Մենք կարծում էինք, թէ իր շանթերով
Հըսկում է Աստուած Սասմայ սարերին.
Մենք ասում էինք՝ անթիւ նաւերով
Կը գան օգնութեան մեր ծանըր օրին…
Աւա՜ղ մեր պայծառ յոյսերի համար.
Ահա խորտակուած, եւ ահա կըրկին
Նայում ենք անյոյս, մենա՜կ, դալկահար՝
Մորթող թըշնամու արիւնոտ ձեռքին:
Յովհաննէս Թումանեանի անսահման հարուստ ժառանգութեան մէջ անգնահատելի տեղ էր զբաղեցնելու «Հին կռիւը» բանաստեղծութիւնը: Բանաստեղծութեան քիչ անդրադարձ կատարուած է ու այն տեսակ մը ստուերի մէջ մնացած է գուցէ անաւարտ ըլլալու պատճառով:
««Հին կռիւը» թուացեալ ազգային բանաստեղծութիւն է, բայց խոշոր հաշուով, ինչպէս ինք ձեւակերպած է, այն մարդու գոյութեան խնդիրի բանաստեղծութիւն է, իսկ «Հազարան բլբուլը» պէտք է ըլլար սպեղանին: Պատահական չէ, որ այս երկու ստեղծագործութիւններով ան սկսած է հետաքրքրուիլ գրեթէ միաժամանակ եւ անոնք իրեն ուղեկցած են մինչեւ իր կեանքին վերջը: Երկուքը չաւարտած ըլլալու համար ալ Թումանեանը խորին ցաւ ապրած է»,- ըսած է Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէնը:
Բանաստեղծութեան ինքնագրերէն պահպանուած են պատառիկներ, նախնական վերնագիրը եղած է «Լեւոնի կռիւը», նշումներուն մէջ Թումանեան զայն անուանած է «պատմական բանաստեղծութիւն 1890-ական թուականներէն»:
1911-ի Յունուարին ռուս ոստիկանները կը խուզարկեն Թումանեանի տունը եւ կը բռնագրաւեն անոր թուղթերը, որոնց մէջ էր նաեւ «Հին կռիւը»: Մէկ օր ձերբակալուած մնալէ յետոյ գրողը ազատ կ’արձակեն, բայց ստեղծագործութիւնները չեն վերադարձներ: Ստեղծագործութիւնները փնտռելու անոր բոլոր փորձերը արդիւնք չեն տար:
«Հաւանականութիւնը մեծ է, որ բանաստեղծութիւնը ամբողջական չէ եղած: Սա բնորոշ է Թումանեանին, որովհետեւ այդ տեսակ ստեղծագործութեան աւարտին համար ան էական աշխատանք պէտք է ընէր: Այնպիսի իրադարձութիւններով լի շրջանի մէջ կ’ապրէր գրողը, որ անընդհատ նոր իրողութիւններու հետ կը յարաբերէր եւ կը փոխէր իր վերաբերմունքը այս կամ այն երեւոյթի նկատմամբ»,- կը շարունակէ թանգարանի տնօրէնը:
Թումանեան երբեք չէ հրաժարած բանաստեղծութիւնը ամբողջացնելու միտքէն: «…«Հին կռիւը» մնաց կիսատ, անմշակ, դեռ կը գրեմ, կը մշակեմ…»,- ըսած է մահամերձ գրողը իր աղջիկներուն 1923-ին:
Թումանեանի ազգային բանաստեղծութեան խորութիւնը
Յայտնըուեց ապա մի օտար տըղայ,
Մի ուրիշ տըղայ երեւաց էլի,
Խօսում են անքուն գիշերներն երկար,
Խօսում են տաք-տաք, մո՜ւթ, կասկածելի…
«Հին կռիւը» բանաստեղծութեան վրայ Թումանեանն աշխատած է երկար ժամանակ՝ 1890 թուականէն, երբ տէրտէրին ու անոր աղջկան պատմութիւնը լսած է հասարակական գործիչ Ստեփան Զօրեանէն:
Գործին վերադարձած է, երբ նոր վարպետութեան աստիճանի հասած էր եւ հայ ժողովուրդի ազատագրական հարցին աւելի բարձր մարդասիրական դիրքերէ կը նայէր: 1902-ին Փիլիպոս Վարդազարեանին գրած նամակին մէջ կ’ըսէ. «…Միեւնոյն ժամանակ մեծ ազգային բանաստեղծութիւն մը կը ձեւեմ, բան մը, որ վաղուց ներսս կը փոթորկեմ քաոսային դրութեան մէջ…»:
Կ’ենթադրուի, որ «ազգային բանաստեղծութիւնը» նոյն ինքն «Հին կռիւն» է: Կրկին Վարդազարեանին ան աւելի ուշ կը գրէ. «… Խոր ու լայն կը զգամ, որ վշտոտ ազգը, տառապած ազգը կը շարժի իմ մէջ, կ’ուզեմ խօսիլ: Այս էր, որ կ’ըսէի ազգային, մեծ բանաստեղծութիւն մը ձեւած եմ, բայց կը ծալեմ կը յետաձգեմ»:
Ընկեր թէ օտար, ծանօթ, անծանօթ-
Ով վեր է կենում-վազում է իր մօտ.
