Այսօրուընէ սկսեալ թերթիս էջերուն մէջ կը հաստատենք նոր սիւնակ մը, որ վստահաբար հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի մեր ընթերցողներուն կողմէ։
Այս սիւնակը յետադարձ հայեացք մը պիտի ըլլայ դէպի անցեալ, դէպի 40, 50, 60 կամ 80 տարի առաջուան մեր երբեմնի կեանքը, որ օրին իր ցոլացումը գտեր է ”Արարատ”-ի էջերուն մէջ։
Սիւնակը պիտի պատրաստուի հալէպահայ ծանօթ բանասէր եւ կրթական մշակ պրն. Լեւոն Շառոյեանի կողմէ, որ ընդառաջելով խմբագրութեանս դիմումին՝ յանձն առաւ շաբաթական դրութեամբ պեղել ”Արարատ”-ի հին հաւաքածոները ու հոնկէ դուրս բերել մոռցուած դէպքեր ու դէմքեր, ուշագրաւ յօդուածներ ու ամէն ինչ որ կրնայ շահեկան թուիլ այսօ՛ր կամ գգուել մեր զգացումները՝ ինչպէս երէկ…։
Մենք կը վստահինք պրն. Շառոյեանի ձեռնհասութեան ու կասկած չունինք որ ան, պեղումի իր այս աշխատանքին մէջ, թուղթերու հանքին տակէն դուրս պիտի բերէ բաներ, որոնք պիտի տաքցնեն մեր սիրտը…։
Խմբ.
* * *
ԵՐԲ ԳԼՈՒԽ ԿԸ ՀԱԿԵՆՔ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ԴԷԶԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Իրաւ է որ մամուլի հին հաւաքածոները թանկագին հանքեր են, որոնք իրենց ”խաւ”-երուն տակ կը պահեն ամբողջ պատմութիւն մը, մշակոյթ մը, ժառանգութիւն մը։
Թերթերու հին հաւաքածոները, ընդհանրապէս, մասնաւոր շահագրգռութիւն մը չեն ներկայացներ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութեան համար, որովհետեւ մարդիկ (մա՛նաւանդ երիտասարդները) չեն սիրեր ”անցեալ”-ը, այլ կ՛ուզեն լիովին ապրիլ ”ներկայ”-ն։
Եւ սակայն… անցեա՛լն է որ կը տաքցնէ մեր սիրտը, կ՛իմաստաւորէ մեր ներկան եւ կրնայ ուղենիշ ծառայել մեզի՝ ճի՛շդ դատելու համար այն բոլոր դէպքերը, որոնք կը շրջապատեն մեզ այսօր։ Անցեալէն փրթիլ կը նշանակէ խուլ ու համր դառնալ, պարպուիլ այն աւիշէն, որ մղում կու տայ մեր այսօրուան բոլոր ձգտումներուն, երազներուն…։
Թերթերու խմբագրատուներուն մէջ, դարաններու վրայ, կողք-կողքի շարուած մամուլի կաշեկազմ հին հաւաքածոները մի՛շտ ալ հրապուրած են զիս։ Օ՜, փորձա՞ծ էք երբեւիցէ թերթատել հին ”Սիոն”-ներու, հին ”Հասկ”-երու, հին ”Նայիրի”-ներու, հին ”Բազմավէպ”-երու հաւաքածոները…։
Այսօր կը սկսիմ իմ գլուխը հակել ”Արարատ” օրաթերթի 55 տարի առաջուան թիւերուն վրայ։ Շրջան մը յետոյ, կրնանք երթալ դէպի աւելի հին շրջաններ ալ՝ ըստ ընձեռուած յարմարութեան կամ զգացուած պահանջքին։ Բնաւ պիտի չզբաղինք քաղաքական լուրերով, որոնք ժամանակավրէպ են արդէն։ Մեր հայեացքը սեւեռուն պիտի պահենք առաւելաբար հայկական լուրերու կամ ուշագրաւ յօդուածներու վրայ։ Եւ հոս, ընթերցողներս մտահան պէտք չէ ընեն այն պարագան, թէ քաղուածաբար մէջբերուած յօդուածները կը կրեն իրենց ժամանակին կնիքը։ Զանոնք չենք կրնար արժեւորել տուեալ ժամանակաշրջանի մտայնութենէն կամ ըմբռնումներէն դուրս։
Հիմա եկէ՛ք վարագոյր բանանք 1969 թուականին վրայ ու տեսնենք, թէ ինչե՞ր երեւցեր էին ”Արարատ”-ի 55 տարի առաջուան սեպտեմբերեան թիւերուն մէջ։
”ԱՐԱՐԱՏ”, 8-13 Սեպտեմբեր 1969
