Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար 9 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՐՈՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԺԻՇԿ ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ  

September 20, 2024
in Յօդուածներ
0
Նշմար 9  ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՐՈՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԺԻՇԿ ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ  

 

Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբերին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան իր առաջին մամլոյ ասուլիսը տուաւ:  Ասուլիսին հրաւիրուած էին իրանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներու շուրջ 300 ներկայացուցիչներ:
Ասուլիսէն յստակ դարձաւ Իրանի հասարակութեան մէջ յառաջացած  սուր հակասութիւնները, տնտեսական ճգնաժամը եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ յուսալի փոփոխութիւնները:

Մեր տեսանկիւնէն նշմարեցինք հետեւեալ կարեւոր կէտերը .
Ա.- Բժիշկ նախագահը շատ բարեացակամ մօտեցում ցուցաբերեց, երբ  կին լրագրող մը անոր բացայայտ ըսաւ, որ ինք ասուլիսի գալու ճանապարհին ստիպուած  էր  քանի մը շրջանցում  ընել, որպէսզի ոստիկանութեան կողմէ  հիճապի կանոնները խախտելու պատճառով չկալանաւորուէր։ Փեզեշքիան, պաշտպանելով հագուստի ազատութիւնը, կատակով արձագանգեց. «Անոնք այլեւս պէտք չէ այդ ընէին. մենք կը հետեւինք , որպէսզի այլեւս չանհանգստացնեն ձեզ»: Փեզեշքիանի այս խօսքերը  արժանացան ներկաներէն շատերու ծափահարութիւններուն, իսկ ուրիշներու դէմքի դժգոհ արտայայտութեանց:

Բ.- Արեւմուտքի հետ Իրանի յարաբերութիւններու ապագայի մասին հարցումին, Փեզեշքիանի պատասխանները խուսափողական էին:
Օրինակ, թէ պատրա՞ստ է ԱՄՆ ներկայիս կամ ապագայի նախագահի հետ հանդիպման, դրական կամ բացասական պատասխան մը չտուաւ: Բայց, մեր կարծիքով, միանշանակ ժխտական չըլլալն ալ ինքնին դրական մօտեցում մըն է: Մանաւանդ երբ ան ըսաւ, որ «մենք թշնամութիւն չունինք ԱՄՆ-ի հետ» եւ «մենք մտադիր չենք արտահանել մեր յեղափոխութիւնը»։

Գ.- Փեզեշքիանի արձագանգը բաւականին սուր էր յատկապէս ծայրայեղ պահպանողական   դիրք ունեցող «Քէյհան» թերթի թղթակիցի քննադատական այն արտայայտութեան, թէ  կառավարութեան մէջ «խռովարարներ» աշխատանքի ընդունուած են:
Փեզեշքիան իր խօսակցութեան ընթացքին պաշտպանեց մտքի ազատութիւնը եւ քննադատեց նախկին վարչակարգի այլախոհ երիտասարդներու համալսարաններէն արտաքսումը եւ ուսումէն զրկելու գործողութիւնները:

Դ.- Վերջապէս շատ դրական էին այլադաւան իսլամ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումի մասին անոր արտայայտութիւնները, մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի հետ: Ան նշեց, բոլոր մուսուլմանները եղբայրներ են:

Յատկանշական էր ասուլիսի հարթակը, նախագահին նստած գրասեղանին ետեւի պաստառին վրայ պատկերուած էր խորհրդանշական, ձիւնապատ լեռան մը նկարը, ետեւէն  ծագող արեւը եւ խոշոր տառերով երկու կարգախօս՝ «Կառավարման բարեփոխում» եւ «Վերադարձ դէպի ժողովուրդ»։

Աւելի քան երկուքուկէս ժամ տեւած ասուլիսէն կարելի է դատել, որ Իրան կը մտնէ նոր փուլ մը, որուն արտացոլումները արդէն սկսած են իրենք զիրենք ցոյց տալ Իրանի մէջ  Յեղափոխութեան Պահապաններու հաստիքներու որոշ կրճատումով, եւ այդ հաստիքները տարբեր հանրօգուտ բնագաւառներու մէջ ծախսելով, պահապանողական շրջանակներու առանձնաշնորհներու սահմանափակումով, որ բնականաբար կը տանի դէպի Իրանի աշխարհով մէկ տարածուած ռազմական եւ քաղաքական թեւերուն տրուած օժանդակութեան նուազումին:

Նշմարեց՝ ՍԱՄՈՒԷԼ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Share64Tweet40
Previous Post

COP29-Ի ԲՈԼՈՐ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ ԸՆԵՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐԸ. ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ ”ԱՐԱՐԱՏ”-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post
ՊԵՂԵԼՈՎ ”ԱՐԱՐԱՏ”-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

ՊԵՂԵԼՈՎ ''ԱՐԱՐԱՏ''-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.