Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

October 19, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

 

 

Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը առցանց խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիստին մասնակցեցան Ս.Դ.Հ.Կ.-էն՝ Վանիկ Տաքէսեան, Հ.Յ.Դ.-էն՝ Յակոբ Բագատունի եւ Ռ.Ա.Կ.-էն՝ տոքթ.Աւետիս Տաքէսեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։

Նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան։ Յայտնենք, որ հովուապետական այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմ գտնուող Վեհափառ Հայրապետը խոր մտահոգութեամբ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն։

Քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Հայրապետին զեկուցեցին քաղաքական, կազմակերպական եւ բարեսիրական տարուող աշխատանքներուն մասին։ Զեկուցումներուն ներառուած էին պետական հանդիպումները, Պքէրքէի մէջ կայացած հոգեւոր պետերու վեհաժողովին արծարծուած հարցերը, հայահոծ թաղամասերու թէ Այնճարի մէջ գաղթականներու կացութիւնն ու անոնց նկատմամբ կատարուող օժանդակութեան աշխատանքները։

Այնուհետեւ քննարկումի կարգով արծարծուեցան տարածաշրջանային կացութիւնը, պատերազմական գործողութիւնները, անոնց ծանր հետեւանքները, միջազգային ընտանիքին վերաբերումը, Մ.Ա.Կ.-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ներկայ պայմանները, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն դէմ Իսրայէլի կատարած յարձակումները եւ այս բոլորին մէջ ու մինչ այժմ զինադուլի անհաւանականութիւնը։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յաճախակի հանդիպումներուն եւ միացեալ խորհրդակցութիւններուն համար, շեշտեց լիբանանահայութեան միասնականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ իբրեւ լիբանանահայեր՝ իրենց համաքաղաքացի գաղթականներուն օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութեան։

«Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ լիբանանեան ասպնջականութեան արժանացած լիբանանահայութիւնը գիտէ՛ այսօր ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններու ենթարկուող իր համաքաղաքացիներուն ձեռք երկարել», հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը եւ գնահատեց լիբանանահայ քաղաքական մարմիններուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը։ Ան նաեւ խօսեցաւ Իսրայէլի սանձազերծած յարձակումներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական դէմքերու հետ իր արծարծած հարցերուն մասին։

Նիստի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս թելադրեց շարունակել քաղաքական կուսակցութիւններու աշխատանքային համատեղ նիստերու գումարումը՝ յորդորելով, որ նման խորհրդակցական նիստեր յառաջիկային եւս կայացուին։

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ ԽԱՂԱՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ

Next Post

ԳԻՐՔԻ  ԴԵՐԸ   ՄԱՐԴՈՒ  ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ԳԻՐՔԻ  ԴԵՐԸ   ՄԱՐԴՈՒ  ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԳԻՐՔԻ  ԴԵՐԸ   ՄԱՐԴՈՒ  ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.