Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐԸ … ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

October 19, 2024
in Այլազան
0
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐԸ …  ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Բազմաթիւ նախապաշարումներ կան ամուսնական յաջող յարաբերութեան հետ առնչուած, որոնք պարզապէս կարգ մը անձերու ընկճուածութիւն պատճառող երեւակայութիւններ են, անոնց կեանքի ընտրեալ կողակիցին հետ առօրեային նկատմամբ: Անոնցմէ կը ներկայացնենք հետեւեալները եւ անոնց ճշդումները.

 

1) Նախապաշարումը – Երջանիկ զոյգերը կեանքին եւ անոր զանազան հարցերուն նկատմամբ նոյն մօտեցումն ու կարծիքը ունին:

Իրականութիւնը – Անկարելի է, իւրաքանչիւրը կը տարբերի ծինային, հոգեբանական եւ կենսաբանական ժառանգութեամբ, ինչպէս նաեւ ունի տարիներու ընթացքին վաստկուած տարբեր կուտակուած փորձառութիւններ:

 

2) Նախապաշարումը – Յաջողած զոյգերը անսահման ռոմանթիք են:

Իրականութիւնը – Յարաբերութեան սկիզբը անձ մը մեծ խանդավառութիւն կ’ապրի, որովհետեւ նոր եւ խանդավառ վիճակ մը կ’ունենայ, բայց ռոմանթիք վիճակը – այս իմաստով – «անկարող է» նոյն ընթացքին վրայ մնայ:

 

3) Նախապաշարումը – Իտէալ զոյգերը համաձայն են ամէն ինչի շուրջ:

Իրականութիւնը – Ամբողջովին անկարելի է այս մէկը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր անձնական կարծիքը ունի կարգ մը կարեւոր նիւթերու շուրջ, եւ նախընտրելի է համաձայնին անոնց նկատմամբ անհամաձայն գտնուելուն մէջ:

 

4) Նախապաշարումը – Ուրախ զոյգերը կը մասնակցին ժամանցային միացեալ գործունէութեանց մէջ:

Իրականութիւնը – Այս յաւելեալ լաւ կէտ մըն է եթէ պատահի, բայց բնաւ պարտադիր չէ, մանաւանդ եթէ անոնցմէ մին ճնշուած կը զգայ իր կողակիցին «ջուրին երթալու»ն պատճառով:

 

5) Նախապաշարումը – Համաձայն եղող զոյգերը չեն վիճաբանիր:

Իրականութիւնը – Անհամաձանութիւնները անխուսափելի իրականութիւններ են մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ, պայմանով իրար չվիրաւորել եւ վստահութիւնը չխախտել:

 

6) Նախապաշարումը – Բոլոր զգացումներուն մասին ազատօրէն կարելի է արտայայտուիլ եթէ յարաբերութեան հիմերը զօրաւոր են:

Իրականութիւնը – Ոեւէ մէկը կրնայ խօսք մը ըսել, որուն համար յետոյ կը զղջայ եւ այդ պատահածը մոռնալը կամ ներելը անկարելի կ’ըլլայ երբեմն, հետեւաբար, հարկ է ուշադիր ըլլալ ջղայնութեան պահուն որեւէ խօսք ըսելէ առաջ:

 

7) Նախապաշարումը – Սեռային յարաբերութիւնը կապ չունի ամուսնական հիմքը կերտելու եւ գոհունակ ապրելու մէջ:

Իրականութիւնը – Այդ մտերմութիւնը հարկ է պահել ձեր առաջնակարգ հարցերու ցանկին մէջ:       

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԳԻՐՔԻ  ԴԵՐԸ   ՄԱՐԴՈՒ  ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ԿՈՆՔԻ ԵՒ ԱԶԴՐԵՐՈՒ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ

Next Post
ԿՈՆՔԻ ԵՒ ԱԶԴՐԵՐՈՒ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ

ԿՈՆՔԻ ԵՒ ԱԶԴՐԵՐՈՒ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.