքէն հայ ընտանիքներ կը տեղափոխէ Ամերիկա…։
Լայն արձագանգ տրուեր է Հայաստանի վարչապետ Բադալ Մուրատեանի մէկ ելոյթին, որ ան ունեցեր է Սփիւռքէն ժամանած ներկայացուցիչներու դիմաց (վարչապետը Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը կոչուէր «մինիստրների խորհրդի նախագահ»։ Բադալ Մուրատեան այդ կարեւոր պաշտօնը վարած է 1966-1972՝ մեր երկրին մէջ իրականացնելով շինարարական բազմաթիւ ծրագրեր։ Առհասարակ ճանչցուած էր իբրեւ գործունեայ անձ։ Մահացաւ 1991-ին)։ Վարչապետը անդրադարձեր է Խորհրդային Հայաստանի մեծ նուաճումներուն։ Ըսեր է որ Հայաստանի բնակչութիւնը վերջին յիսուն տարուան ընթացքին եռապատկուեր է՝ հասնելով շուրջ երկուքուկէս միլիոնի։ Մայրաքաղաքին բնակչութիւնը, առանձինն, 750 հազար է։ Հանրապետութեան դպրոցները ունին եղեր 600 հազար աշակերտ, իսկ համալսարանները՝ 50 հազար ուսանող։ Անցնող տարիներուն նշուեր են Սասունցի Դաւիթի հազարամեակը, Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սայաթ-Նովայի յոբելեանները, իսկ հիմա՝ կը նշուի Թումանեանի 100-ամեակը։ Երեւակայե՜լ, որ ամբողջ շաբաթ մը Մոսկուայի մէջ զանազան ձեռնարկներով պանծացուեր է Թումանեանը։ «Ոչ մի նման բան չի կարող լինել միւս երկրներում։ Դա հնարաւոր է միայն Խորհրդային Միութիւնում», ըսեր է վարչապետը։ Ան անդրադարձեր է նաեւ Բիւրականի աստղադիտարանի գիտական նուաճումներուն եւ Արփա-Սեւան ջրատար խողովակի կառուցման։
Իբրեւ սփիւռքահայ լուր՝ կը նկարագրուի Ժընեւի Ս. Յակոբ նորաշէն եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որ կատարեր է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Սերովբէ արք. Մանուկեան։ Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն է եղեր Յ. Թօփալեան, որ այս առթիւ արժանացեր է Էջմիածնէն ղրկուած հայրապետական յատուկ կոնդակի ու շքանշանի։
Կան ծանուցումներ ալ։ Ամուսնացեր ու իրենց կեանքը իրարու կապեր են Գէորգ Էչմելեան եւ օրդ. Փերուզ Կուլեան (Պէյրութ)։
Թումանեանի 100-ամեակին առիթով Ֆրանսայի «Էրեբունի» հրատարակչատունը հրապարակ հաներ է վեց պատկերազարդ եւ գունատիպ գրքոյկներ («Թմկաբերդի առումը», «Անբախտ վաճառականներ», «Կաթիլ մը մեղր», «Քաջ Նազար», «Շունն ու կատուն» եւ «Փարւանա»), «որպէսզի հայ մանուկը աշակերտական նստարաններէն վարժուի հայերէն գիրք կարդալու»։ Այս հրատարակչատան հիմնադիրն ու խմբագիրը նախկին պոլսեցի բանաստեղծ Վարդերես Գարակէօզեանն էր։ Ի դէպ, այս գիրքերը ի՛մ սերունդի դպրոցականներուն սիրելի ուղեկիցներն էին…։
Լոյս տեսեր է նաեւ խմբագիր Ժիրայր Նայիրիի «Հայուն արեւմուտը» գիրքը (Պէյրութ, 1969)։ Որքան որ կը յիշեմ, անիկա հեղինակին Հարաւային Ամերիկա կատարած այցելութեան տպաւորութիւնները կը խմբէր։
Հրատարակուեր են Զարեհ Մելքոնեանի «Գործնական քերականութիւն» եւ «Գրական գիտելիքներ» դասագիրքերը, որոնց ցրւումի կեդրոններն են եղեր Նահր պողոտայի «Կ. Տօնիկեան եւ որդիք» հրատարակչատունն ու Գրատուն Գրաճեանը (Արաքս փողոց, Պուրճ Համուտ)։ Կայ նաեւ «Հայոց լեզուի նոր բառարան»–ի ծանուցումը, որ «իր մեթոտիք կառոյցով, ժամանակակից ոգիով, առատ հոմանիշներով եւ յստակ բացատրութիւններով՝ աննախընթաց ընդունելութիւն գտաւ սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ»։
Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Մերձաւոր Արեւելքի Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնական հոգեհանգիստի հրաւէր ուղղեր է իր անդամներուն՝ Հաճնոյ հերոսամարտի 49-րդ տարեդարձին առթիւ (Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցի)։ Մասնաւորապէս պիտի յիշատակուի եղեր հերոս Ասատուր Սաչեանը՝ մահուան Ա. տարելիցին առթիւ։ «Արարատ» ոգեշունչ խմբագրական մըն ալ նուիրեր է այս տարեդարձին, յատկապէս ձաղկելով քրիստոնեայ Արեւմուտքը՝ մեր «երէց դաշնակիցներ»-ը, «որոնք Ս. Գիրք դրին հայուն ձեռքին մէջ, իսկ եաթաղան՝ թուրքին, եւ խոստումներ շռայլելէ ետք հայուն, դաշնակցեցան ցեղասպաններուն հետ եւ լքեցին հայը։ Երեսուն արծաթով ուրացան արդարութիւն եւ իրաւունք, ու թոյլատրեցին որ մինչեւ ակռաները զինուած բարբարոսները աշխարհի երեսէն սրբեն հայն ու Հայաստանը»։
Այլ ծանուցում մը կը յայտարարէ վերաբացումը Հ.Բ.Ը.Միութեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին։ Այս ծանուցումը չի կրնար չխռովել մեզ՝ երբ ափսոսանքով կ՛անդրադառնանք, թէ հիմնարկը իր դռները փակած է արդէն երկա՜ր տարիներէ իվեր։ Քանի՞ տարի գոյատեւեց «Հիւսիսեան»-ը, քանի՞ շրջանաւարտ տուաւ, եւ ինչո՞ւ Բարեգործականի նման ուժեղ միութիւն մը չյաջողեցաւ տեւականացնել իր խնամքին յանձնուած այս հիմնարկը՝ Պէյրութի պէս հայահոծ ու հայախօս գաղութի մը մէջ…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)