Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՊԱՀԱՆՋԱԾ Է ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԻՐԱՌԵԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԴԷՄ ԵՒ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ՊՈՅՔՈԹԵԼՈՒ COP-29-Ը

October 24, 2024
in Միջազգային
0
ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՊԱՀԱՆՋԱԾ Է ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԻՐԱՌԵԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԴԷՄ ԵՒ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ՊՈՅՔՈԹԵԼՈՒ COP-29-Ը

 

Եւրոխորհրդարանը կը քննարկէ «Քաղաքական իրավիճակը եւ մարդու իրաւունքներու խնդիրները Ատրպէյճանի մէջ» թեման։ Նոյնանուն բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 24-ին:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, եւրոյաձնակատար Նիքոլաս Շմիթ նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ օրէ-օր կը վտանգուին մարդու իրաւունքները, իսկ խօսքի ազատութիւնը աւելի կը ճնշուի։ Միաժամանակ ան ըսած է, որ Երեւանն ու Պաքուն ապելի քան երբեւէ մօտ են խաղաղութեան հաստատման, եւ Եւրամիութիւնը լիովին կ’աջակցի երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող խաղաղ գործընթացին։

«Ատրպէյճանն ու Հայաստանը երբեք այդքան մօտ չեն եղած տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութիւնը յաղթահարելուն։ Համաժողովը պատմական հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար՝ աշխարհին ցոյց տալու իրենց նուիրուածութիւնը խաղաղութեան եւ դրսեւորելու քաղաքական կամք՝ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Որպէս Եւրոպական Միութիւն՝ մենք կը շարունակենք լիարժէք աջակցութիւն ցուցաբերել կարգաւորման գործընթացին եւ պատրաստ ենք զօրաշարժի ենթարկելու անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի բոլոր կողմերը կարենան քաղել տեւական եւ կայուն խաղաղութեան օգուտները»,- ընդգծած է յանձնակատարը։

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանը կանգնած է կարեւոր ընտրութեան առջեւ՝ ինչպէս երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի, այնպէս ալ իր հարեւանին՝ Հայաստանի հետ խաղաղ գործընթացի առնչութեամբ։

«Պէտք է բաց պահենք մեր հաղորդակցութեան ուղիները եւ օգտագործենք յարաբերութիւնները՝ խթանելու համար մարդու իրաւունքները, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Ատրպէյճանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ»,- յաւելած է Շմիթ:

Ֆրանսացի պատգամաւոր Քսավյէ Պելամին ալ դատապարտած է Ատրպէյճանի նախորդ յարձակումները, ըսած է, որ Իլհամ Ալիեւ կը փորձէ միջամտել Եւրոմիութեան եւ Ֆրանսայի ներքին գործերուն եւ ապակայունացնել իրավիճակը Նոր Կալեդոնիայի մէջ։ Ան առաջարկած է անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի նախագահին եւ պաշտօնեաներու դէմ։

Ֆրանսացի մէկ այլ պատգամաւորի՝ Ճորտան Պարտելայի խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանի աջակցութեամբ կազ կը գնէ Ատրպէյճանէն։

Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօ յայտնած է, որ յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ցեղային զտում է եւ կոչ ըրած է պոյքոթելու COP-29 համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ։

Պատգամաւորները յայտնած են, որ բանաձեւը, որ քուէարկութեան պիտի դրուի Հինգշաբթի օր, լիովին կ’աջակցի Հայաստանը ԵՄ-ին մերձեցնելու նախաձեռնութեան եւ կը դատապարտէ Իլհամ Ալիեւի քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ։

Share62Tweet39
Previous Post

«ՄԵՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՅ ԴՐԱԿԱՆ ՀՈՒՆՈՎ» ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.