18-ամեայ Էմմա Պօղոսեանը մինչեւ 81 քիլոկրամ քաշային կարգի ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդական ախոյեանական մրցումներուն, երկամարտի ընդհանուր 233 քկ արդիւնքով դարձաւ ոսկէ մետալակիր։
Սպանական Լէոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ախոյեանական մրցամարտին մեր ծանրաբարձուհին «պոկում» վարժութեան ընթացքին բարձրացուց 100 քկ, գրաւելով 5-րդ հորիզոնականը: Իսկ «հրում» վարժութեան ժամանակ Էմման իր մրցակիցները զրկեց տիտղոսը նուաճելու յոյսերէն, երբ ուսերէն վեր պահեց 133 քկ-նոց երկաթեայ կոյտը: Ընդհանուր արդիւնքով հայրենի մարզուհին առաջատարն էր:
Հայաստանի միւս ծանրորդուհիներ Ալեքսանտրա Գրիգորեանն ու Աննա Ամրոյեանը նուաճած են երիտասարդական աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալները:
ՖՈՒԹՍԱԼ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՈԼՏՈՎԱ 4 – 1
Ֆութսալի բարեկամական երկրորդ մրցումով, Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականը 4 – 1 արդիւնքով յաղթեց Մոլտովայի ֆութսալի հաւաքականին: Ի դէպ գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարեթեանի սաները 25 Սեպտեմբերին դարձեալ պարտութեան մատնած էին միեւնոյն հաւաքականը աւելի մեծ հաշիւով՝ 9 – 1 արդիւնքով:
Երեւանի ՀՖՖ «Թեխնիքական կեդրոն»ի մէջ տեղի ունեցած զոյգ մրցումներուն մեր տղաները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով. Ալպերթ Աղաճանով (բերդապահ), Վլատիմիր Սանոսեան (աւագ), Արթուր Մելքոնեան, Տենիս Նեվետրով, Նիկիթա Քրոմիք:
Փոխարինողները. Արթուր Մկրտչեան, Սուրէն Ղազարեան, Գէորգ Մնացականեան, Գարեգին Մաշումեան, Կարէն Խատույեւ, Աղասի Եղիազարեան, Ռաֆիկ Մելիքեան, Արթուր Փաթաթեան, Աշոտ Եսայեան, Միհրան Տերմենճեան: