Մարք Ռուտեն 1 Հոկտեմբերէն դարձաւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար՝ փոխարինելով Ենս Սթոլթենպերկը, որ ՆԱԹՕ-ն գլխաւորած է վերջին տասը տարիներուն:
57-ամեայ Ռուտեն, որ նախապէս վարած է Հոլանտայի վարչապետի պաշտօնը, կը պատրաստուի առաջին ասուլիսը կատարելու իբրեւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար։ Անոր պաշտօնավարութիւնը հինգ տարի է եւ կրնայ երկարաձգուիլ։