– Վահա՛ն, ի՞նչ անենք… Վահա՛ն, ո՞նց կենանք…
Վահան ի՞նչ կ’ասես…Վահա՛ն, ե՞րբ գընանք…
Գըլխի՞ էք ընկնում «էնտե՜ղ» են գընում…
Թումանեան անչափ ճշգրիտ ու տիպիկ ներկայացուցած է Հայոց հարցի դիւանագիտական մօտեցումները՝ մատնանշելով մեծ երկիրներու անտարբեր վերաբերմունքը: Ան կը գրէ եւ անգլիական «Անթիւ նաւերու», եւ գերմանական «Մեռելի ոսկորի», եւ ռուսական «Փրկչական խաչի» մասին՝ յստակացնելով, որ
«Մեր տունն են ուզում, մեր տեղն են ուզում,
Մեր բուն երկիրը՝ մեզնից ամայի…»:
«Հայոց լեռներում»-ը ե՛ւ բանաստեղծութեան մաս, ե՛ւ առանձին բանաստեղծութիւն
Մեր ճամբեն խաւար, մեր ճամբեն գիշեր,
Ու մենք անհատնում
Էն անլոյս մըթնում
Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր
Հայոց լեռներում,
Դըժար լեռներում:
Երեւի ոչ բոլորը գիտեն, որ Թումանեանի «Հայոց լեռներում»-ը, որը գրողին ցանկութեամբ տպագրուած է 1906-ին որպէս առանձին ստեղծագործութիւն, «Հին կռիւը» բանաստեղծութեան մաս կը կազմէ: «Հայոց լեռներում»-ը այս իմաստով բացառիկ չէ, քանի որ Թումանեանը նաեւ այլ ստեղծագործութիւններու հետ այսպէս վարուած է:
«Երբեմն ստեղծագործութիւնը այնքան շատ ըսելիք կ’ունենայ, որ առանձին հատուածներ կը տարրալուծուին եւ կարիք կ’ըլլայ առանձին տպագրել: Սակայն անոնք նաեւ այնքան ըսելիք ունեն, որ, այո՛, կրնան նաեւ ամբողջովին ինքնուրոյն կեանք ունենալ»,- կը պարզաբանէ թանգարանին տնօրէնը:
Այսպիսի առանձին կեանքով կ’ապրի նաեւ բանաստեղծութեան «Տղաների երգ»-ը, որ հետագային դարձած է ռազմական երգ:
Ազատութեան որդիքն ենք մենք՝
Թըռած դէպի ապագան:
Էսպես խըմբով սըլանում ենք,
Ո՞վ կը փակի մեր ճամբան.
Կայծակ կըլնենք
Կ’իջնենք ամպից.
Հեռո՜ւ ճամբից,
Հեռո՜ւ ճամբից…
Պատմական հերոսը՝ Վարդան Գոլոշեան
Թումանեան բանաստեղծութիւնը անուանած է «Հին կռիւը», որ դարերու խորքէն եկող ու անվերջ յարատեւող պայքարն է:
Իրական հերոսներու ընտրութիւնը խորթ չէ Թումանեանին, ան միշտ վերցուցած է գոյութիւն ունեցող խնդիրը, անձը եւ իր բանաստեղծական մտածողութեամբ զանոնք դարձուցած համամարդկային:
Կովկասէն Տաճկահայաստան մեկնող հայ երիտասարդներու առաջնորդ Վահանի (Ան Լեւոնը հետագային փոխած է Վահանի) նախատիպը Ալեքսանտր (Վարդան) Գոլոշեանն է:
Գոլոշեանը (1886-1889) Թիֆլիսի մէջ թողելով ընտանիքը՝ գացած է նախ Պարսկահայք, ապա Թուրքահայաստան՝ նուիրուելով իր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան: Այդ ժամանակ անոր մասին խօսած է ամբողջ Թիֆլիսը եւ պատանի Թումանեանը տարուած է անով: 1887-ին Վարդանը կը մեկնի հարազատ քաղաք, ենթադրաբար այդ ժամանակ ալ Թումանեան կը ծանօթանայ անոր հետ, կ’որոշէ միանալ անոր ու երթալ Արեւմտեան Հայաստան: Գրողը մտերիմ եղած է նաեւ Գոլոշեանի ընտանիքին, շփուած է եղբօր ու քրոջ հետ:
Մի օր էլ յանկարծ աղմուկը լըռեց,
Վահանը չեկաւ էն գիշերը տուն:
Չըկայ միւս օրն էլ, չըկա՜յ ոչ մի տեղ,
Ամէն հարցուփորձ անցաւ ապարդիւն:
«Ալեքսանտր Գոլոշեանի հետ որոշեցինք երթալ Տաճկահայաստան, հայրենիքը ազատելու, ես ալ իմ ամառուայ վերարկուս ծախեցի, ատրճանակ մը առի, պէտք է երթայի: Մեր նշանուելու պատճառով իմ երթալը յետաձգուեցաւ»,-Թումանեան տարիներ անց պատմած է կնոջ:
