«ԱՐԱՐԱՏ», 29 Սեպտեմբեր-4 Հոկտեմբեր 1969
Ըսած էինք, որ 1969-ն հռչակուած էր «Թումանեանի տարի» ու լոռեցի մեծ բանաստեղծին 100-ամեակը կը նշուէր հայկական ու համամիութենական տարողութեամբ՝ խորհրդային պետական ու գրական բարձր շրջանակներու գործուն մասնակցութեամբ։
Այս ծիրին մէջ, «Արարատ» մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ Թումանեանի թիՖլիսեան յոբելեանէն, որուն ներկայ եղեր ու խօսք առեր են, ի միջի այլոց, վրացի եւ ռուս պետական դէմքեր ու գրական գործիչներ, շեշտելով որ Վրաստանը կը նկատուի Թումանեանի երկրորդ հայրենիքը։
Առանձին ակնարկ մը լուսարձակ կը բանայ մարաջախտ Բաղրամեանի Երեւան այցին վրայ, որ ինչպէս յիշեր էինք նախապէս, կը կատարուէր Թումանեանի 100-ամեակի ծիրէն ներս։ 72-ամեայ զօրավարը ներկայ գտնուեր է յոբելենական բոլոր միջոցառումներուն։ Այցելեր է Թումանեանի ծննդավայր Դսեղ գիւղը (Լոռիի շրջան), յետոյ՝ բանաստեղծին Երեւանի տուն-թանգարանը, առանձնապէս զրուցեր է Թումանեանի կնոջ՝ 98-ամեայ Օլկա Թումանեանին հետ, «որը նրա եւ միւս պատուաւոր հիւրերի համար առատ սեղան բացեց»…։ Եւ վերջապէս, թերթը իրերայաջորդ թիւերով տպեր է ամբողջական պատճէնը այն ելոյթին, որ Թումանեանի երեւանեան յոբելեանի հանդիսաւոր նիստի օրը բեմէն արտասաներ է Անտոն Քոչինեան՝ Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի Ա. քարտուղարը (այս պաշտօնը Խորհ. Հայաստանի մէջ կը նկատուէր քաղաքական բարձրագոյն դիրքը։ Քոչինեան այս պաշտօնին վրայ մնաց 1966-74)։ Ի դէպ, պետական-կուսակցական ղեկավարի մը կողմէ գրական դէմքի մը մասին հրապարակային վերլուծական ելոյթ մը ոչ միայն բնական ու ընթացիկ երեւոյթ կը նկատուէր խորհրդային բարքերուն մէջ, այլեւ մեծապէս կը գնահատուէր հանրութեան կողմէ ալ։
Ա. էջէն տրուած կարճ լուր մը կը տեղեկացնէ, թէ լիբանանցի քաղաքական երեւելի դէմքերու հետ Արեւելեան Գերմանիա հրաւիրուած ընկ. Յարութիւն Կուժունին (Հնչակեան կուսակցութեան ընդհ. քարտուղարը) Պէյրութ վերադարձեր է միամսեայ բացակայութենէ ետք։ Երեւանէն Պէյրութ վերադարձեր են բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանն ու իր կողակիցն ալ, Թումանեանի տօնահանդէսներուն մասնակցելէ ետք։ Միւս կողմէ, Պէյրութէն Երեւան մեկներ են, ի շարս այլ հրաւիրեալներու, ընկ. Աւետիս Տէմիրճեան եւ ընկ. Օննիկ Ճամպուլեան՝ մասնակցելու համար Ամենայն Հայոց հայրապետին ծննդեան 60-ամեակի նշումին եւ Ս. Էջմիածնայ միւռոնօրհնէքին։ Նոյն օդանաւով Էջմիածին մեկներ է նաեւ սուտանահայ պատուիրակութիւն մը՝ Կորիւն ծ. վրդ. Մանուէլեանի գլխաւորութեամբ (անտեղի չէ յիշեցնել, որ այդ թուականներուն Խարթումի մէջ ունէինք փոքրաթիւ բայց աշխոյժ գաղութ մը՝ իր եկեղեցիով, ազգ. վարժարանով ու համայնքային կեանքով)։
