Մարդկային մտածողութեան մէջ, ստեղծագործութեան ամէնէն կնճռոտ – չըսելու համար ամէնէն անլոյծ – հարցերէն մէկը ուսումնասիրութիւնն է մարդ էակին։
Գիտական ճշմարտութիւն է, թէ ապրող էակներուն ամէնէն երկար մանկութեան շրջան բոլորողը մարդն է։ Մանկութիւնը՝ բնախօսութեամբ, գոյութիւն ունեցող ֆիզիքական, մտային թէ հոգեկան կարողութեանց զարգացման ծառայող փորձի շրջանն է։ Եւ հոսկէ՝ մանկութիւնը հիմնաքարն է, որուն վրայ կը կառուցուին հետագայ դպրոցական ամբողջ կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։
Անձնաւորութեան կերտումին համար, պէտք է հաշուի առնել մանուկին ֆիզիքական կառոյցը, որ պիտի պայմանաւորէ մտային եւ հոգեկան կառոյցը։
Ծնողք թէ դաստիարակ պէտք է լաւ ճանչնան մանուկին ֆիզիքական մասնայատկութիւնը, աճը, չանտեսեն երբեք անոր յեղաշրջումը, եւ ըստ այնմ՝ հարցեր ու խնդիրներ դնեն անոր առջեւ։ Ճանչնալ մանուկը կը նշանակէ՝ իմանալ անոր անձնաւորութեան դրական ու բացասական կողմերը։
Նկատուած է, որ մանուկին կրած յեղաշրջումը համաստիճան զարգացումով չէ որ տեղի կ’ունենայ, այլ կը տարբերի շրջանէ-շրջան։
Ըստ հոգեբաններու, մանուկին աճումը կ՚անցնի հետեւեալ տարիքներէ.
ա) Ժամանակագրական տարիք, որ ցոյց կու տայ իր ապրած օրերուն թիւը եւ պայմանաւորուած չէ անոր մտային, հոգեկան պատրաստութեամբ եւ ֆիզիքական զարգացման մակարդակով։
բ) Բնախօսական տարիք, որ կապուած է անհատին ֆիզիքական զարգացման, անոր մարմնի չափերուն, օրկանիզմի աճումին ու ձեւաւորման հետ: Այսինքն, ժամանակագրական տարիքով, մանուկը կրնայ ըլլալ 8 տարեկան, բայց բնախօսութեամբ՝ 7 կամ 10 տարեկանի համապատասխան: Երբ երկու տարիքներուն միջեւ կայ անհամապատասխանութիւն, մանուկը կ՚ըլլայ կարճահասակ կամ բարձրահասակ, հսկայ կամ փոքրամարմին:
գ) Մտաւոր տարիք, երբ մանուկը իր վերոյիշեալ տարիքներուն համաձայն ունի հոգեկան, մտաւոր կարողութիւններ եւ ընդունակութիւններ, նաեւ՝ ծանօթութիւն եւ գիտութիւն:
Բնականոն անձնաւորութեան մը համար, անհրաժեշտ է համապատասխանութիւն՝ ժամանակագրական, բնախօսական եւ մտաւոր տարիքներու միջեւ։ Փոխադարձաբար իրարու կապուած այս տարիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնները: Ասոնք կը կազմեն հոգեկան եւ ֆիզիքական բնորոշ այն յատկութիւններն ու եզրերը, որոնք կը կազմեն նաեւ մանուկին անձնաւորութեան ձեւաւորումը:
Անհրաժեշտ է ուսումնասիրել պատճառը, աճման տագնապներն ու անոնցմէ ծնունդ առնող մտային կարեւոր հանգամանքներէն քանի մը հատը։
Մանուկը կ՚անցնի երեք կարեւոր շրջաններէ․
- Մանկութեան առաջին շրջան (1–3 տարեկան)
- Մանկութեան երկրորդ շրջան (3 –7 տարեկան)
- Մանկութեան երրորդ շրջան (7–12 տարեկան)
Զուգահեռ ասոր եւ այլ գիծի վրայ, մանուկին անձնաւորութեան ֆիզիքական աճումը կը պարտաւորեն.
ա) Արտաքին ազդակներ՝ մայրական սէր, խնամք, մաքրութիւն, սննդառութիւն, խաղ, զբօսանք եւ ընկերային կեանք:
բ) Ներքին ներծոր գեղձեր, որոնք մանուկին զարգացման համաչափութիւն եւ հոգեբանական բոլոր զգացումներու ներդաշնակութիւն կու տան:
Մանուկներու հոգեկան աշխարհին զարգացումը յաճախ ծնողներու եւ դաստիարակներու անակնկալ նկատուած հասունութիւնը կ՚ունենայ:
Ուղիղ ուսուցման եւ դաստիարակութեան համար նկատի պէտք է առնել իւրաքանչիւր տարիքի համապատասխան առանձնայատկութիւնները եւ անոնց կրթութիւնը հասցնել տուեալ տարիքին ներկայացուող պահանջներու մակարդակին:
Անհատական առանձնայատկութիւնները նոյնը չեն իւրաքանչիւր մանուկի մօտ: Մին՝ առաւել ընդունակ միւսէն, ուրիշ մը՝ նուագող, երգող եւ խօսելու համարձակութիւնը ունեցող։ Կարեւոր չէ որ ունենան ժամանակագրական տարիքը: Հետեւաբար, ծնողքի կամ դաստիարակի պարտքն է ըստ այնմ ծանրաբեռնել մանուկը՝ անոր մտային թէ ֆիզիքական աշխատանքներուն մէջ:
Մանուկին ֆիզիքական աճման ընթացքին, դժուարին գործ կը դառնայ մտային աշխատանքը: Ահա հոս նաեւ ծնողք պէտք է հսկեն որ մանուկներ զուր չսպառեն իրենց ֆիզիքական ուժը, եւ համաձայն տարողութեան իրենց տարիքին՝ ունենան հաճոյք եւ զբօսանք, նաեւ՝ կազդուրիչ քուն:
Մանկութեան երկրորդ շրջանին, մանուկին ստացած խմորումները տան մէջ, սկսելով մօրմէն, դպրոցին մէջ՝ ընկերներէն եւ դաստիարակէն, մեծ նշանակութիւն ունին ապագայ մարդուն անձնաւորութեան ձեւաւորման մէջ։
Այսօրուան մանուկը վաղուան մարդն է, կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։
Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեանի «Կեանքիս առաքելութիւնը ծիածանի գոյներով» գիրքէն