Եթէ որոշենք շաբաթը մէկ անգամ միայն գրել «Բազէ»ի մասին, ապա այն իր՝ հայ մամուլին մէջ ծառայութեան տարիներուն չափ պիտի երկարի: Այսինքն՝ ոչ պակաս քան 60 տարի:
Արհեստով՝ դեղագործ: Ունեցած է իր անձնական դեղարանը նախ Ալէյի մէջ, ապա Պէյրութ՝ Ֆըրն էլ Շէպպէք:
80-ական թուականներուն, երբ սկսած էի աւելի մօտէն ծանօթանալ լիբանանահայ մամուլին, անոր «գրիչներուն», մատղաշ գրասէրիս համար փնտռուած ստորագրութիւն մըն էր «Բազէ»ն: Ագահօրէն կը կարդայի անոր յօդուածները, որոնք համեմուած էին նրբագեղ իւրայատուկ ոճով: Խորհրդաւոր ակնածանք մը կը զգայի իր ծածկանունին շուրջ: Բազէ՜: Ինչքան առնական էր, մարտնչող ու սաստող: Այդ «գաղտնիքը» բացայայտուեցաւ վերջերս, երբ պատահականօրէն իմացայ թէ «Բազէ»ի դիմակին ետեւ կար Երուանդ Գարաճեան անուն բանաստեղծը, գրաքննադատը, թարգմանիչը, թատերագիրը, երաժիշտը, դաստիարակն ու տնօրէնը։ Իմացայ նաեւ, որ անոր զաւակներէն մին՝ կենսաբանուհի Շողիկը Գանատա կը բնակի, իսկ երկու որդիները՝ տեսաչափագէտ (optometrist) Վաչէն եւ դեղագործ (pharmacist) Տիգրանը Լիբանան կ’ապրին ու կը շարունակեն ընթանալ իրենց հօր գծած ուղիով, պապենական Ֆըրն էլ Շըպպէք շրջանին մէջ:
Քայլերս կ’ուղղեմ հո՛ն՝ հանդիպելու համար մամուլի ծառային որդիներուն հետ: Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ինչպիսի՜ յուզումնախառն ծանօթացում մը պիտի ըլլար այն:
Իսկ իմ նպատակս «Բազէ»ի յարգաժան որդիներուն իրենց ողբացեալ հօր՝ Երուանդ Գարաճեանի յիշատակը յարգելն ու «Արարատ»-ի օրաթերթի ընտանիքին կողմէ երախտագիտական արտայայտութիւնները փոխանցելն էր: Երախտագիտութիւն այն ՄԱՐԴուն, որ կրցած էր ինծի պէս հազարաւոր ընթերցողներ մամուլի սեւ-սպիտակ էջերուն մէջ հեղուսել:
Առայժմ բաւարարուինք: Դեռ երկա՜ր պիտի պատմենք:
Ն.Ճ.