«ԱՐԱՐԱՏ», 15-20 Սեպտեմբեր 1969
Արագ ակնարկ մը թերթին Ա. էջերու քաղաքական լուրերուն վրայ՝ մեզ պիտի դնէ աշխարհի ղեկավար դէմքերու շրջանակի մը մէջ, որ այսօր հիմնովին փոխուած է։ 55 տարի անց՝ իր աթոռին վրայ չէ մնացեր ո՛չ մէկ տիրակալ, ո՛չ մէկ իշխանաւոր…։ Թուե՛նք. Միացեալ Նահանգներու նախագահը Նիքսընն էր, Խորհրդային միութեան արտաքին նախարարը՝ Անտրէ Կրոմիքօն, Եգիպտոսի նախագահը՝ Նասէրը, Լիբանանի նախագահը՝ Շարլ Հելուն, վարչապետը՝ Ռաշիտ Քարամէն, Հնդկաստանի վարչապետուհին՝ Ինտիրա Կանտին, Իսրայէլի վարչապետուհին՝ Կոլտա Մէյրը, Մարոքի վեհապետը՝ Հասան Բ. թագաւորը, իսկ Յորդանանինը՝ Հիւսէյն թագաւորը, Լիպիոյ նոր ղեկավարը՝ գնդ. Մուամմար ՔազզաՖին, Ֆրանսայի նախագահը՝ Ժորժ Փոմփիտուն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Ու Թանտը, ՊԱԿ-ի նախագահը՝ Եասէր ԱրաՖաթը…։
Կ’անցնիմ ներքին էջերուն։ Կրնամ դիւրաւ հաստատել, որ «Արարատ»-ի խմբագրապետը, այդ տարիներուն, Ժիրայր Նայիրին էր (Թօսունեան, 1929-2013)։ Ըստ մատենագիտական տուեալներու՝ ան թերթը խմբագրեր է 1960-էն սկսեալ, աւելի քան երեք տասնամեակ, մինչեւ որ 90-ականներու կէսին ունենար իր սեփական երկշաբաթաթերթը՝ «Նայիրի»-ն (Ծառուկեանի երբեմնի թերթին արտօնագրով), ու զայն եւս դիեցնէր աւելի քան 15 տարի, գրեթէ մինչեւ իր վերջին շունչը։
Ժիրայր Նայիրի արագ ու առատ արտադրող էր։ Վարպետօրէն գրի կ’առնէր «Արարատ»-ի խմբագրականները եւ անոնցմով կը ճշդէր թերթին գաղափարական ուղին։ Իր ընդդիմախօսներուն նկատմամբ կը գործածէր խիստ ու կծու ոճ մը, որ երբեմն զինք կրնար հասցնել ծայրայեղութիւններու…։ Ունէր գաղափարակից ընկերներու լայն շրջանակ՝ մինչեւ ամենահեռու գաղութները։ Զորօրինակ, 15 Սեպտեմբերի թիւով ան սգացեր է իրեն ծանօթ պրազիլահայ ընկերոջ մը՝ Մարտիրոս Ներսէսեանի մահը։ Ողբացեալը, արմատներով՝ հաճընցի (1913-ի ծնունդ), եղեր է Հարաւային Ամերիկայի հնչակեան գործուն տարրերէն մին, նաեւ վարչական՝ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան մէջ։ Ժիրայր Նայիրի կը հաստատէ որ անոր մահը անփոխարինելի կորուստ է շրջանի կուսակցական կազմին, բայց նաեւ պրազիլահայ գաղութին համար առհասարակ, քանի որ այնտեղ «տակաւ կը շիջին ազգապահպանումի վեթերանները, կը կքին գաղութին սիւները, փութացնելով օրհասը շրջանի հայութեան, որ նաւաբեկեալ մըն է արդէն։ Հիները կ’երթան, իսկ նորերը ուրի՜շ հայեր են, հոգիով ու մտածումով ընդհանրապէս խորթ՝ մեկնող սերունդին»։ Սիրտ ծակող խօսքեր…։
Մամլոյ հին հաւաքածոները պրպտողներուն համար յաճախ հանելուկ կը դառնայ յօդուածագիրներու ինքնութիւնը, որովհետեւ անիկա քողարկուած կ’ըլլայ ծածկանունի մը տակ։ Երբեմն կարելի է «քակել» այդ ծածկանունը, երբեմն՝ ոչ։ «Արարատ»-ի մէջ ալ ծածկանունները շատ են։ Զորօրինակ, Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան» թերթէն արտատպեալ էջ մը կայ հոս, ստորագրուած՝ Սիրվարդ։ Քաջ գիտենք, որ այս գրչանունը կը պատկանէր խարբերդցի հրապարակագիր Եղիա Գրիգորեանին, որ երկարամեայ խմբագիրն էր վերոնշեալ լրագրին։
