Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՈՔՇԹԱՅՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

October 22, 2024
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՀՈՔՇԹԱՅՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն երէկ այցելեց Պէյրութ ու տեսակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունի հետ: Ժողովներուն ընթացքին Հոքշթայն արծարծեց հարաւի դրութիւնը եւ զինադադար հաստատելու հնարաւորութիւնները: Ան հաւաստիացուց, որ ամերիկացիները չեն քննարկեր ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը փոխարինելու առաջարկը, այլ կը կեդրոնանան այս օրէնքը վերակենդանացնելու եւ գործադրելու միջոցներուն վրայ: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անյապաղ օժանդակելու Լիբանանին: Իսկ Պըրրի ամերիկացի պատուիրակին յայտնած է, թէ կարելի է նախ յայտարարել երեք շաբաթ երկարող զինադադար, որուն ընթացքին Լիբանան կ’ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը, որպէսզի ան յետոյ մասնակից դառնայ վերջնական զինադադարի բանակցութիւններուն: Խորհրդարանի նախագահը դրական որակեց տեսակցութիւնը, մաղթելով որ անոր արդիւնքները եւս ըլլան գոհացուցիչ: Միքաթի եւս առաջնահերթ համարեց զինադադարը եւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը, հաւաստիացնելով որէ երկարատեւ զինադադարի բանակցութիւնները կը շարունակուին դիւանագիտական մակարդակի վրայ:

Երէկ Պէյրութ էր նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապու Ղէյթը: Ան Պըրրիի եւ Միքաթիի հետ տեսակցելէ ետք կարեւորեց զինադադարի շուտափոյթ հաստատումը եւ լիբանանեան բռնագրաւեալ որեւէ տարածքէ իսրայէլեան ուժերու նահանջը: Միքաթի պատրաստակամութիւն յայտնեց դրականօրէն վերաբերելու ամերիկեան առաջարկներուն հետ, վստահեցնելով որ կայ դրական տեղաշարժի յոյս:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախարար Անթոնի Պլինքըն Իսրայէլ կատարած այցելութեան ընթացքին պիտի արծարծէ Իսրայէլ-Հըզպալլա առճակատումը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու հնարաւորութիւնները: Ըստ յայտարարութեան, Պլինքըն պիտի այցելէ նաեւ շրջանային այլ երկիրներ՝ քննարկելու մարդասիրական օգնութիւններու փոխանցումին եւ գերիներու ազատ արձակումին վերաբերող նիւթերը եւս:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետին վերստին կոչ ուղղեց զինադադար յայտարարելու Կազայի եւ Լիբանանի ճակատներուն վրայ: Ըստ Մաքրոնի, Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարի ահաբեկումը կրնայ հնարաւորութիւն ստեղծել բանակցութիւններու վերսկսումին համար: Նախագահը միաժամանակ աջակցութիւն յայտնեց Նեթանիահուին՝ իր բնակարանին ուղղութեամբ Հըզպալլայի կատարած հրթիռարձակումին առնչութեամբ: Գերմանիոյ կառավարութիւնը մինչ այդ Թել Աւիւէն ակնկալեց պարզաբանել ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեդրոններուն նկատմամբ գործուած բոլոր յարձակումներուն մանրամասնութիւնները:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ԹՈՂ ԻՐԱՆ ԹԵԹԵՒՑՆԷ ԿԻՐՔԸ»

Next Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՐՈՒԱԾ

Next Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՐՈՒԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.