Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԿՍԱԾ Է ԵՒՍ 84 ՄԻԱՒՈՐ ATAGS ԿԱՅԱՆՔՆԵՐՈՒ ԳՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ. IDRW

October 9, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԿՍԱԾ Է ԵՒՍ 84 ՄԻԱՒՈՐ ATAGS ԿԱՅԱՆՔՆԵՐՈՒ ԳՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ. IDRW

 

Հայաստանի զինուած ուժերը աւարտած են վեց միաւոր ATAGS 155 մմ/52 տրամաչափի հրետանային կայանքներու փորձարկումները, որոնք մատակարարուած են Հնդկաստանի կողմէ։ Այս մասին յայտնած է Indian Defence Research Wing (IDRW) Wing մասնագիտացուած կայքը։

Ըստ IDRW-ի աղբիւրներուն՝ հրետանային համակարգը անցած է բոլոր գործառնական փորձարկումները, որոնք իրականացուած են երկրի տարբեր վայրերու մէջ: Կը նշուի, որ ATAGS 155 մմ/52 վեց հրետանային համակարգերու խմբաքանակը ծրագրաւորուած է հայերէնով՝ հայկական կողմին պահանջով։

«Բացի անկէ, կատարուած են քանի մը այլ փոփոխութիւններ, որպէսզի հրետանային կայանքները յարմարեցուին հայկական զինուած ուժերու պահանջներուն։ Չնայած հրետանային համակարգերը ի սկզբանէ փորձարկուած են Հնդկաստանի մէջ՝ անոնք երկար ժամանակ չէին փորձարկուած Հայաստանի պայմաններուն մէջ»,- յաւելած է IDRW-ն։

IDRW-ի աղբիւրներուն համաձայն՝ այդ փորձարկումներուն յաջող աւարտը Հայաստանին թոյլ տուած է սկսիլ եւս 84 միաւոր ATAGS հրետանային կայանքներու գնման գործընթացը՝ հնդկական «Kalyani Groups» արտադրողէն։

«ATAGS հրետանային համակարգերու ձեռքբերումը զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ հայկական բանակին հնարաւորութիւնները եւ պիտի ապահովէ անոր հրետանիի կրակային հզօրութեան այդքան անհրաժեշտ աճը: Այս ժամանակակից զէնքերը արժէքաւոր պիտի դառնան երկրի սահմանները պաշտպանելու եւ անոր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու գործին մէջ»,- կը նշէ IDRW-ի աղբիւրը։

Share63Tweet39
Previous Post

ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ՝ ԱՌ Ի ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Next Post

ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐԸ

Next Post
ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐԸ

ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.