Բայց ահա ուրիշ ծածկանուն մը՝ Վանիկ։ Քանի մը թիւերու վրայ երկարող հետաքրքրական յօդուածաշարք մը ստորագրեր է ան՝ «Արեւելագիտութիւնը Հայաստանի մէջ» վերնագրով։ Կը խօսի հայ նշանաւոր արեւելագէտներու մասին, որոնք կը հետախուզեն Իրանի, արաբական աշխարհի, Թուրքիոյ եւ Քիւրտիստանի պատմութիւնն ու ընկերաքաղաքական վերիվայրումները։ Կը յիշէ անունները ակադեմիկոս Մկրտիչ Գ. Ներսիսեանի, փրոՖ. Յովհաննէս Ինճիկեանի, Վահան Բայբուրդեանի։ Ո՞վ է Վանիկ։ Ստուգեցինք, թէ ան «Արարատ»-ի երկարամեայ աշխատակից Հրանդ Գանգրունին է (1925-2006)։
Քանի որ յիշեցինք Գանգրունին, անմիջապէս աւելցնենք, որ թերթին մէջ մերթ ընդ մերթ կ’երեւի միեւնոյն մականունով ա՛յլ յօդուածագիր մըն ալ՝ Մինաս Գանգրունին (1929-2009), յօրինող, երաժշտագէտ եւ երաժշտութեան դասատու լիբանանահայ վարժարաններու մէջ։ Ան կրտսեր եղբայրն է Հրանդին ու կը ստորագրէ երաժշտագիտական յօդուածներ (շրջանաւարտ է Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն)։ Իրեն հետ տեսակցութիւն մը ունի Ն. Սարգիս (ապահովաբար Սարգիս Նաճարեանի գրչանունն է)։ Մինաս կը պատմէ որ Լիբանանի անունով, վերջերս, մասնակցեր է Ռումանիոյ մէջ կայացած երաժշտագէտներու համաշխարհային համագումարի մը ու հոն ելոյթ ունեցեր է ֆրանսերէնով։
Թերթին Դամասկոսի թղթակիցը մտահոգիչ որոշ լուրեր կը հաղորդէ տեղւոյն եկեղեցական կեանքէն։ Կը պատմէ որ առաջնորդ Շաւարշ եպս. Գույումճեան մէկուկէս տարիէ մը իվեր բացակայ էր թեմէն ու քահանայ մը առժամաբար կը վարէր փոխանորդութիւնը։ Այս մասին թղթակիցը հարցումներ ուղղած է Ազգ. Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէն Տիրան Ակինեանին, որ միաժամանակ անդամ է եղեր թեմին Գաւառական Ժողովին։ Ակինեան պատասխաներ է՝ ըսելով թէ արդէն Տարօն վրդ. Ճէրէճեանը կանչուած է փոխանորդութեան պաշտօնին, գիտակցութեամբը Շաւարշ սրբազանի։ Ան կը շեշտէ. «Դամասկոսը չէ դադրած Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան թեմ ըլլալէ. սակայն Կիլիկեան Կաթողիկոսութիւնը 1963-ի «ողջագուրում»-էն ետք իսկ (կ’ակնարկէ Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. հայրապետերու հանդիպումին՝ Երուսաղէմ — Լ.Շ.) չուզեց ճանչնալ Դամասկոսի թեմին գոյավիճակը՝ հակառակ բազմաթիւ պաշտօնական դիմումներու եւ համագործակցութեան բուխ առաջարկներու»։
Ահա՛ ուրախալի լուր մըն ալ։ «Յովհաննէս Թումանեանի 14 պատմուածքները արաբերէն լեզուով»։ Լիբանանցի երիտասարդ մտաւորական մը՝ Նիքոլա Թաուիլ, արաբերէնի թարգմանելով հրատարակութեան պատրաստեր է եղեր Թումանեանէն հեքիաթներու ժողովածու մը։ Ան նախապէս ալ թարգմանութիւններ կատարեր է, կ՛ըսուի, Վախթանգ Անանեանէն, Մահարիէն, Իսահակեանէն, Դերենիկ Դեմիրճեանէն եւ ուրիշներէ։ Չէ ըսուած սակայն, թէ լիբանանցի այս տղան ուղղակի հայերէնէ՞ արաբերէնի թարգմաներ է տուեալ էջերը (այդ պարագային՝ ո՞ւր սորվեր է հայոց լեզուն…), թէ՞ օտար լեզուէ մը վերածեր է արաբերէնի։