Մինչ այդ, Էջմիածնայ մէջ, օրերու երկայնքին, գումարուեր է եպիսկոպոսաց ժողով մը՝ Վազգէն Ա. հայրապետին նախագահութեամբ, Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ ներքին բարեկարգութիւններ կատարելու առաջադրանքով։ Մայր Աթոռի դիւանին հաղորդագրութիւնը կ’ըսէր, թէ լայնօրէն քննարկուեր են նաեւ «կուսակրօնութեան խնդիրը» եւ «Զատիկը մի հաստատուն օրում տօնելու հարցը»։ Աւելի քան կէս դար ետք՝ ներելի՞ է բարձրաձայնել, թէ այս կարեւոր երկու հարցերն ալ տասնամեակներ շարունակ ու մինչեւ այսօր մնացին անլոյծ ու առկախ, հակառակ բազմաթիւ առաջարկներու եւ տրամաբանական տեսակէտներու։ Կուսակրօնութիւնը, ընդհանրապէս, մնաց ծանր «լուծ» մը մեր վեղարաւոր հոգեւորականներուն ուսին, իսկ Զատկուան բաղձալի «միացեալ» թուականը, հակառակ ցուցաբերուած բարիկամեցողութեանց, դեռ կը մնայ երա՜զ մը քրիստոնեայ աշխարհի «պառակտուած» հաւաքականութեան համար…։
Ինծի համար մի՛շտ ալ հետաքրքրութեան առարկայ են թերթին ծանուցումները։ Ժամանակաշրջանի մը հայելին են անոնք։
Զորօրինակ, կ’ենթադրեմ թէ հին սերունդը պէտք է յիշէ սա ՍԱՄԻ ԿԱՐՕ գրատունը, որ ծանուցում մը դրած է՝ որպէս «վարձու վէպերու կեդրոն»։ Ունի եղեր «անհամար գիրքեր, զորս կը ծախէ, կը փոխանակէ, իսկ եթէ աւելորդ գիրքեր ունիք՝ կը գնէ»…։ Առձեռն հեռաձայններու ու համացանցի այժմու դարաշրջանէն շա՜տ առաջ էր այս, երբ մարդիկ լայնօրէն ժամանակ կը գտնէին բազմաէջ վէպեր ընթերցելու ամառ-ձմեռ…։
«Արարատ»–ի մէջ ծանուցում դրեր է նաեւ Փարիզի ԲԱԼՈՒԵԱՆ գրատունը (ռիւ Ռիշէ)։ Ասոր տէրը պոլսեցի մտաւորական դէմք մըն էր՝ Հրանդ Բալուեանը, որ երկար տարիներ (1929-1964) Սէնի ափին խմբագրեց ու հրատարակեց «Զուարթնոց» անունով գրական որակաւոր հանդէս մը, որոշ ընդհատումներով։ Այս գրատունն ալ ժամանակին մէկն էր գիրքի այն քանի մը վաճառանոցներէն, որոնք հայկական ինքնութիւն մը կը շահեցնէին Ֆրանսայի մայրաքաղաքին։
Հայ գիրքի ծարաւ են եղեր… Տէր Զօրի հայերը։ «Արարատ» հրատարակեր է Տէր Զօր ապրող քսան հայ ընտանիքներու անունով խմբագրուած կոչ մը, որուն մէջ տէրզօրցիները կ’ըսեն թէ կ’ուզեն իրենց դեռատի զաւակները հա՛յ մեծցնել ու կը գիտակցին որ իրենց «միակ ապաւէնն ու ազատարար լաստը մայրենի լեզուն է»։ Անոնք կը խնդրեն որ արտասահմանէն իրենց ուղարկուին փոքրիկներու եւ պատանիներու յարմար գիրքեր, որպէսզի տղաքը կարենան հաղորդուիլ «մեսրոպեան մեծասքանչ տառերով»…։ Կոչ-նամակը ստորագրեր է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տէր Զօրի տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Արշալոյս Քէօշկէրեան։
