Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ ԽԱՂԱՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ

October 19, 2024
in Միջազգային
0
ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ ԽԱՂԱՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ

 

 

Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կովկասեան տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափով նախարարական երրորդ ժողովը, մասնակցութեամբ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարներուն, մինչ Վրաստանի իշխանութիւնները վերստին մերժեցին մաս կազմել այս հարթակին ու անոր քննարկումներուն: Քննարկումները կեդրոնացան համագործակցութեան որոշ ծրագրերու վրայ՝ բարելաւելու համար տարածաշրջանային համագործակցութիւնը, եւ շեշտեցին կայունութեան համար յաւելեալ ջանքեր ներդնելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարարները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ նիւթերու շուրջ եւ ընդգծեցին խնդիրները խաղաղ երկխօսութեան միջոցաւ լուծելու կարեւորութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան իր արտասանած խօսքին մէջ վերահաստատեց, որ Երեւան մեծ կարեւորութիւն կու տայ տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն եւ շփումներուն: Անոր խօսքով, շարունակական եւ անկեղծ երկխօսութիւնը, մարդոց միջեւ կապերու խթանումը, առեւտրային ու տնտեսական համագործակցութեան վերականգնումը, շրջանային նախաձեռնութիւններու եւ ծրագրերու մշակումը կարեւոր նախապայմաններ են՝ առկայ տարակարծութիւնները յաղթահարելու եւ երկիրներուն միջեւ աւելի ամուր համագործակցութիւն հաստատելու համար, յանուն ժողովուրդներուն բարեկեցութեան եւ զարգացումին: «Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ են տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներուն պատասխանատու մօտեցումները եւ կառուցողական ջանքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաստատել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն», ըսաւ Միրզոյեան: Անոր համաձայն, ներառական եւ ոչ-խտրական փոխադրութեան կապերու ջատագով Երեւան անկեղծ հետաքրքրուած է տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով եւ այդ մանրամասնած է իր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ, որուն նպատակն է զարգացնել հաղորդակցութիւնները տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ՝ շահագործելով բոլոր ճանապարհները, երկաթուղիները, խողովակաշարերը, մալուխները եւ ելեկտրականութեան ցանցերը: «Ծրագրի իրականացումին համար անհրաժեշտ է բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան փոխադարձ յարգանքը», շեշտեց Միրզոյեան՝ յիշեցնելով, որ Երեւան Պաքուին առաջարկած է երկաթուղային ենթակառոյցները վերագործարկելու զանազան եղանակներ:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով կարծիք յայտնեց, որ Հայաստան կ’ուզէ ուղիղ հաղորդկցիլ Անքարային հետ՝ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով: Լաւրով նիստին ընթացքին վստահեցուց, որ Մոսկուա շարունակաբար կ’աջակցի խաղաղութեան հոլովոյթին, բայց ահազանգեց, թէ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ տակաւին առկայ են խնդիրները: Ան ցաւ յայտնեց, որ հայ-թրքական նոր հանդիպումներ առայժմ նախատեսուած չեն, սակայն վստահեցուց, որ «Թեհրանն ու Մոսկուան պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային աջակցելու երկու կողմերուն, եթէ անոնք ցուցաբերեն շահագրգռուածութիւն»:

Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած նախարարական ժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը առձնազրոյցներ ունեցաւ իր թուրք  եւ իրանցի պաշտօնակիցին հետ: Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւանն ու Անքարան պայմանաւորուած են գնահատել Կիւմրի-Կարս երկաթուղիով սահմանը անցնելու թեքնիք պահանջները: «Սահմանային կամուրջի համատեղ գնահատումէն ետք, Հայաստան արդէն աւարտած է սահմանային Մարկարա անցակէտին շինարարութիւնը եւ թեքնիք վերազինումը», հաստատեց արտաքին գործերու նախարարը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄ

Next Post

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Next Post
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.