Հայաստանէն հեռագրուած լուրերու շարքին՝ «Արարատ» կը հաղորդէ որ արդէն Երեւան ժամաներ են սփիւռքահայ այն մտաւորականները, որոնք հրաւիրուեր էին մասնակցելու Յովհ. Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն։ Ժամանողներու շարքին են եղեր ամերիկահայ գրագէտ Բենիամին Նուրիկեան, Փարիզի «Աշխարհ» թերթի խմբագիր Աւետիս Ալիքսանեան, Պէյրութէն՝ գրող Պէպօ Սիմոնեան։
Դա՛րձեալ իմ ուշադրութիւնը կը գրաւեն վերջին էջերու ծանուցումները։ Դպրոցական վերամուտի հրաւէր ուղղած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրդ. վարժարանը (տնօրէնուհի Սօսի Պետիկեանի ստորագրութեամբ), Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը (տնօրէն Երուանդ Կրպոյեանի ստորագրութեամբ), Սահակեան լիսէն, Ազգ. Սահակ- Մեսրոպեան վարժարանը (Նոր Հաճըն թղմս.), Կենաց երկրդ. վարժարանը (Տպայա), Վիեննական Մխիթարեան երկրդ. վարժարանը (Հազմիէ) եւ Հայ Գալստական միջնակարգ երկսեռ վարժարանը (Սին էլ Ֆիլ)։ Դպրոցներու այս ծանուցումները, վստահաբար, ոգեւորիչ տպաւորութիւն մը ունեցեր են ընթերցողին վրայ, մանաւանդ եթէ մտածենք որ չկայ Հայ Դպրոցէն աւելի կենարար հիմնարկութիւն սփիւռքի մէջ։ Բայց այսօր տխուր է անդրադառնալ, թէ անոնց մեծ մասը փակուած է…։
Հալէպի «Կոմիտաս» երգչախումբը կը ծանուցէ որ «մեծաշուք համերգ»-ով մը ու 100 անդամ-անդամուհիներով հանդէս պիտի գայ Հայ Կաթողիկէ «Աղաճանեան» սրահին մէջ (Հալէպ), խմբավարութեամբ Յովսէփ վրդ. Շատարեւեանի, ի պանծացումն Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին։
Փոքրիկ ծանուցում մը կը յայտնէ, թէ նշանախօսութիւն մը զիրար կապեր է օրդ. Զապէլ Սափսըզեանն ու տոքթ. Կէրի Պէլեանը (Ամերիկա)։
Այլ ծանուցում մը կը յայտնէ, որ «տոքթ. Պօղոս Վարդիվառեան վերադարձած ըլլալով Եւրոպայի իր շրջապտոյտէն՝ հիւանդներ կ՛ընդունի իր նախկին քլինիքին մէջ»։
Քառասունքի հոգեհանգիստ պիտի կատարուի եղեր Ժորժ Ռ. Թազպազեանի (1898-1969) հոգւոյն, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր-Ս. Եղիա եկեղեցին։ Ողբացեալը հայերէնէ արաբերէն բառարանի մը հեղինակը չէ՞ր…։
Յայտարարուեր է, որ «Արարատ» օրաթերթը թէեւ ամէն օր ցրուիչներու միջոցաւ կը հասնի իր ընթերցողներուն, սակայն կը ծախուի եղեր հետեւեալ գրատուներուն մէջ ալ. գրատուն Կլորիա (Սինեմա Ռոքսիի մօտ), գրատուն Սթանպուլ (Սէն Ժորժ եկեղեցիին մօտ), գրատուն Ճորճ (Օթէլ Փալմ Պիչի դիմաց), գրատուն Կ. Տօնիկեան (Մար Մխայէլ) եւ գրատուն Չագմագճեան (ԷշրէՖիէ), նաեւ՝ թերթավաճառ Շամուն (երկաթէ կամուրջին տակ)։
Կարելի չէ խուսափիլ հարցումէն. վերոնշեալ գրատուներէն հետք մնացե՞ր է այսօր…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)