Պատմութենէն գիտենք, թէ Երուսաղէմի հայոց երբեմնի պատրիարքը՝ Եղիվարդ (Եղիշէ արք. Տէրտէրեան), սփիւռքեան շրջանակներու մէջ ունէր թէ՛ կողմնակիցներ եւ թէ՛ երդուեալ հակառակորդներ։ Կը թուի թէ Ամերիկայի հնչակեան «Երիտասարդ Հայաստան»-ը մաս կը կազմէր հակառակորդներու հոսանքին։ Ան կշտամբանքի խօսքեր ուղղեր է պատրիարքին՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքի գանձատան թանկարժէք իրեղէններով սարքուած ցուցահանդէսի մը առիթով։ «Երիտասարդ Հայաստան» անպատեհ գտեր է այդ ցուցահանդէսը, առարկելով որ Պաղեստինի մէջ պատերազմական մթնոլորտ կը տիրէ։ «Ի՞նչ հարկ կար համազգային այդ անգնահատելի հարստութիւնը նման խառնակ ատեն մը հանրութեան ցուցադրելու», հարց տուեր է թերթը։ Քննադատուեր է միաժամանակ խնդրոյ առարկայ ցուցահանդէսը Երուսաղէմի հրեայ քաղաքապետին հովանաւորութեան տակ դնելու անշրջահայեաց քայլը, որ կրնայ եղեր գրգռել արաբներու թշնամութիւնը…։
Կը կարդանք, որ Երեւանի մէջ տեւաբար գիրքեր կը տպուին, այլազան ու շահեկան։ Լուր մը կայ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց գրերը» գիրքին հրատարակութեան մասին։ Այս այն հոյակապ գիրքն է, ուր Աճառեան մանրամասն կը պատմէ Մաշտոցի տքնանքն ու մեծ ճիգը՝ Հայոց այբուբենը ստեղծելու եւ ապա զայն Հայաստանի մինչեւ հեռաւոր ափերը տարածելու համար։ Նորատիպ այլ գիրք մըն ալ 7-րդ դարու մատենագիր Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն աղուանից աշխարհի»–ն է, որ լոյս ընծայուեր է եղեր քսան հազար տպաքանակով…։
Ահա՛ նորատիպ երգարանի մը ծանուցումն ալ։ «Գուսան երգարան», թիւ 1, 1969։ 200 էջ, 200 երգ, 200 լ. դ.։ Մրցակի՞ց մը Հաննէսեաններու «Շիրակ»-ին…։ Ի՜նչ փոյթ։
Երգիչ ՄԱՆՈՒԷԼ, «Աթէնքէն ետք եւ Լաս Վեկասէն առաջ»՝ երկու երգահանդէս ծրագրեր է Պէյրութի մէջ, Թէաթր Տիւ Լիպան։ Ասոնք «հրաժեշտի երգահանդէսներ» պիտի ըլլան եղեր։ Տոմսերուն գինը՝ 5-20 լ.ո.։
Այլ երգիչ մը՝ Լեւոն Գաթըրճեան, իր նուագախումբով պիտի մասնակցի եղեր Հայ Ազգ. Բուժարանին մէջ սարքելի «Գեղարուեստական ցերեկոյթ»-ի մը։ Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ եղեր, նաեւ, կատակերգակ Յակոբ Գնունին։
Ընտանեկան բոյն մը կազմեր են եղեր Մանուկ Կէտէրեանն ու օրդ. Վերժին Կեցոյեանը։ Նոյն ճամբուն վրայ քայլ մը առեր են Կարօ Միտինեանն ու օրդ. Զարուհի Ֆէրմանեանը (խօսեցեալք)։ Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ ալ տէր եւ տիկ. Մարտիրոս Տիւզեան (նախկին պէյրութաբնակ) բախտաւորուեր են մանչ զաւակով մը, որ կոչեր են Մարք։
Ուրախալի այս լուրերուն քովն ի վեր ո՞վ պիտի ուզէր հոգեբուժական դարմանումի ծանուցում մը կարդալ…։ Հոգեբուժը կը կոչուի Դանիէլ Պալթայեան։ Դարմանատուն չունի եղեր եւ բուժումը «ամբողջութեամբ ձրի է»։ «Զինք տեսնելու համար դիմել պր. Սարգիս Գրիգորեանի խանութը, Նոր Մարաշ, երկաթուղագծին կից, Պուրճ Համուտ»…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)