Ինչպէս Վարդանը, Թումանեանի հերոս Վահանը եւս գիտակցաբար կը նուիրուի պայքարին, կը հեռանայ ընտանիքէն յանուն հայրենիքի փրկութեան:
– Դուք ինձ կեանք տըուիք, դուք ինձ մեծացրիք,
Բայց քանի էսքան ցաւ կայ աշխարհքում,
Իմ կեանքն իմը չի, իմ սիրտն իմը չի,
Չեմ կարող հանգիստ մընալ ձեր գըրկում:
Վարդան Գոլոշեանը զոհուած է Վանէն ոչ-հեռու գտնուող կիրճի մը մէջ, անհաւասար կռիւի ժամանակ: Զոհուածի գրպանին մէջ գտած են հետեւեալ նամակը. «… Ազատութիւնից զատ ուրիշ մթնոլորտ չկայ, որի մէջ կարելի լինի շնչել… Ուրախութեամբ կ’երթամ մեռնելու, իսկ դու, քաղցր Հայրենիք, սրբիր արցունքս ու ինձ համար սուգ մի բռնի»:
Մշեցի Կիւլիզարի պատմութիւնը բանաստեղծութեան առանցքին
Գըլո՛ւխ տըուէք, գոռոզ սարե՜ր,
Անց է կենում Մուսաբեկ,
Գըլո՛ւխ տըուէք, վախկոտ հայե՜ր,
Չընչին գիւղեր ու օբէք:
Միւս իրական իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է Մուշի Խարս գիւղին մէջ, երբ քիւրտ ցեղապետ Մուսաբեկը 1889-ին առեւանգած է հայուհի Կիւլիզարը: Գիւղացիները մեծ աղմուկ բարձրացուցած են ու դիմած Պոլսոյ պատրիարքարան: Վերջինս բողոքած է կառավարութեան եւ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն: Կիւլիզարի ազատութեան գործին մէջ մեծ դեր խաղացած է գրող, ազգային գործիչ Գեղամ Տէր Կարապետեանը (Մշոյ Գեղամ), որ հետագային ազատ արձակուած Կիւլիզարի ամուսինը դարձած է:
– Աղջիկըդ բե՛ր, տուր ինձ կին.
Դե՜հ, շո՜ւտ արա, քեշի՛շ բաբա,
Դուրս բեր սիրուն Շողիկին:
Թուրքերը արդար երեւալու համար Պոլսոոյ մէջ բաց դատավարութիւն կազմակերպած են, սակայն հայերը թերահաւատօրէն վերաբերած են ու հասկցած, որ այդ ամէնը կեղծ է: Երկու ամիս անց Մուսաբեկը արդարացուցած են: Այս դէպքը մամուլին մէջ մեծ արձագանգ ստացած է, յօդուածներ գրած է նաեւ Շիրվանզադէն:
Հայի գիշե՜ր, անքու՜ն գիշեր,
Լի՜ տանջանքով ու մութով,
Հայի գիշե՜ր, անհու՜ն գիշեր,
Լի՜ ահաւոր խորհուրդով…
Բանաստեղծութեան մէջ Կիւլիզարին անունը փոխած է Շողիկի, որ, ի տարբերութիւն իր նախատիպին, չ’առեւանգուիր: Ըստ նիւթին՝ ան պէտք է փրկուի հայ երիտասարդներու շնորհիւ: Ցաւօք, բայց մեզի հասած կիսատ բանաստեղծութիւնը կ’աւարտի այնտեղ, երբ տղաները կը մտնեն տէրտէրին տունը ու կ’ըսեն, որ եկած են օգնութեան:
Շառաչեցին, շողշողացին
Զէնքերն լուսումն էն աղօտ,
Ու զինավառ ներս խուժեցին
Երեք ջահել անծանօթ:
««Հին կռիւը» վերջնական տեսքով պատգամ պիտի ըլլար բոլորիս: Իր ժամանակին մէջ դեր պիտի խաղար, որուն շնորհիւ աւելի քիչ սխալներ թոյլ տուած պիտի ըլլայինք ու գուցէ այսօր դարձեալ չէինք ճաշակեր հերթական դառն պտուղները: Սակայն անաւարտութիւնը ամբողջացնելու համար մենք պէտք է ուսումնասիրենք Թումանեանի յօդուածները, ուր ան նոյն ցաւն ու խնդիրները կը բարձրաձայնէ, բայց նաեւ կու տայ դեղատոմսը: Զանոնք կարդալու պարագային մեր կեանքին մէջ հաստատ զգալի փոփոխութիւններ կ’ունենանք»,- կ’աւելցնէ թանգարանին տնօրէնը:
Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ
Հեռու աստղերին,
Երկընքի ծերին,
Թէ երբ կը բացուի պայծառ առաւօտ
Հայոց լեռներում,
Կանաչ լեռներում:
«Mediamax»
(2023)