Իմ տրամադրութեան տակ կան վեց իրերայաջորդ թիւեր։ 1969-ն կ՛իյնայ Լիբանանի նախապատերազմեան ժամանակաշրջանին մէջ, երբ երկիրը խաղաղ էր ու բարգաւաճ, մինչ լիբանանահայութիւնն ալ կ՛ապրէր իր պատմութեան ամէնէն անդորր ու ծաղկուն մէկ փուլը։ ”Արարատ”-ի արտօնատէրը, սա շրջանին, Գրիգոր Հաճընլեանն էր, իսկ պատասխանատու տնօրէնը՝ Օննիկ Ճամպուլեանը։ Թերթին տարեկան բաժանորդագինը 40 լիբ. ոսկի էր, իսկ ձեռքէ հատը կը վաճառուէր 15 դահեկանի։
Իմ ուշադրութիւնը կը գրաւեն, ամէն բանէ առաջ, խմբագրականները, մանաւանդ անոնք՝ որոնք կը շօշափեն հայկական նիւթեր։
Ահա՛ անոնցմէ մէկը, որ կը կրէ ”Որպէսզի զոհողութիւնը իր նպատակին ծառայէ…” խորագիրը։ Էջը գրուած է Սփիւռքէն միամսեայ արձակուրդով Հայաստան մեկնած ուսուցիչներու եւ դպրոցականներու տունդարձին առիթով։ Խմբագիրը նկատել կու տայ որ Հայաստանի պետութիւնը զոհողութիւններ յանձն կ՛առնէ գաղութներէ հրաւիրեալ խումբերը լաւագոյնս հիւրընկալելու համար։ Ուստի, հարկ է որ ”մերիններ”-ն ալ լա՛ւ արժեւորեն ընծայուած առիթը, մնան հայ դաստիարակի իրենց պատուանդանին վրայ, ”փոխանակ ցուցաբերելու շահագրգռութիւններ, որոնք կապ չունին Մեսրոպի շառաւիղներուն նկարագրին ու առաքելութեան հետ, այլ յատուկ են որոշ շուկայի մը մանրավաճառներուն, որոնց ուշքը կոպեկներու համրանքին վրայ կեդրոնացած է…” (ակնարկութիւնը յստակօրէն մատնանիշ կ՛ընէ Լիբանանէն Հայաստան վաճառականութեամբ զբաղող թուրիստները)։ Խմբագիրը փափաք կը յայտնէ նաեւ, որ նախընտրաբար Հայաստան հրաւիրուին այն դպրոցականները, որոնք պարկեշտ են, ուշիմ եւ զրկեալ…։
Այլ խմբագրական մը խորագրուած է ”Ո՞ւր են կռունկները”։ ”Կռունկ”-ները Հայաստան ներգաղթող սփիւռքահայերն են։ Թերթը կրցեր է հաստատել, որ նոյն տարուան Օգոստոս ամսուն շուրջ 60 հայ ընտանիքներ արտասահմանէն Հայաստան հաստատուեր են վերջնականապէս։ Երեւոյթը ուրախալի է, որովհետեւ հայրենադարձութիւնը ”ազգասիրական ամէնէն գործնական ու շողշողուն ապացոյցն է ընդդէմ ամէն կարգի հայրենասիրական պերճախօսութիւններու եւ զեղումներու”։ Ըստ խմբագրին, Հայաստան ի վիճակի է ամէն տարի 15-20 հազար հայեր ընդունելու՝ անոնց ապահովելով բարեկեցիկ կեանքի մը անհրաժեշտ պայմանները։ Դժգոհութիւնը այն է սակայն, որ կարգ մը շրջանակներ (ԱՆՉԱ եւ այլն) հայ բազմութիւններու տեղաշարժ կը կազմակերպեն… հակաոակ ուղղութեամբ, այսինքն՝ դէպի Ամերիկա։ ”Ազգի ու հայրենիքի հանդէպ պարտքի կատարման մէջ չկայ աւելի ազնիւ ու օգտակար կերպ, քան մէկ հայ աւելի հայրենիք ղրկելը”, կը գրէ խմբագրականը։
Կարդալէ ետք վերի տողերը՝ կրկին ու կրկին կը յիշեմ Արցախի հայաթափումը, ճի՛շդ տարի մը առաջ։ Երեք օրուան մէջ ինչպէ՞ս դատարկուեցաւ անիկա իր բնիկ տարրէն…։ Ինչպէ՞ս ի գործ դրուեցաւ այդ սադեյէլական ծրագիրը…։
”Արարատի տեսակցութիւնները” շարքէն՝ զրոյց մը կատարուած է Դամասկոսի Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդական փոխանորդ Տարօն վրդ. Ճէրէճեանի հետ, որ ծնունդով Պէյրութէն է (1937) եւ Սահակեան նախակթարանէն շրջանաւարտ։ Ան տեղեկութիւններ կու տայ ֆրանսահայութեան մասին (որուն ծոցին մէջ ծառայած է նախապէս) ու կը գանգատի տեղւոյն ազգային կեանքի ”մեռելային վիճակ”-էն։
