Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ 4ՐԴ ՏԱՐԻ

September 13, 2024
in Գաղութային, Յօդուածներ
0
ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ 4ՐԴ ՏԱՐԻ

 

 

4 Օգոստոս 2020-ը անդառնալիօրէն փոխեց բոլոր լիբանանահայերուս կեանքը:

Ես, օրինակ, Հայաստան տեղափոխուելու աւելի քան 5 տարի մտածած/ծրագրած երազանքս ի գործ դրի: Չեմ կրնար ըսել, որ Օգոստոս 2020-ին կայացուցած որոշումս առողջ եւ սթափ պայմաններու մէջ էր: Ո՛չ, ընդհակառակը, առանց երկու անգամ մտածելու որոշեցի հայրենադարձուիլ:

Այդ պահուն ամբողջական գիտակցումո՞վ որոշեցի Հայաստան տեղափոխուիլ… ոչ:

Երաշխաւորուած ու հեռատես որոշո՞ւմ էր այդ պահուն… ոչ:

Ուրա՞խ եւ հանգիստ կը զգայի այդ բաղձալի քայլը կեանքի կոչելուս համար… ոչ:

5 ամիս Քովիտի պատճառով արտաքին աշխարհէն ու մարդոցմէ կտրուած ըլլալու, autism-ի նմանող վիճակներ ապրած ըլլալով, Օգոստոս 2020-ին անորոշ ժամանակով եւ առանց հեռանկարի տուն-տեղ ձգելու, ազգականներէ եւ ընկերներէ բաժնուելու, վախի, շփոթի, առանձնութեան, անորոշութեան, հիւանդութիւններէ տառապող ծնողներս նոր (թէկուզ հարազատ, թէկուզ միշտ երազած) միջավայր տեղափոխելու, ուրիշին օգնութեան կարիքը զգալու, ընտանիքիս պատասխանատուութիւնը իմ որոշումիս վրայ վերցնելու ահաւոր ալիքները կ’ալեկոծէին հոգիս, կը խռովէին ամբողջ էութիւնս ու ես կը զգայի, որ ԱՆԶՕՐ եմ: Անզօր եմ դիմակայելու ինձ սպասող՝ կեանքիս նորագոյն փոփոխութեան, կեանքիս նոր էջին մարտահրաւէրները:

Դժոխային ամիս էր Օգոստոս 2020-ը եւ ամէն ինչ սեւ կ’երեւար աչքիս, նոյնիսկ Հայաստան գալը: Նեղութիւնը, տխրութիւնը եւ ընկճուածութիւնը կը ճնշէին մտածողութեանս ու զգացողութեանս վրայ, տեղ չտալով առողջ դատողութեան: Իմ եւ քրոջս տարեդարձները անգամ տխրալից դարձան վերոնշեալ եւ այլ պատճառներով: Պէյրութը եւ սեփական օճախս փուշ թուեցան ինծի: Եւ ինծի յետոյ 2 տարի պէտք եղաւ, որպէսզի որոշ չափով հաշտուէի Պէյրութին հետ, քիչ մը հաշտ աչքով նայէի Պէյրութի մեր տանը, որուն պատկերը անգամ կը տրտմեցնէր ինձ այդ մէկ ամսուան յիշողութիւններուն պատճառով: Այժմ վստահ եմ, որ, շրջանցելով այդ բոլոր «մռայլ պատկերները», ես պիտի կարենամ այցելել ծննդավայրս՝ Պէյրութը:

Նոյնիսկ այսօր, 4 տարի ետք, երբ յետադարձ ակնարկով կը մտածեմ այդ ժամանակաշրջանին մասին, հոգեվիճակս ակամայից կը վերապրի այդ մահաբեր պայթումին յառաջացուցած կրակներուն, փոշիներուն, մոխիրներուն, արիւններուն յիշատակները ու տրամադրութիւնս կտրուկ անկում կ’արձանագրէ… արցունք, վրդովմունք եւ տխրութիւն յառաջացնելով:

Քոյրս կը պատմէ, թէ օրին ինչ խանդավառութեամբ պատրաստած էր իր ճամպրուկները: Ես՝ վերջին երկու օրերուն, ստիպուած: Հարազատներուս եւ ընկերներուս անգամ առանց հրաժեշտ տալու, որովհետեւ փոքր տարիքէս ատած եմ հրաժեշտները: Կ’ատեմ աւարտները… բաժանումները: Ահաւոր տխրութիւն կ’առաջացնեն մէջս, ուստի կը փորձեմ խուսափիլ անոնցմէ:

5 Սեպտեմբեր 2020…. օդանաւը լքեց Լիբանանի տարածքը: Սովորաբար հրճուանքի եւ անհամբերութեան 2 ժամեր կ’ըլլային դէպի Երեւան: Այդ օր, հայեացքս երկնքի կապոյտէն ու ամպերէն հեռացնել չկարենալով՝ «ԵՍ Ի՞ՆՉ ԸՐԻ, ԸՐԱԾՍ ՃԻ՞ՇԴ Է… ԹԷ՞ ՍԽԱԼ» հարցումը չարչրկեց արդէն իսկ գերյոգնած միտքս: Զսպուած արցունքներով աչքերս ու շրջապատէս շատ հեռացած ներաշխարհս սթափեցան միայն այդ ատեն, երբ օդանաւին անիւները ցնցումով դպան «Զուարթնոց» օդակայանի գետնին:

***

Բայց հրա՜շք է հայրենի հողը…. հրաշալի զօրութիւն ունի Հայրենիքը:

7 Սեպտեմբեր 2020-ին… ես արդէն սկսած էի տարբեր մարդ դառնալ: Խօսքս 180 աստիճան փոփոխութեան մասին չէ, բայց երկու օր ետք հոգիս աւելի խաղաղած էր, խռոված էութիւնս՝ հանդարտած:

Շատ երկար ժամանակ ինծի պէտք չեղաւ անդրադառնալու, որ ՃԻՇԴԸ ըրած եմ: Այո՛, ճիշդ ձեւով չեղաւ որոշումը՝ ծրագրուած եւ դասաւորուած, ուրախութեան եւ համոզումի զգացումներով յագեցած պահ չէր, շատ արագ էր… բայց միանշանակ ճիշդ էր: Որովհետեւ միշտ ալ հաւատացած եմ, որ հայուն տեղն ու տունը ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ է:

Տարոսը շատ սփիւռքահայերու:

 

Արտատպուած՝ Լիւսի Տէօքմէճեանի ֆէյսպուքեան էջէն

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

Next Post

Նշմար 8 ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ, ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ

Next Post
Նշմար 8  ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ, ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ

Նշմար 8 ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ, ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.