Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար 8 ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ, ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ

September 13, 2024
in Յօդուածներ
0
Նշմար 8  ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ, ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ

 

Որոշած էի չանդրադառնալ Բագրատ Սրբազան Գալստանեանին  «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժման եւ շարժման զարգացումներուն: Այդ որոշումիս պատճառները ունէին անձնական, գաղափարական եւ քաղաքական բնոյթ, սակայն քանի մը օր առաջ փոխեցի որոշումս.  ի՞նչը դրդեց, որ ետ դառնամ որոշումէս եւ այս վերնագիրը գրեմ:

Ա.- Վերջերս Հայաստան կը գտնուէի եւ առիթ ունեցայ խօսելու իմ ծանօթ եւ անծանօթ հայրենակիցներուս հետ, եւ, մեղքս չթաքցնեմ, երբեմն ալ ես ուղղորդեցի զրոյցը ճիշդ հասկնալու Բագրատ Սրբազանի շարժման մասին տարբեր խաւերու պատկանող մարդոց կարծիքները: Խօսեցայ քաղաքականապէս համեստ մտածողութիւն ունեցող մարդոց, հանդիպեցայ մտաւորականներու, քաղաքականութենէն քիչ մը հասկցողներու եւ վերջապէս քաղաքական գործիչներու հետ: Ճիշդ է,  որ խօսակցութեան ոճն ու օգտագործուած բառապաշարը կը փոխուէին մէկ խաւէն միւսը: Հակառակ այն փաստին, որ ես կը հարցնէի Բագրատ Սրբազանին շարժման քաղաքական գաղափարական բովանդակութեան եւ ծրագրային հեռանկարներուն մասին, ակամայ խօսակցութեան սլաքները յաճախ կ’երթային այլ ուղղութիւննեով,  զրուցակիցներուս մեծամասնութեան մօտ նեղուածութիւն մը կը զգայի մեր ազգային առաքելական եկեղեցւոյ քանի մը հովիւներու եւ ծառայողներուն հանդէպ, որոնց անունները կապուած են նախկին փտած շրջանակներուն հետ:

Հասայ այն եզրակացութեան, որ Սրբազան Գալստանեանի առաջնորդած եւ յստակ ծրագիր մը չունեցող շարժումը դուռ կը բանայ նաեւ մեր Սրբութիւներէն՝  Մայր Աթոռի բարձրաստիճան հոգեւորականներու հանդէպ քննադատական արտայայտութիւններ լսելու, այն ինչ շատ տհաճ էր ինծի լսել նման խօսքեր:

Բ.- Քաղաքական գործիչ դարձած Բագրատ Սրբազանը օրեր առաջ, Շիրակի մարզի բնակիչներուն հետ հանդիպումէն յետոյ  յայտարարեց որ, «վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հեռացնելու օրակարգով Սեպտեմբերին պայքարի երկրորդ փուլ է սպասւում»: Ան աւելցնելով՝ լրագրողներէն մէկուն ըսաւ, որ «պայքարին միացել են ոչ միայն երկրի ներսում, այլեւ դրսից» : Իր դաշնակցներուն կողմէ լքուած կամ խաբուած գերաշնորհ սրբազան հայրը, որ վարչապետ դառնալու յաւակնութիւն ունի, ի՞նչ կամ որո՞նց  նկատի ունի «դրսից» բառով, մութ է մեզի համար: Հաւաանաբար սրբազանին մօտ վրիպած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայաստանի «ներսից»՝ այսինքն Հայաստանի մէջ ապրող բնակիչները կ’ընտրեն,  կամ հաւաանաբար սրբազանը չի  գիտակցիր այդ արտայայտութեան վտանգին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու կոպիտ ոտնահարում ըլլալուն մասին:

Յամենայն դէպս ներքին դաշնակիցներու աջակցութիւնը  մեծամասամբ կորսնցուցած, նաեւ «դրսի» ուժերուն վրայ վստահած Բագրատ սրբազանի ծրագրերը եւ քաղաքական գործունէութեան ուղեգիծը  յառաջիկայ օրերուն կը բացայայտուին:

Պարզապէս նշմար մըն էր ըրածս, խիղճս հանգստացնելու համար:

Մինչ հանդիպում, Աստուած օգնական, Բագրատ սրբազան:

ՍԱՄՈՒԷԼ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ 4ՐԴ ՏԱՐԻ

Next Post

 ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

 ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.