Այլ տեսակցութիւն մը, այս անգամ կատարուած Սարգիս Նաճարեանի կողմէ, կը խօսեցնէ ”ԱէորոՖլոթ” օդային ընկերութեան Պէյրութ-Երեւան թռիչքի հայ օդաչուները։
Պուլկարիոյ Ժողովրդային Հանրապետութեան (այդպէս կը կոչուէր ան՝ երբ համայնավար վարչակարգի տակ կը գտնուէր) 25-ամեակին առթիւ ծանօթագրական յօդուածաշարք մը ունի Գաբրիէլ Մոլոյեան։ Ըստ յօդուածագրին՝ այս նոր հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ 1944-ին, ”վերջնականապէս պարտութեան մատնելով Ֆաշիզմն ու ներքին յետադիմութիւնը եւ փոխարինելով միապետութիւնը”…։ Այսօր կրնա՞նք գրել նման բան…։ Վերապահութեամբ կը կարդանք եզրակացութիւնն ալ, որ կը վերաբերի պուլկարահայ գաղութին.”Պուլկարիոյ սոցիալիստական իրաւակարգի շնորհիւ, տեղւոյն հայ գաղութը իր ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու եւ առաւել եւս յառաջդիմելու տեսակէտէն ամենանախանձելի գաղութը կրնայ համարուիլ բովանդակ Եւրոպայի մէջ”…։
Հետաքրքրական են թերթին վերջին էջի ծանուցումները։ Կը հաղորդուի արձակուրդէն վերադարձը ծանօթ վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Գրգեաշարեանի, որ իր վիրաբուժական գործողութիւններուն սկսեր է ”Ապու Ժաուտէ” հիւանդանոցին մէջ։
Հաննէսեան եղբայրներ կը ծանուցեն իրենց հռչակաւոր ”Շիրակ” երգարանի 13-րդ հատորին լոյս ընծայումը։ Հոն տեղ գրաւեր են եղեր 35 անտիպ երգեր, որոնց ”բառերը ստուգուած են հայաստանցի հեղինակներուն կողմէ”։
Վերամուտի շրջան ըլլալով՝ վերաբացումի ծանուցումներ դրած են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի Երուանդ Տէմիրճեան վարժարանը (տնօրէն Երուանդ Ակիշեանի ստորագրութեամբ), Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրդ. վարժարանը (տնօրէն Արա Թօփճեանի ստորագրութեամբ), Ազգ. Ռուբինեան վարժարանը, Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանն ու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանը։ Տխուր է անդրադառնալ, թէ հիմա այս հինգ դպրոցներէն առաջին երեքը չկան, իսկ միւսներն ալ մեծապէս տուժած ըլլալով Սուրիոյ տագնապէն՝ կը շարունակեն թիավարել հոսանքն ի վեր…։ Պէյրութի Հայկազեան գոլէճն ալ կը ծանուցէ սկսնակներու յատուկ ”Հայերէն լեզուի դասընթացք” մը, որուն կրնան հետեւիլ եղեր օտարներն ալ։
Հալէպաբնակ փրոՖ. Ֆէլէքի, որ ”Ֆաքիր-աստղագէտ, մասնագէտ քնացնող եւ ոգեհարց” է եղեր, կը ծանուցէ որ յաճախորդներ կ՛ընդունի Հալէպի Սէյյիտ Ալի փողոցի իր տան մէջ, Անթուան Թաուիլի շէնքը, թիւ 38 (հրշէջներու պողոտային ետեւը)։ Ոգեհա՜րց…։ Բառարանս կը բացատրէ ինծի, թէ ոգեհարցը ոգիներու հետ հաղորդակցող մարդն է, ոգեխօսը: Դեռ ոգեհարցե՞ր կային Հալէպ 60-ականներուն…:
10 Սեպտեմբեր1969-ի թիւին Ա. էջի մեծատառ մայր խորագիրը կ՛ըսէ.”Միջին Արեւելքի տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու ամէն յոյս կորսուած կը նկատուի”։
Ի՜նչ մարգարէացում…։ 55 տարի ետք, այսօ՛ր, այս խորագիրը նոյնութեամբ չէ՞ք կրնար զետեղել մեր թերթերուն ճակատը…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)